ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ
6. Մեծ մեղքերը գերանի եւ փոքր մեղքերը շիւղի նմանցուցած է մեր Տէրը (Մտ 7.4) կամ մժղուկի եւ ուղտի (Մտ 23.24): Նոյնպէս Պօղոս ծանր մեղքեր կը թուէ (Գղ 5.19), սակայն, մեր գլխաւոր գիտանլիքը յուսահատ չըլլալն է: Աստուած մեղաւորին կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ Իմ ուխտս բերանդ կ՚առնես» կամ թէ՝ «աղօթքդ պղինձի ձայնին պէս է», բայց, մենք ատկէ ալ պէտք չէ յուսահատինք, որովհետեւ ատիկա կը նմանի հօր մը իր զաւակը խրատելուն, հայր մը իր զաւակին «ասկէ ետք որդիս չես, հեռացի՛ր ինձմէ», ըսելու ատեն, եթէ որդին ալ հեռանայ, իր հօր տունէն զրկուեցաւ ըսել է, իսկ եթէ ինք ետ դառնայ ու իր հօր ոտքը իյնայ, անշուշտ, պիտի ներէ, ինչպէս Քրիստոս սորվեցուցած է այդ խօսքէն չյուսահատելու համար. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի» (Մտ 7.7). «Զօրաւորները կը յափշտակեն զայն» (տե՛ս Մտ 11.12), առաւել եւս երեք հաց փոխ առնելուն առակով (Ղկ 11.5-13):
7. Ապաշխարութեան խորհուրդ ըլլալը ասկէ յայտնի է, այնպէս որ, եթէ խոստովանանք պարտք չըլլար, ապաշխարութեան խորհուրդ ըսել հարկ չէր ըլլար, ոմանց նման մենք ալ կ՚ըսէինք «քանի որ թողութիւնը Աստուծմէ է, խոստովանութիւն պէտք չէ», իսկ առանց խոստովանութեան ապաշխարութիւնը, լոկ հոգիանալ ըսել է, այն ալ անկարելին ըլլալուն համար, Աստուած Ամենաբարին՝ խոստովանութիւնը ապաշխարութեան միջոց եւ եկեղեցին ալ խոստովանութեան միջոց դրած է, որովհետեւ մարդ մեղանչելով Աստուծոյ երեսէն ինկաւ, Քրիստոս հաշտութեան միջնորդ որպէս խաչուեցաւ մեղքերու քաւութեան համար եղած զոհին փոխարէն. բայց, Քրիստոսի խաչուիլը ընդհանուր հաւատացեալներուն փրկութեան եւ սկզբնական մեղքերու վերացումին կը վերաբերի, անոր մասնաւորը, իւրաքանչիւր անհատի զատ-զատ մկրտուիլ ըլլալուն պէս, մեղքերու քաւութիւնն ալ զատ-զատ խոստովանելով ապաշխարելն է, ինչպէս որ Աստուած հինը նորի փոխելու կերպով ըսած է «Ձեր ամսագլուխներէն զզուեցայ» (Ես 1.10-18). «Ձեր մեղքերէն ե՛տ քաշուեցէք». «Մեղքերդ ըսէ, որ բժշկուիս» (Ես 43.25). որո՞ւ պիտի ըսէ, Աստուած արդէն գիտէ, այլապէս իր բերանով նոր հովիւի մը առջեւ պէտք խոստովանի, մանաւանդ ասոնք կը նշանակեն սիրտով զղջալ եւ Աստուած՝ Ադամին «ո՞ւր ես», կանչելը խոստովանութեան հրաւէր ըլլալը յայտնի է, որովհետեւ Աստուած գիտէր, անշուշտ, անոր ուր ըլլալը. «Քու անօրէնութիւնդ ճանչցիր… ձեզի իմ սիրտիս համեմատ հովիւներ պիտի տամ… որ տապանակ ուխտին չփնտռէք» (Եր 3.13-16), ո՛չ թէ միայն քարոզելու համար. իսկ մեղքերէն դարձողներուն համար ալ նոր հովիւներ պէտք են եղեր, ուրեմն, եթէ Աստուածային անօրինութիւնը եւ եթէ բնութիւնը այդպէս կը պահանջէ, մարդ մը սուր մը կ՚առնէ ձեռքը զարնելու համար, սկզբնապատճառը սուրն է կամ թէ ջուր բխողը աղբիւրն է, իսկ հոսեցնող տանողը՝ խողովակը:
Ասոր համեմատ զղջումին ալ սիրտէն բխիլը սկզբնապատճառ է. բերանով խոստովանիլը մօտիկ պատճառ է: Պատճառներու պատճառը Աստուած է, իսկ Անոր միայն հոգիով կրնանք մօտենալ, մարմնաւորապէս Անկէ շատ հեռու մնալնուս համար նոր հովիւներ տուաւ իբր մօտիկ պատճառ, որ նախ Յովհաննէս Մկրտիչէն սկսաւ՝ մարգարէներուն լրումը եւ առաքեալներուն սկիզբը:
8. Յովհաննէս Մկրտիչի մօտ կ՚երթային ու կը խոստովանէին (Մտ 3.6) եւ այդ խոստովանողները Յովհաննէսի դէմ չէ, որ մեղանչած էին, այլ՝ Աստուծոյ եւ իրարու դէմ։ Ուստի, աշխարհականը աշխարհականին հետ հաշտուելու պարտք ունի, ո՛չ թէ խոստովանելու (Մտ 5.23), այս հաշտութիւնը արդէն եկեղեցին կը պատուիրէ խոստովանողին: Քրիստոս ալ կը խոստովանեցնէր շատերը. կոյրին աչքը բանալու ատեն «կը հաւատա՞ս» ըսելով, անոր հաւատքը կը գրաւէր, նոյնպէս առաքեալներուն ըսաւ. «Դուք Ինծի համար ո՞վ եմ Ես, կ՚ըսէք». Զաքէոս յայտնապէս խոստովանեցաւ: Անիկա կը մտածէր, որ կարենայ Քրիստոսին տեսնել, սակայն, կարճ էր հասակով, որով ժանտաթզենիին վրայ ելաւ: Քրիստոս անոր միտքին փափաքը գիտէր. բայց մինչեւ որ ծառին վրայ չելաւ՝ չկանչեց: Զաքէոսին տունը երթալէն ետք, ան ինքնիրեն խոստովանեցաւ, թէ՝ «որու որ զրկեցի չորեքպատիկը պիտի հատուցեմ». Քրիստոս անոր չըսաւ, թէ՝ «գնա՛ հատուցէ, որպէսզի փրկութիւն գտնես», հապա անոր սիրտին փափաքին համեմատ՝ «այսօր այս տան համար փրկութիւն եղաւ», ըսաւ անմիջապէս:
Նոյնն է պարագան բոլոր խոստովանողներուն, որոնք նախապէս սիրտով փափաքին ու զղջան եւ եթէ ձեռքերնին հասնի՝ իրենց զրկածին տեղը վճարեն. եթէ բոլորովին անկարելի ըլլայ, դարձեալ չզրկելուն ուխտը եւ խոստովանանքը բաւարար է ներելու համար: Ճիշդ այսպիսին է անառակ որդիին առակն ալ: Միտքէն անցաւ, որ մեղայ կարդայ, բայց եթէ իրապէս ալ հօր գիրկը չիյնար, ի՞նչ օգուտ անոր միտքէն զղջալը. ուստի, երբ զղջաց եւ իրապէս դուրսէն ալ մեղայ գոչեց, այն ատեն անարակութեամբ վատնած ստակը ետ բերել չպահանջուեցաւ, որովհետեւ անկարելի էր. նոյնպէս աւազակը խաչին վրայ խոստովանեցաւ եւ ան ալ փրկուեցաւ: Հետեւաբար, խոստովանելու համար յուսահատութիւն պէտք չէ, որովհետեւ յաճախ դարձեալ չընելուն ուխտը բաւարար է:
Մինչեւ հիմա գրուածներէն յայտնի է, որ խոստովանութիւնը դրախտէն սկսեալ Հօր Աստուծմէ տնօրինուած, Քրիստոսէ վաւերացուած եւ առաքեալներէն ի գործ դրուած է. «Հաւատացեալներէն շատեր կը խոստովանէին իրենց ըրածները ու կը պատմէին» (Գրծ 19.18). «Ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք» (Յկ 5.16): «Իրարու» ըսած խօսքը ո՛չ թէ աշխարհականները իրարու, այլ՝ աշխարհականներէն եկեղեցիին, քանի որ Յակոբոս այդ խօսքը հիւանդին ու երէցին մէջտեղը կը խօսի. «Հիւանդը, եթէ մեղք գործած է, պիտի ներուի անոր. ձեր յանցանքները իրարու խոստովանեցէք ու աղօթեցէք իրարու համար»։ Ասիկա յայտնի ճշմարտութիւն է, որ հիւանդէն եկեղեցականին խոստովանանք, եկեղեցականէն հիւանդին աղօթք. ուստի, ասիկա խոստովանիլ կը նշանակէ, ո՛չ թէ աշխարհականները իրարու եւ ո՛չ ալ եկեղեցականները աշխարհականներու, այլ՝ աշխարհականները եկեղեցականներուն, որովհետեւ խոստովանանքի մէջ «ըրածդ սխալ է» ըսելը յանդիմանութիւն եւ արհամարհանք է, ժողովուրդն ալ եկեղեցականը արհամարհելու իրաւունք չունի (Տիտ 2.15): Յակոբոսին այս խօսքը կեղծ վարդապետութիւն չ՚ընդունիր, քանի որ պարզ է եւ բնութիւնն ալ մեզի կը սորվեցնէ, որ հօր մը եւ զաւակի մը միջեւ «իրարու հնազանդ եղէք», ըսելով տրուած պատուէրը, զաւակէն հօրը հնազանդութիւն ըսել է, ո՛չ թէ հօրմէն զաւակին: Սուրբ Գիրքին մէջ այսպիսի բազմաթիւ խօսքեր կան. «Իրարու հնազանդեցէք» (Եփ 5.21). այս հնազանդութիւնը՝ պզտիկէն մեծին ըսել է, ո՛չ թէ մեծէն պզտիկին, ինչպէս որ վաւերացած ալ է. «Ձեր առաջնորդներուն հնազանդեցէք» (Եբր 13.17): «Իրարու հիւրասիրութիւն ցոյց տուէք, ամէն մէկդ ինչ տեսակ շնորհք որ առիք, իրարու մատակարարեցէք Աստուծոյ շնորհքներուն հազարապետներուն պէս» (Ա. Պտ 4.9). բոլորն ալ Աստուծոյ հազարապետներ չեն, բոլորն ալ հիւր չեն, հապա մէկը հազարապետ պիտի ըլլայ, որ միւսը հպատակի. մէկը հիւրասէր պիտի ըլլայ, որ միւսը հիւր ըլլայ: Յակոբին խօսքին ալ հիւանդին ու երէցին մէջտեղը այսպէս է:
Մանաւանդ, որ Քրիստոսով Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք ընդհանրապէս, իսկ մասնաւոր հաշտութեան պէտք ունինք, որովհետեւ մեղանչող մարդիկ ըլլալով միարկերպ չենք, մեր մէջ հաշտութեան պաշտօն ունեցող մարդիկ միշտ պիտի ունենանք մինչեւ աշխարհի վախճանը. այս պաշտօնն ալ Քրիստոս Եկեղեցիին տուաւ (Մտ 18.18: Յհ 20.23): «Մենք Աստուծոյ խորհուրդներուն հազարապետն ենք» (Ա. Կր 4.1). «Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով Աստուած մեզ Իրեն հետ հաշտեցուց ու հաշտութեան պաշտօնը մեզի տուաւ» (Բ. Կր 5.18): Յովհաննէս ալ աւելի կը պարզէ. «Եթէ ըսենք, թէ մեղք չունինք, մենք մեզ կը խաբենք» (Ա. Կր 1.8). այստեղ մեղք մը ծածկելու խնդիր կայ. «Խոստովանինք», կ՚ըսէ, ուստի մի՛ պահէք ըսել է, որմէ՞ չպահել կը պատուիրէ արդեօք. Աստուած արդէն գիտէ, մեր խիղճերն ալ կը վկայեն, հետեւաբար, հաշտութեան պաշտօն ունեցող խոստովանահօրմէն պէտք չէ պահենք, որ անոր միջոցով Աստուած ներէ ու սրբէ:
Մենք մեղանչական մարդիկ ենք. մեր միտքերուն մէջ զղջալ կ՚ուզենք եւ Զաքէոսին նման զՔրիստոս տեսնել կ՚ուզենք, սակայն, կարճ ենք հասակով, այսինքն՝ մեղաւոր ենք, չենք կրնար տեսնել, ուրեմն ծառ չենք կրնար ելլել, այսինքն՝ Քրիստոսի Եկեղեցիին դիմենք. ծառը ժանտաթզենի մըն է, որ մեզ կը պատռէ, այսինքն՝ ապաշխարութիւն կը դնէ. անոր յանձնառու եթէ ըլլանք, ապա Քրիստոս մեր տունը ընդունելու արժանի կ՚ըլլանք, այլապէս, եթէ միայն մեր միտքերուն մէջ Աստուծոյ խոստովանինք, ապա օգուտ չենք քաղեր: Եթէ խորհինք, թէ Աստուած այնպէս տնօրինած է, թէ նախ մեր միտքերուն մէջ զջանք եւ կամ իբր սովորութիւն եւ կամ լոկ եկեղեցւոյ իշխանութեան վստահելով խոստովանինք, այն ատեն Աստուծոյ ապաւինած չենք ըլլար, հապա լոկ մարդոց. բայց միտքով Աստուծոյ պէտք է խոստավանինք, իսկ դուրսէն՝ եկեղեցիին:
Քրիստոս «Ինծի եկէք, ո՛վ յոգնածներ», կ՚ըսէ, բայց տնօրինութիւն մը եւ Աստուածային կանոն մը ունի Իրեն երթալու համար. Կորխը այդ բանին չհնազանդեցաւ. «Ի՞նչ պէտք են Մովսէսն ու Ահարոնը, մենք մեզի Աստուծոյ կ՚երթանք», ըսին ու պատժուեցան (Թւ 16.1-3). հետեւաբար, եթէ եկեղեցիին չխոստովանինք, ապա Կորխին պէս կը պաժուինք. եթէ սխալ խոստովանինք՝ Անանիային ու Սափիրային պէս կը պատժուինք (Գրծ 5.1-10):
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 25
Վաղարշապատ