ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՐ ԴԻՒԱՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պոլսահայ սանուց միութեանց համատեղ յանձնախումբի ներկայացուցիչները։ Ինչպէս հաղորդած էինք՝ միջմիութենական համատեղ յանձնախումբը վերջերս ձեւաւորած է նոր դիւան մը։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացան նոր դիւանի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Շուշան Սվասլըօղլուի։

Զրոյցի ընթացքին հիւրերը Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստացան եւ բացատրութիւններ տուին իրենց ծրագրերուն կապակցութեամբ։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքի զանազան նիւթերուն շուրջ։ Այցելուները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուցին, որ այս տարի եւս նախատեսուած է «Ոսկէ աշնան» աւանդական խրախճանքը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յանձնախումբի անդամներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը՝ ապագայ արդիւնաւէտ գործունէութեան համար։

Կիրակի, Նոյեմբեր 1, 2026