«ԹՈՂ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԻՆ…»
Երէկ երեկոյեան, Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ։ Թէեւ ընթացիկ ժողովի պարբերականութիւն մը չունի ERVAB-ը, սակայն, նիստի ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ սա արտահերթ ժողով մըն էր։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան եւ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու եւս ներկայ գտնուեցան այս փոթորկալից նիստին, որու ընթացքին իսկապէս լարուածութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։ ERVAB-ի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ բերաւ զանազան պնդումներ, որոնք արդէն մերկացուցին համայնքէն ներս առկայ գայթակղութեան համազօր երեւոյթները։
Ժողովը, ըստ էութեան, նախատեսուած էր Սամաթիոյ ընտանիքի դիմագրաւած դժուարութիւնները արժեւորելու համար։ Արդարեւ, 2026-2027 շրջանի սիրոյ սեղանները յառաջիկայ ամիս պիտի սկսին Սամաթիոյ մատաղօրհնութեամբ։ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս շրջանին մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ՝ Սահակեան-Նունեան վարժարանի տարեկան պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու տեսակէտէ։ Արդարեւ, անցեալ տարուընէ մնացած է պիւտճէի լուրջ բաց մը եւ այս տարի կանխատեսուած պիւտճէով միասին Սամաթիոյ ընտանիքի կարիքները կը հասնին 60 միլիոն թրքական լիրայի մակարդակին, ինչ որ ահազանգային վիճակ մը ստեղծած է։ Սամաթիոյ առընթեր, Գումգաբուի ընտանիքի վերջին շրջանին դիմագրաւած խնդիրներն ալ համայնքէն ներս ահազանգային կացութիւն ստեղծած են։ Ուստի, այս բոլորի լոյսին տակ, որոշուած է ERVAB-ի ժողով մը գումարել՝ այն ակնկալութեամբ, որ կարելի կրնայ ըլլալ լուծման ենթագետին մը ունենալ։ Յամենայնդէպս, ինչպէս միշտ, ERVAB-ի ժողովը հերթական յուսախաբութեան պատճառ դարձաւ՝ քանի համայնքային վարիչներու միջեւ որեւէ հասարակաց մօտեցում կամ միասնական կամք գոյութիւն չունի՝ նոյնիսկ ահազանգային հարցերու վերաբերեալ։
Երէկուան ժողովին ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու հետեւողականօրէն օրակարգի վրայ պահեց այն պնդումները, որոնք քանի մը ամիս առաջ բարձրաձայնած էր՝ մանաւանդ Ս. Զատկի շնորհաւորական ընդունելութեան ընթացքին։ Ան դարձեալ մատնանշեց համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու գործունէութեան թափանցիկ չըլլալը, հաշուետուողականութեան պակասը եւ նոյնիսկ զեղծումներու վերաբերեալ հարցեր։ Առանձին հաստատութիւններու պարագային քննադատութիւններ ալ հասցէագրեց Պետրոս Շիրինօղլու, իսկ այդ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներն ալ բացարձակապէս ընդդիմացան այդ բոլորին դիմաց։ Ի վերջոյ, ընդհանուր առմամբ ստեղծուած պատկերը այն է, որ համայնքէն ներս առանձին հաստատութիւններու կողմէ տնօրինուած ընդհանրական հարստութեան արժեւորման եղանակներու շուրջ բացարձակ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին։ Համայնքի ընտրեալ աշխարհական վարիչները հնարաւորութիւն չեն ունենար հասարակաց յայտարարի մը հասնիլ այդ միջոցներու օգտագործման շուրջ։ Այդ տարակարծութիւններուն վրայ կու գան աւելնալ անտարբերութիւնն ու անվստահութիւնը, ինչ որ հարցը շատ աւելի խորքային կը դարձնէ։ Ներկայիս ստեղծուած կացութիւնը աներկբայ ցոյց կու տայ, թէ թափանցիկութեան պակասներու եւ զեղծումներու վերաբերեալ պնդումներուն կապակցութեամբ հետզհետէ աւելի կ՚ակնկալուի՝ պատկան իշխանութիւններու կողմէ հակակշռման գործառոյթի կատարման անհրաժեշտութիւնը։ Արդարեւ, Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ բարձրաձայնուած պնդումներուն զուգահեռ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ արտայայտեց շատ զգայացունց մօտեցում մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը այն աստիճան վճռական էր, որ սոյն խնդիրներուն կապակցութեամբ ըսաւ. «Անհրաժեշտութեան պարագային թող բանտարկուին»։
Իսկապէս տխուր էր երէկուան ժողովին մթնոլորտը՝ մինչ բարձրաձայնուեցան նաեւ խնդիրներն ու կասկածները՝ վարժարան մը չհովանաւորող մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու եկամուտներու եւ հասոյթներուն մասին։ Այս խնդիրը երկար ժամանակէ ի վեր համայնքային վարիչներուն միջեւ կ՚արծարծուի եւ երէկուան նիստին ժամանակ գագաթնակէտին հասաւ համապատասխան անհանգստութիւնը։
ERVAB-ի երէկուան ժողովը երկար ժամանակէ վերջ դռնփակ չգումարուեցաւ։ Համայնքային մամուլի ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն ունեցան հետեւելու քննարկումներու եւ հարցումներ հարցնելու։ Այս փուլին կարելի է ըսել, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս առկայ է վարչական մեծ սնանկութիւն մը։ Համայնքը ամլութեան եւ լուրջ փակուղիի մը ճիրաններուն մէջ է։ Հորիզոնին վրայ կ՚ուրուագծուին անխուսափելի ցնցումներ՝ տասնամեակներէ ի վեր կուտակուած խնդիրներու անտեսման, հաւանական լուծումներու գիտակցաբար յետաձգման, միայն օրը փրկելու համար խաբուսիկ քայլերու հետեւանքով։ Այժմ համայնքը յորձանուտի մը մէջ է՝ վարչական անկազմակերպութեան, կամքի պակասի եւ ժողովրդագրական կապերու կացութեան եռաչափ հանգամանքներու բերումով։ Առկայ յորձանուտը իր հետ կը բերէ անշրջադարձելի տագնապ մը, որ իսկապէս հիւծիչ, մաշեցուցիչ է թրքահայ համայնքին տեսակէտէ, կը սպառնայ անոր ապագային եւ մանաւանդ հաստատութիւններու լինելութեան։ Համայնքային հաստատութիւնները, ակնյայտօրէն, չեն կրցած քայլ յարմարցնել նոր ժամանակներուն, կրթական հաստատութիւնները չեն ծառայեր իրենց լինելութեան նպատակներուն եւ այս բոլորը արդէն անկումի մը դէմ յանդիման թողած են թրքահայութիւնը։ Առկայ տագնապի յաղթահարման միակ յոյսը կրնայ ըլլալ իսկապէս իրատես հաշուարկներով ընդհանուր զօրաշարժի մը մթնոլորտին ստեղծուիլը։ Յամենայնդէպս, լաւատեսութենէ կամ յոռետեսութենէն անդին՝ իրատես դիտարկումները այս ուղղութեամբ ի՞նչ յոյս կրնան ներշնչել՝ այդքանը պէտք է թողուլ հանրային կարծիքի դատողութեան։
ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷ ՆԵՐՍ ՀԻՒՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ
ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ԼԱՒԱՏԵՍ ՍՊԱՍՈՒՄ
ERVAB-ի երէկուան ժողովին օրակարգի վրայ եկաւ՝ թրքահայ վարժարաններէ ներս հիւր աշակերտի կարգավիճակով ուսում ստացող տղոց վիճակը։ Ծանօթ է, որ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանէն արտագաղթելով Իսթանպուլ հաստատուած ընտանիքներու դպրոցահասակ զաւակներուն, որոնք հիւր աշակերտի կարգավիճակով կը յաճախեն՝ թրքահայ փոքրամասնական համայնքային դպրոցները։ Վերջերս անոնց պարագային իշխանութիւններու կողմէ հաստատուած է արգելք մը, ինչ որ համայնքէն ներս վերածուած է թէժ օրակարգի։
ERVAB-ի ժողովէն առաջ, երէկ, այս հարցին շուրջ տեղի ունեցաւ՝ սահմանափակ մասնակիցներով խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, քանի մը վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներ կամ տնօրէններ շուրջ ժամ մը արժեւորեցին կացութիւնը։
Աւելի վերջ, ժողովի ընթացքին Շիրինօղլու եւ Սվաճըօղլու հակիրճ անդրադարձան այս նիւթին։ Անոնք յայտնեցին, որ այժմու վիճակը ստեղծուած է՝ կարգ մը թիւրիմացութիւններու հետեւանքով, որովհետեւ զանազան հարթութիւններու վրայ, համայնքի զանազան պատասխանատուներու կողմէ հիւր աշակերտներու թիւին վերաբերեալ ներկայացուած տեղեկութիւններուն մէջ հակասութիւններ յառաջացած են։ Ուստի, ժողովի ընթացքին նշուեցաւ, որ սա այդքան ալ խնդրայարոյց ու բարդ գործընթաց մը չէ եւ լաւատեսութիւն կայ լուծման ուղղութեամբ։
Ժողովի ընթացքին նշուեցաւ, որ համայնքային վարժարաններու պատասխանատուները ի վիճակի չեն եղած անմիջապէս, ստոյգ եւ համոզիչ ձեւով ներկայացնել՝ տուեալ հաստատութեան հիւր աշակերտի թիւը։
Յամենայնդէպս, երէկուան ժողովի ընթացքին այս նիւթի քննարկման շատ կարճ ժամանակ յատկացուեցաւ։ Առաջին տպաւորութիւնը այն էր, որ ժողովը այս հարցին վրայ պիտի կեդրոնանար, սակայն, ընթացիկ հարցերը եւ անոնցմով պայմանաւորուած փոթորկալից մթնոլորտը ստուեր ածեցին սոյն հարցին վրայ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս շրջանին հրատապ օրակարգ դարձած է՝ իշխանութիւններուն կողմէ փոքրամասնական համայնքային վարժարաններէ ներս հիւր աշակերտներու պարագային սահմանուած արգելքը։ Սա գործնականօրէն կը նշանակէ, որ Հայաստանէն արտագաղթած ընտանիքներու զաւակները պիտի չկարողանան յաճախել թրքահայ վարժարանները։ Անոնք արդէն դպրոցներէն ներս ունէին հիւրի կարգավիճակ, այսինքն առանց վկայական մը ունենալու հեռանկարին դպրոց կը յաճախէին, ինչ որ արդէն ինքնին անբաւարար էր։ Այդքանն ալ կարելի եղած էր իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ։ Այժմ, դժբախտաբար, խնդրոյ առարկայ է յետընթաց մը։ Ըստ էութեան, առանց որեւէ պատճառաբանութեան՝ հիւրի կարգավիճակով աշակերտները կը զրկուին այդ հնարաւորութենէն։
Սոյն կարգադրութիւնը զարմանք յառաջացուցած է նաեւ այն առումով, որ հարցը օրակարգի վրայ եկած է՝ Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի եւ համայնքային շրջանակներու մօտաւոր անցեալի հանդիպումէն անմիջապէս վերջ։ Հարկ է աւելցնել, որ նախարարի այցելութեան ժամանակ այս հարցին շուրջ տատամսումներ եւ տարակարծութիւններ եղած են համայնքային վարիչներու միջեւ, ինչ որ այս փուլին ջուրի երես կ՚ելլէ՝ անպաշտօն լսումներու միջոցաւ։ Արդարեւ, կարգ մը համայնքային վարիչներ կողմնակից եղած են, որ համայնքային վարժարաններէ ներս հիւր աշակերտներու խնդիրը սկզբունքօրէն շօշափուի նախարարի ներկայութեամբ, սակայն, արգելք եղած են անոնք, որոնք հաւաքոյթի կազմակերպման գծով պատասխանատու եղած են։
Այժմ, համայնքային շրջանակները կը շարունակեն ջանքերը այս հարցին լուծում մը գտնելու համար։
Իրադարձութիւններու ընթացքը միշտ կը մնայ հանրային կարծիքի ուշադրութեան կիզակէտին՝ մանաւանդ, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներն ալ արձագանգ կը հանդիսանան կացութեան։
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ԿԻՒԼԻ ՀԵՏ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝
28-Ը ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ
Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ յառաջիկայ սեպտեմբերի 28-ին պիտի ընդունի թրքահայ վարժարաններու ներկայացուցիչները։ ERVAB-ի երէկուան ժողովին ընթացքին այս մասին մանրամասնութիւններ հրապարակեց՝ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։ Կուսակալ Կիւլի հետ նախատեսուած ժամադրութեան հիմնական օրակարգը պիտի ըլլայ՝ համայնքային վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ ամրակայման, դիմադրունակութեան բարձրացման խնդիրը։
Համայնքային շրջանակները երկար ժամանակէ ի վեր մտահոգութեան մէջ են՝ թրքահայ վարժարաններու շէնքերու ամրութեան հարցերուն շուրջ։ Մասնագիտական տեղեկագրերը ցոյց կու տան, որ կացութիւնը այդքան ալ փայլուն չէ։ Ուստի, այդ շէնքերու ամրակայման համար պետութեան զօրակցութիւնը կ՚ակնկալուի։
Սեւան Սվաճըօղլու երէկուան հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ նահանգապետարանի մէջ նախատեսուած խորհրդակցութիւնը այդ օրակարգով պիտի ընթանայ եւ պաշտօնական մարմինները պատրաստակամ են ընելու իրենց հնարաւորը՝ այս խնդրի կարգաւորման համար։
ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԾԱԽԱԾ Է ԿԱԼՈՒԱԾ ՄԸ
ERVAB-ի երէկուան ժողովի հարցում-պատասխանի փուլին օրակարգի վրայ եկան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վերաբերեալ շարք մը ուշագրաւ լսումներ։ Այսպէս, Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութիւնը վերջերս կալուած մը վաճառած է։ Լեւենթ թաղամասի մէջ գտնուած այդ կալուածի փոխարժէքին մասին եւս պնդումներ հնչեցին ժողովին ժամանակ։ Նկատի ունենալով, որ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ ներկայացուցիչ մը չէր մասնակցած նիստին՝ այդ խօսակցութիւնները մնացին օդի մէջ՝ մանաւանդ արտասանուած գումարներն ալ աստղաբաշխային համեմատութիւններու կը հասնէին։
Քանի պատասխանի իրաւունք օգտագործելու հնարաւորութիւնը չկար նիստին ժամանակ՝ ձեռնպահ կը մնանք այդ լսումներու եւ պնդումներու մէջ շատ խորանալէ, սակայն, անտարակոյս շատ նպատակայարմար կ՚ըլլայ, եթէ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութիւնը պաշտօնապէս հանրային կարծիքը լուսաբանէ այս կապակցութեամբ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
