ՀԱԼԷՊԸ, ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՎԵՐՄԱԿ ՈՒ ԴՊՐՈՑ
Ամէն ձմրան՝ մեր մայրերուն կողմէ շատ մը սովորութիւններու կողքին, կար նաեւ վերմակները հանելու ու զանոնք տեղադրելու մեր անկողիններուն վրայ։
Բրդեայ ներդիրով վերմակները ուրիշ համհոտ ու բարւոքութիւն կու տային մեր մանկական ձմեռներուն։ Վերմակները կարծես տեսակ մը ինքնին կը հիւսէին մեր երազներու-ընկալիքներու կերպերը, ուր փափկութիւնն ու տաքութիւնը գերակայ էին, եւ ուր ապագան ներկայացուած էր «վերմակային շերտերով», իսկ ապրումները քնքշացած ու օթեւանացած:
Հալէպի ձմեռները պաղ էին ու միշտ միտքս են այդ պաղ օրերը, երբ մարդկութիւնը կը գրուէր աւելի անչափելի ձեւով՝ նոյն այդ պաղերուն հետ: Երբ մանուկ ես, կարծես կեանքիդ մէջ եղանակները աւելի մեծ տեղ կը գրաւեն․ նախ խաղերուդ, ապա դեռ չկայացած ենթագիտակցութեանդ մէջ, ակամայ դրոշմելով ապագան, որ նոյն մանկութիւնդ պիտի փորձէ վերարտադրել ու անով կենսագործել քեզ, քանի կեանքը ամենաշատը մանկութեամբ է առաւելապէս խաղալի, շաղելի ու ներծծուող:
Մանուկ էինք ու վերմակացումը մեծ ու գերանմեղ վայելք մըն էր։ Մայրս այն օրը, երբ պատրաստեր վերմակները, նոյն գիշերը կ՚աւետէինք ձմրան սկիզբը, եւ անսահման բերկրանք կ՚ապրէինք քոյրերուս հետ: Նոր ձմրան հետ (բայց մարդկութեան գոյախնդման չափ հին) տեղադրուած վերմակին հպումը կարծես մեզ մանկական կոչում կը պարգեւէր։ Ես դեռ կը գուրգուրամ որեւէ վերմակային ու ոչ-վերմակային ծածկոցներուն վրայ այդ անժամանակ պահերով, ուր հոգեվառութիւնը արարք չէ միայն՝ այլ աշխարհալուծում:
Կը յիշեմ, դպրոցս այնքան ալ տաք չէր։ Առաւօտուն ժամը 6.30-7.00-ի միջեւ պէտք է արթննայինք, որովհետեւ փոխադրամիջոցը կու գար ու մեզ կ՚առնէր շուրջ 7:30-ին: Դասարանային առտուայ մեկնարկը լրիւ ներհակ էր ձմեռնային վերմակի տաքութեան։ Երբ դասարան մտնէինք պաղ էր եւ ինծի կը թուէր, որ մենք բոլորս կարծես իրարու երեսները նայելով կը տխրէինք, որ դուրս ելած ենք մեր վերմակներէն եւ դպրոց եկած ենք այս պաղ ձմրան:
Առեղծուածի պէս մտքիս անկիւնը դեռ փակուած է այն անհամադրութիւնը, որ կ՚ըսէր.
-Մեզ ծածկող վերմակը ո՜ւր, փոխադրամիջոցին, յետոյ դասարանին պաղ աթոռները ո՛ւր:
Ինծի համար վերմակէն բաժնուիլը մեծ տանջանք էր ու երբ մայրս կու գար զիս արթնցնելու, կարծես թէ՛ կիսապայծառ եւ թէ կիսաչարացած, բայց անկեղծ ըմբոշխնացնող ու հայցական, ժպիտ մը կը գծէի դէմքիս՝ հասկցնելով, որ երանութիւններու մէջ եմ եւ ինչքան ալ «հրաշալի է դպրոցական օրը, դժուար թէ յաղթէ վերմակին տակ գտնուելուս երանելի առաքելութեան»:
Միշտ կը դիմադրէի, որ արթննամ ու երբեմն ճնշման ենթարկելով մայրս, որ տեղի կու տար ու մէկ-մէկ կը բացակայէի դպրոցէն։ Հակառակ որ ժամը 11-էն վերջ արթննալը՝ նոյն դրախտային համարուած վերմակի տակէն, մեծ խղճի խայթ կ՚առթէր եւ կարծես դեռ չգիտցուած Նիւ Տելհիի օրուայ ամենակալ աշխուժութիւնը կու գար ու կը պարտադրէր հատուցումներու մարում մը մանուկ մարմնիս:
Այն ալ ըսեմ, որ ամենաարդար, կատարեալ զգացուած ու վերավերմակուած ամպերու չափ սիրելի վերադարձը քունին՝ այն օրն էր, երբ մայրս արթնցնելէն վերջ, հրաշքով մոռցուած լուր մը կը հասնէր աւետելով․
-Այսօր դպրոց չկայ:
Իսկ երբ պարզ օրերուն շատ դիմադրութիւն ցոյց տայի, մայրս յուսահատ կը դիմէր հօրս, որ «ծանր ընտրանքն էր», քանի ես աւելի պիտի վախնայի ու դիմադրութիւնս պիտի պակսէր:
Հայրս երբ գար, կ՚արթննայի, բայց այս անգամ մեծ նախանձ ապրելով նոյն հօրս վերմակին, անկողնին ու կացութեան հանդէպ։ Ինչքա՜ն կ՚ուզէի ես իր դիրքին մէջ ըլլալ ու նոյնիսկ ժամանակային վերամբարձութեամբ մը կը մտածէի․
-Ինչ լաւ կ՚ըլլար, եթէ ինք ճար մը գտնէր ու իմ տեղս երթար դպրոց, առանց որեւէ բան զգացնելու։ Ու իմ ժամը 11-ին խղճի խայթերուս հետ անմիջապէս բացս գոցէր կա՛մ դիրքերը փոխանակուէր նորէն:
Այդ ընտրանքներու հիւսման զուգահեռ, կարծեմ մինչեւ հիմա կլանուած եմ այն մտքով, որ կ՚ըսէ.
-Հարց չէ, կը զոհաբերեմ մանկութիւնս այս վայրկեանիս, նոյնիսկ աշխարհի ամենաբարդ քաղաքականութիւններն ու խնդիրները կը ստանձնեմ, միայն թէ վերմակով անկողնին մէջ մնամ ու առտու շուտ չբաժնուիմ անկէ:
Կը յիշեմ մի քանի դէպքեր, որոնց ընթացքին նոյնիսկ փոխադրամիջոցը ինծի սպասած է, մինչեւ որ հրաժեշտ տամ ձմեռնային անկողնին՝ իր եթերային վերմակով:
Դպրոցի ամենահաճելի ժամանակներն էին՝ մարզանքի ու ժամը 12-էն վերջ պահերն ու զբօսանքները, ուր յաճախ արեւոտ բակին մէջ անկողինն ու վերմակը անհասկնալի հպումներու կը վերածուէին ու կը զարմացնէին, որ նոյն վերմակները (մանաւանդ շաբաթ գիշերները) ինչպէս այդքան գերխինդ ու հրճուանք կրնային տալ:
Հալէպը պաղ էր ձմրան, փոխադրամիջոցիս ու դպրոցիս պէս, իսկ արեւը ինչքան ալ հրճուելի էր կէսօրին։ Վերմակը՝ որ կու գար ամպերէն ու մեր մայրերուն անցած տեղային ու տիեզերական քարտէսէն՝ մասունքօրէն կը գերէր: Հոնկէ կարծես կու գար հիւսուածք մը սիրոյ ու կայացած յոյսի, արեւականութեան ու արդէն շողածին եւ աւետուած լինելութեան։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան