«ԿԱՊՈՅՏ ՇՐՋԱԴԱՐՁ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ պատահեցաւ «կապոյտ» շրջադարձ մը: Մասնակի ընտրութեան արդիւնքի լոյսին տակ ի՞նչ պիտի ըլլայ Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան ապագան: Այս հարցումը կը նշանակէ նաեւ, որ ի՞նչ պիտի ըլլայ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ճակատագիրը: «Կապոյտ» շրջադարձով, այսինքն Դեմոկրատ կուսակցութեան շռնդալից յաղթանակով ի՞նչ հունի մէջ պիտի մտնէ ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը։ 

Ճիշդ է, որ ԱՄՆ-ի միլիոնաւոր քաղաքացիները ապահովեցին «կապոյտ»ներուն այս մեծ յաղթանակը, բայց եւ այնպէս, սա տեղի չունեցաւ միայն ներքին տնտեսական եւ իրաւական խնդիրներու լուծման մտադրութեամբ։ Ճիշդ է նաեւ, որ ԱՄՆ-ի քաղաքացին պոռթկաց, սակայն, այդ պոռթկումին մէջ, վստահաբար, իրենց բաժինը ունէին Թրամփի վարչակարգին ծանր սխալները. սխալներ՝ Կազզէի պարագային, սխալներ՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի պարագային եւ սխալներ՝ մանաւանդ Իրանի հետ վաղեմի հակամարտութեան պարագային։ 

Եւ ճիշդ այդ սխալներուն ու բացթողումներուն պատճառով այսօր շատեր մեծ յոյսերով պիտի հետեւին ԱՄՆ-ի մէջ սպասուած զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ անոնցմէ ետք ներքին եւ միջազգային մակարդակներու վրայ նախատեսուած հակազդեցութիւններուն ու զարգացումներուն։ 

Այս ընտրութիւններուն արդիւնքը պարզապէս կուսակցական յաղթանակի մը սահմաններուն մէջ չ՚ամփոփուիր։ Դեմոկրատներու կողմէ Քոնկրէսի վերահսկողութիւնը ստանձնելու պարագան նոր իրավիճակ մը կը ստեղծէ Սպիտակ տան համար՝ մանաւանդ արտաքին քաղաքականութեան այն ճակատներուն վրայ, ուր նախագահ Թրամփ վերջին ամիսներուն առաւելապէս զինուորական ուժի եւ ճնշումներու լեզուն նախընտրած էր։ 

Հայաստանի եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի համար ալ այս զարգացումները անանտեսելի են։ Սակայն, հարցը միայն այն չէ, թէ ո՞վ յաղթեց ԱՄՆ-ի ընտրութեան արդիւնքով, այլեւ՝ թէ այդ յաղթանակը ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Ուաշինկթընի քաղաքական առաջնահերթութիւններուն եւ միջազգային յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ 

Դեմոկրատներու յաղթանակը համաոզիչ է: Դեմոկրատ կուսակցութիւնը յաղթանակ արձանագրեց մասնակի ընտրութիւններուն՝ ստանձնելով ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան վերահսկողութիւնը։ Թէեւ քուէներու հաշուարկը տակաւին պաշտօնապէս չէ աւարտած, բայց եւ այնպէս, արդէն իսկ յայտնի է, որ դեմոկրատները Ներկայացուցիչներու տան 435 աթոռներէն առնուազն 228-ը պիտի գրաւեն, մինչ հանրապետականներուն բաժին կ՚իյնայ առնուազն 139 աթոռներ։ Ծերակոյտի 100 աթոռներէն ալ դեմոկրատները կը ստանան 54-ը, իսկ հանրապետականները՝ 44-ը։ 

Դեմոկրատները յաղթանակ արձանագրած են նաեւ շարք մը նահանգներու ընտրութիւններուն մէջ՝ ներառեալ Օհայոն, Այովան եւ Գալիֆորնիան։ Թեքսասի մէջ ալ դեմոկրատ թեկնածու մը յաղթած է՝ 30 տարի վերջ առաջին անգամ։ 

Այս ընտրութեան արդիւնքները նաեւ պատմական նշանակութեան շարք մը իրադարձութիւններու դուռ բացած են։ Դեմոկրատ Քիշա Լենս Պոթըմս պիտի դառնայ Ճորճիա նահանգի առաջին սեւամորթ կին նահանգապետը։ Նիւ Հեմփշըրէն Քրիս Փափաս պիտի դառնայ Ծերակոյտի առաջին բացայայտ համասեռական տղամարդ անդամը։ Տեպ Հալանտ Նիւ Մեքսիքոյի առաջին բնիկ ամերիկացի կին նահանգապետը պիտի ըլլայ, իսկ Զաւիէ Պեսերա՝ Գալիֆորնիոյ առաջին լատինամերիկացի նահանգապետը։ Միչիկընէն Ապտուլ էլ-Սայէտն ալ պիտի դառնայ Ծերակոյտի առաջին մահմետական անդամը։ Ան, ի դէպ, քննադատած է Ատրպէյճանին ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւն տրամադրելու քաղաքականութիւնը եւ խոստացած՝ պաշտպանել հայ ժողովուրդը եւ այլ ժողովուրդներու իրաւունքները։ Ան նշած է, որ իր ուսուցիչները եղած են հայեր:

Այս յաղթանակները դեմոկրատներու համակիրներուն մօտ մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցած են։ Թեքսասի բնակիչներէն Ռոպ Թրեւինօ ըսած է, որ այս յաղթանակը ապացոյցն է, թէ կարելի է աւելի լաւ երկիր մը կառուցել եւ քաղաքացիներուն անհրաժեշտ պայմանները ապահովել։ Նոյն նահանգի մէկ այլ բնակիչ՝ Քէյթի Կրէյհըմ նշած է, որ ընտրութեան արդիւնքները կ՚արտացոլացնեն իր տեսած իրականութիւնը՝ աւելցնելով, որ Թեքսաս վերջապէս կը ներկայացուի այնպէս, ինչպէս իրականութեան մէջ է։

Նախագահ Թրամփ արդէն կ՚ընդունի ընտրութեան արդիւնքները՝ շնորհաւորելով դեմոկրատները: Ան խոստովանած է, որ անոնք «լաւ աշխատած են»։ «Fox News»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնած է, որ պատրաստ է գործակցելու դեմոկրատներուն հետ, միաժամանակ յիշեցնելով նախագահական վեթոյի իրաւունքին մասին։ «Ես վեթոյի իրաւունք ունիմ՝ նախագահի ամենէն զօրաւոր լիազօրութիւններէն մէկը։ Անոնք անհեթեթ օրէնքներ պիտի ներկայացնեն, իսկ ես վեթօ պիտի կիրառեմ։ Քանի մը ամիս վեթօ դնելէ ետք անոնք պիտի հեռաձայնեն եւ հարցնեն, թէ ինչպէ՞ս կրնանք հարցը լուծել։ Եւ մենք միասին պիտի աշխատինք», ըսած է ան։ 

Թրամփ նաեւ ընդունած է, որ Իրանի դէմ պատերազմը վճռորոշ ազդեցութիւն գործած է ընտրութեան արդիւնքին վրայ։ Ըստ իրեն՝ վառելանիւթի բարձր սակագիները  պայմանաւորած են ընտրողներուն որոշումները։

Յամենայնդէպս, Թրամփի այս յայտարարութիւնները տակաւին չեն պատասխաներ հետեւեալ հիմնական հարցումին. արդեօք ան պատրա՞ստ է փոխելու իր արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնը կամ պիտի փորձէ պահպանել նախկին կեցուածքը՝ հակառակ Քոնկրէսի ուժերու նոր դասաւորման։

Իրանի հարցը կը մնայ հարցերուն հարցը: Քոնկրէսէ ներս դեմոկրատներու վերահսկողութիւնը կրնայ էականօրէն փոխել Ուաշինկթընի քաղաքական եւ օրէնսդրական միջավայրը։ Թէեւ Թրամփ կը շարունակէ մնալ երկրի նախագահն ու զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարը՝ լայն լիազօրութիւններով, սակայն, Քոնկրէսի վերահսկողութիւնը կարեւոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ պետական ծախսերու, ռազմական գանձատրումներու, կարեւոր նշանակումներու եւ վարչակազմի գործունէութեան վերահսկողութեան վրայ։ Մասնաւորաբար Իրանի հարցին մէջ դեմոկրատները կրնան արգիլել պատերազմի տեւականացման կամ սաստկացման համար պահանջուած յաւելեալ գանձատրումը, ինչպէս նաեւ հետաքննութիւններ կատարել վարչակազմի որոշումներուն վերաբերեալ։ 

Թեհրանն ալ անմիջապէս արձագանգած է ԱՄՆ-ի մասնակի ընտրութեան արդիւնքը։ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մուհամմէտ Պաղեր Ղալիպաֆ, որ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններուն մէջ գլխաւոր դէմքերէն մէկը կը նկատուի, յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի քաղաքացիները ո՛չ ըսած են պատերազմին իրենց քուէով։ Այս յայտարարութիւնը, անշուշտ, ունի նաեւ իր քաղաքական նշանակութիւնը։ Իրան կը փորձէ ԱՄՆ-ի ընտրութեան արդիւնքները ներկայացնել՝ իբրեւ իր դիրքորոշումին եւ պատերազմին դէմ իր կեցուածքին հանրային հաստատումը։

Թէ ի՞նչ կը նշանակէ այս բոլորը արտաքին քաղաքականութեան համար: Այս պահուն հիմնական հարցումը այն է, թէ դեմոկրատներու յաղթանակը որքանո՞վ պիտի կարենայ փոխել Թրամփի արտաքին քաղաքականութիւնը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը միայն նախագահի անձնական որոշումներով չ՚որդեգրուիր։ Անիկա կը ձեւաւորուի նաեւ Քոնկրէսի, պետական հաստատութիւններու, ռազմական շրջանակներու, տնտեսական շահերու եւ միջազգային դաշնակիցներու ազդեցութեամբ։ 

Իրանի պարագային դեմոկրատներու դիրքորոշումը կրնայ սահմանափակել ռազմական գործողութիւններու գանձատրումը եւ մեծցնել բանակցութիւններու ճնշումը։ Սակայն, սա անպայման չի նշանակեր, որ ԱՄՆ-Իրան հակամարտութիւնը պիտի լուծուի կամ Ուաշինկթըն ամբողջութեամբ պիտի հրաժարի Թեհրանի դէմ իր ճնշման քաղաքականութենէն։

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի պարագային ալ հարցը կը մնայ բաց։ Դեմոկրատներու վերադարձը Քոնկրէսի վերահսկողութեան կրնայ ազդեցութիւն ունենալ Ուքրայնայի ի նպաստ օժանդակութեան ծաւալին, անոր պայմաններուն եւ պատերազմի քաղաքական գնահատականին վրայ։ Սակայն, այս ուղղութեամբ վերջնական եզրակացութիւններու յանգելու համար տակաւին կանուխ է։ 

Միջին Արեւելքի մէջ ալ Կազզէի պատերազմը, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները եւ Իրանի դէմ քաղաքականութիւնը պիտի շարունակեն մնալ Ուաշինկթընի արտաքին օրակարգին կարեւորագոյն հարցերէն։ 

Անշուշտ, այս բոլորին մէջ կայ նաեւ Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի հարցը։ Արդեօք Քոնկրէսի ուժերու նոր դասաւորումը պիտի ստեղծէ՞ աւելի լայն կարելիութիւններ՝ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ հայկական հարցերու, Հայաստանի անվտանգութեան եւ տարածաշրջանային ուժերու հաւասարակշռութեան տեսակէտէն։ Այս հարցումին պատասխանը կախում պիտի ունենայ ո՛չ միայն դեմոկրատներու յայտարարութիւններէն, այլեւ անոնց գործնական քայլերէն։ 

ԱՄՆ-ի մասնակի ընտրութիւնները, հետեւաբար, պէտք չէ դիտարկել՝ իբրեւ պարզ իշխանական մրցակցութեան մը արդիւնք։ Անոնք նաեւ ամերիկացի ընտրողին կողմէ արտաքին քաղաքականութեան որոշ ուղղութիւններու պարագային արտայայտուած դժգոհութիւնը կը ցոլացնեն։ 

Թրամփ կրնայ շարունակել օգտուիլ նախագահական իր լիազօրութիւններէն, կրնայ վեթոյի դիմել եւ փորձել ապահովել իր քաղաքական օրակարգը։ Սակայն, Քոնկրէսի մէջ ուժերու նոր դասաւորումը անոր առջեւ պիտի դնէ նոր սահմանափակումներ եւ քաղաքական հակադրութիւններ։

Եւ, ի վերջոյ, կարեւորը միայն այն չէ, թէ Թրամփ ի՛նչպիսի քաղաքական ճակատագիր մը պիտի ունենայ։ Աւելի կարեւոր է հասկնալ, թէ ամերիկեան քաղաքական այս շրջադարձը ի՞նչ պիտի նշանակէ աշխարհին համար, ի՞նչ պիտի փոխէ Միջին Արեւելքի մէջ եւ մանաւանդ՝ ի՞նչ նոր կարելիութիւններ կամ մարտահրաւէրներ պիտի ստեղծէ Հայաստանի եւ հայութեան համար։ Արդարեւ, երբ Ուաշինկթընի մէջ քաղաքական քամիներու ուղղութիւնը կը փոխուի, ապա անոնց հետեւանքները շատ անգամ կը հասնին նաեւ այն երկիրներուն, որոնք ամերիկեան ընտրութիւններուն մէջ քուէարկելու իրաւունք չունին, բայց, որոնց ապագան կրնայ ուղղակիօրէն պայմանաւորուիլ այդ ընտրութիւններուն յաջորդող որոշումներով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2026