ՊԵՏԵՒԻ ՄԸ ՍԵՆԻ ԱՓԵՐՈՒՆ
Ամփոփելով, Փարիզը, կոչ մըն է աշխարհի բոլոր աղքատներուն եւ թշուառներուն, որպէսզի մնան հոն՝ ուր որ կան…: Ան այնքան հզօր, գեղեցիկ եւ անձեռնմխելի կը թուի, որ իր մայթերու իւրաքանչիւր սալիկը, ցուցափեղկերու իւրաքանչիւր օծանելիքի շիշը, անտառներու իւրաքանչիւր աղաւնիի թռիչքն ու արձաններու բռնած իւրաքանչիւր սուրը նախ զարմանք, ապա նախանձ, յետոյ ալ զայրոյթ եւ հեռանալու ցանկութիւն կը ներշնչեն քեզի։ Այնտեղ ամէն ինչ՝ քաղաքականութիւնը, կրօնը, արուեստը եւ տնտեսութիւնը, միաժամանակ ազատ ու ճկուն կը թուին՝ կարծես պալէի պարող մը եւ նոյնքան ամուր ու կուռ՝ ինչպէս շղթաներու օղակները գերիներու ոտքերուն շուրջ։
Երբեմն, գեղեցկութեան այդ անտարբեր շքերթներուն դիմաց խեղդիչ պաշարման զգացում մը կ՚ունենաս։ Օտարը կը զգայ, թէ բան մը զինք կը դրդէ եւ կը գրգռէ, որպէսզի անցորդներուն մօտենայ, անոնց ճամբան կտրէ, ինչպէս Տոսթոեւսկիի յայտնի վէպին «մարդ-խաւարասէրը», որպէսզի իր առանձնութիւնը փարատէ եւ ուշադրութիւն գրաւէ…։ Յաճախ ինքզինքս կը պատկերացնէի «Լիտօ»ի հերթերուն կամ «Շան զ՚Էլիզէ»ի շքերթներուն առջեւ կանգնած եւ աղաղակող.
-Սակայն, ես մերժումի ճակատէն եմ, աջակցութեան երկիրներէն եմ, մեր դատը արդար է, իսկ Իսրայէլը՝ գաղութատիրութեան գործիքն է։
Բայց ի՞նչ մերժում, ի՞նչ աջակցութիւն եւ ի՞նչ դիմակայութիւն կրնայ օգտակար ըլլալ կամ ուշադրութիւն գրաւել, երբ ամբողջ կեցութեանդ ընթացքին անոր փողոցներուն մէջ կը սահիս, ինչպէս խաւարասէրը լոգասենեակի աւազանին մէջ։
Բայց երկու-երեք օր ետք բոլորովին այլ զգացում մը կու գայ։ Քարայրաբնակի զգացումը, երբ ան արշալոյսին դուրս կու գայ անտառ եւ կը բացայայտէ, որ ամէն ինչ կանաչ է ու լուսաւոր եւ որ իր շուրջ գտնուող ամէն բան հանգստութիւն ու ապահովութիւն կը ներշնչէ ու զինք կը հրաւիրէ մասնակցելու ամէն բանի, բանալու բոլոր դռները՝ նոյնիսկ Էլիզէի պալատին դռները։
Էյֆէլի աշտարակը կը կանչէ ու կ՚ըսէ.
-Հրամեցէ՛ք, յիշատակի համար նկար մը առէք։
Նոթր Տամը կը կանչէ ու կ՚ըսէ.
-Հրամեցէ՛ք, աղօթք մը կամ պատարագ մը կատարեցէք։
Ազգային ժողովը կը կանչէ ու կ՚ըսէ.
-Հրամեցէ՛ք, ժողովրդավարութեան դաս մը սորվեցէք։
Լատինական թաղամասը կը կանչէ ու կ՚ըսէ.
-Հրամեցէ՛ք, քննարկում մը կատարեցէք կամ դանակի հարուած մը ստացէք։
Պասթիյը կը կանչէ ու կ՚ըսէ.
-Հրամեցէ՛ք, քանի մը «փալախա» ճաշակեցէք եւ սորվեցէք, թէ յեղափոխութիւնները ինչպէ՞ս կը ծնին։
Այո՛, Պասթիյը, որ դարեր շարունակ անարդարութեան եւ բռնատիրութեան խորհրդանիշն էր, այսօր պարզապէս յուշարձան մըն է եւ հրապարակ մը, որուն շուրջ կը զբօսնուն աշխարհի բոլոր կողմերէն եկած ուսանողներ, սիրահարներ, աշխատաւորներ, գրողներ, բանաստեղծներ, յեղափոխականներ եւ անիշխանականներ։ Անոնք կը քալեն բռնութեան եւ ահաբեկումի աւերակներուն վրայ, ինչպէս թռչնակը կը կոխկռտէ այն հաւկիթին կեղեւը, ուրկէ ինք ծնած է։
Ի դէպ, այս բանտը, որուն գրաւումը օր մը պատճառ դարձաւ Եւրոպայի եւ աշխարհի պատմութեան ընթացքը փոխելու, երբ յեղափոխականները ներխուժեցին այնտեղ՝ ընդամէնը երեք բանտարկեալ գտան։ Մինչդեռ երրորդ աշխարհի որեւէ երկրի ամենափոքր պաշտօնատարը իր տան սառնարանին կամ հագուստի պահարանին մէջ առնուազն տասը «բանտարկեալ» ունի։
Բայց միւս կողմէ, անկարելի է չաղաղակել.
-Ի՞նչ էր այս Նափոլէոնը։ Ան ո՛չ պատկեր մը ձգեց, ո՛չ արձան մը, ո՛չ սափոր մը, ո՛չ մոխրաման մը, ո՛չ ալ օծանելիքի տուփ մը Եւրոպայի եւ իր գրաւած երկիրներուն մէջ, որ չհաւաքեց ու չուղարկեց իր երկիր։ Այնպէս որ, երբ մարդ կը շրջի Լուվրի թանգարանի եգիպտական բաժնի լայն միջանցքներով եւ սրահներով՝ որոնք լեցուն են արձաններով, փորագրութիւններով, վզնոցներով, ապարանջաններով, մարգարիտներով, օղերով, ափսէներով, դգալներով եւ փարաւոնական այլ իրերով, իրեն կը թուի, թէ Նափոլէոնը Եգիպտոսի ամբողջ պատմութիւնը կողոպտած է եւ անոր միայն Սետաթը ձգած։
Աւելի՛ն, իւրաքանչիւր արեւելքցի դառնութիւն եւ զայրոյթ կը զգայ, երբ կը տեսնէ, թէ ինչպէս անցեալի նուաճողները մեր ամբողջ պատմութիւնը կողոպտեցին եւ կուտակեցին իրենց երկիրներուն մէջ, մինչ մենք այսօր նոյն ձեւով կը վատնենք ու կը կուտակենք մեր ներկան եւ ապագան ալ իրենց երկիրներուն մէջ։
Եւ յանկարծ, երեկոյ մը, երբ ծանր քայլերով կը քալէի «Մարդու թանգարան»ի միջանցքներէն, վախի զգացում մը պատեց զիս։ Հոն, նկարներով, թուականներով եւ ցուցադրուած նմոյշներով, կարելի էր տեսնել մարդ արարածի զարգացումը եւ այն փոփոխութիւնները, որոնք պատմութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր տեղի ունեցած են անոր գանկին, ատամներուն, վերջոյթներուն եւ ճիրաններուն վրայ։
Ցուցադրուած իւրաքանչիւր նմոյշ՝ իր բացուած ատամներով կամ ճաղատ գանկով, ապակեպատ ցուցափեղկի մը ետեւ կանգնած էր այցելուներուն, դպրոցականներուն եւ համալսարանականներուն դիմաց։
Տակաւին նոր հասած էի եւ նկատեցի, թէ թանգարանի որոշ աշխատակիցներ նոր ցուցափեղկ մը կը պատրաստէին՝ նոր բաժանմունքի մը համար։ Այն ատեն, ելքի դուռը փնտռելով հետզհետէ նահանջելուս ընթացքին, ինքզինքիս ըսի.
-Ի՞նչն է, որ կրնայ արգիլել, որ գիտնական մը կամ համալսարանի դասախօս մը գայ, օձիքէս բռնէ, դնէ զիս այս ցուցափեղկին մէջ, ապա ձեռնոցներով ու մետաղեայ աքցաններով զիս շրջէ այցելուներուն, դպրոցականներուն ու համալսարանականներուն առջեւ եւ ըսէ.
-Այս էակը, որ հիմա կը տեսնէք եւ որ մարդ արարածի կը նմանի, երկար սերունդներ շարունակ կը կարծուէր, թէ կաթնասուններու եւ ողնաշարաւորներու դասակարգին կը պատկանէր։ Սակայն, մենք՝ գիտնականներս, շարունակական դիտարկումներէ եւ գիտական ուսումնասիրութիւններէ ետք, եզրակացուցինք, որ ան սողուններու ցեղին կը պատկանի, որովհետեւ արաբ մարդը երկար ժամանակէ ի վեր իր ապրուստն ու ազատութիւնը ձեռք ձգելու համար ծունկերուն եւ ձեռքերուն վրայ սողալու վարժուած է։
Անմիջապէս պատռեցի այն ցանկը՝ ուր գրած էի այն վայրերուն անունները, զորս տակաւին չէի այցելած եւ ըսի.
-Ի՜նչ Լուվր, ի՜նչ Սորպոն… շիտակ դէպի պանդոկ, ապա օդակայան, ապա՝ ճառեր։
Սակայն, օդակայան երթալու ընթացքին, առաջին երթեւեկութեան ոստիկանն իսկ տեսնելուս պէս, ինքնաշարժը կեցուցի եւ վարորդին խնդրեցի քիչ մը սպասել։ Արդէն լսած էի, որ այդ երկրին մէջ, երբ անցորդ մը ոստիկանին հարցում մը կու տայ, ան նախ զինուորական ողջոյն կու տայ, ապա կը պատասխանէ հարցումին։
Մօտեցայ անոր եւ հարցուցի.
-Օդակայանին ճամբան ո՞րն է։
Ան ձեռքը բարձրացուց, ողջոյն տուաւ եւ մեծ սիրալիրութեամբ պատասխանեց։
Քիչ մը հեռացայ, ապա վերադարձայ եւ կրկին հարցուցի.
-Ժամը քանի՞ է։
Նոյն ձեւով ողջոյն տուաւ եւ պատասխանեց։
Ապա սկսայ հրաժեշտ տալ, քիչ մը հեռանալ, դարձեալ վերադառնալ եւ հարցնել.
-Քանի՞ զաւակ ունիք։
-Ինչքա՞ն է ձեր աշխատավարձը։
Իսկ ան ամէն անգամ նոյն յարգանքով ու նոյն բարեկամական վերաբերմունքով կը պատասխանէր։
Վերջապէս զգացի, որ բաւական է։ Արագ վերադարձայ վարորդին մօտ։ Ան, զարմացած, ըսաւ.
-Ի՞նչ գործ ունէիք այդ ոստիկանին հետ։ Բաւական յոգնեցուցիք զինք։
Պատասխանեցի.
-Պատմութիւնը շատ պարզ է։ Այստեղ, ինչպէս տեսար, երբ ոստիկանին հարցում մը կու տաս, ան նախ ձեռքը կը բարձրացնէ, քեզի ողջոյն կու տայ, ապա կը պատասխանէ։ Իսկ մեզի՝ Արեւելքի մէջ, ոստիկանին ձեռքը սովորաբար միայն հարուածելու համար կը բարձրանայ։ Այդ պատճառով պատմական քաղց մը ունիմ յարգանքի եւ մարդկային վերաբերմունքի հանդէպ։ Ուստի, այս երկրէն ինծի հետ քիչ մը «պաշար» առի այդ բաներէն՝ ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ