ԱՊՐԻԼ ՏԻՐՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ
«Տէ՛ր, ո՞վ կացցէ ի խորանի Քում,
կամ ո՞վ բնակեսցի ի լեառն սուրբ Քո»
(Սաղմոս ԺԴ. 1)
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս հասած ենք տարւոյն երրորդ տաղաւարին, որ ծանօթ է իրեն ընծայուած երեք կոչումով. Այլակերպութիւն Տեառն, Պայծառակերպութիւն Տեառն եւ ժողովրդական կոչումով՝ Վարդավառ։
Հայ Եկեղեցւոյ եռամեծար սուրբ վարդապետներէն Գրիգոր Տաթեւացի «վարդավառ» բառը կը բացատրէ խորհրդաբանական բացատրութեամբ, յիշելով Սաղմոսաց գիրքի «Եկէ՛ք եւ տեսէ՛ք գործերն Աստուծոյ, թէ որքան ահեղ են խորհուրդներով՝ քան գործերը մարդկանց բոլոր որդիներու» (Սաղմոսք, 65.4) համարը. «Քրիստոս կ՚երեւի վարդի նմանողութեամբ։ Որքան ատեն որ կոկոն վիճակի մէջ կը գտնուի ոչ կը տեսնուի, ոչ ալ անուշահոտութիւն կը բուրէ, այլ երբ կը բացուի գոյնով եւ հոտով կ՚ուրախացնէ մարդը։ Այսպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կուսական արգանդի մէջ որպէս կոկոն սնաւ եւ մեծցաւ. երբ մօրմէն ծնաւ, աշխարհի յայտնուեցաւ որպէս վարդ՝ գեղեցկութեամբ։ Եւ դարձեալ՝ կոկոնի նմանողութեամբ այսօր բացուելով առաքեալներու եւ մարգարէներու առջեւ յայտնեց իր հայրենի փառքը» (Գիրք Քարոզութեան որ կոչի Ամառան Հատոր)։
Այլակերպութիւն եւ Պայծառակերպութիւն. երկու բառեր, որոնք ցոյց կու տան երեւելի փոփոխութեան մը իրականացումը, որուն կեդրոնի գահուն վրայ բազմած է Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին, յայտնուած՝ լուսաւոր կերպարանքի մը մէջ։ Մեր Տիրոջ, բարձր լերան մը կատարին արտաքնապէս կրած լուսաւոր եւ նշանակալի կերպարանափոխութեան մասին կը կարդանք Սուրբ Աւետարանին մէջ, եւ բոլորով սրտիւ կը հաւատանք անոր որպէս անյեղլի ճշմարտութիւն։ Այս լուսաշող տեսարանին մէջ այլակերպեալ Քրիստոսի կողքին երեւցած էին Հին կտակարանի երկու սուրբ դէմքերը. Մովսէս՝ որպէս ներկայացուցիչը օրէնքի եւ Եղիա՝ մարգարէներուն։ Այս նշմարելի կերպարանափոխութիւնը եւ մարդկային աչքերու առջեւ պարզուած սքանչելի տեսարանը խոր ազդեցութիւն գործած էր առաքեալներու՝ Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի վրայ, որոնք որպէս մարդ կը մտածէին մարդկայնապէս։ Տիեզերքի պատմութեան մէջ մարդկային աչքերու առջեւ պարզուած այս եզակի տեսարանը, այն աստիճան տպաւորիչ էր, որ անոնցմէ մին՝ Պետրոս առաքեալ շուարումի մատնուած, բառեր կ՚արտասանէր, արտայայտելով իր մէկ ցանկութիւնը, որ պիտի չիրականանար երբեք. «Տէր, լաւ է որ մենք այստեղ ենք. եթէ կ՚ուզես, երեք տաղաւարներ շինենք, մէկը՝ քեզի համար, մէկը՝ Մովսէսի, մէկն ալ՝ Եղիայի» (Մատթէոս, 17.4)։ Մինչ Պետրոս այսպէս կ՚արտայայտուէր՝ անօրինակ տեսարանը թագադրուեցաւ լուսաւոր ամպով եւ երկինքէն լսուած ձայնով. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ. ատոր մտիկ ըրէք» (Մատթէոս, 17.5), նման՝ Յորդանան գետի ջուրերուն վրայ լսուած ձայնին, երբ Աստուածորդին մկրտուեցաւ Յովհաննէս Մկրտչի ձեռամբ։
«Տէր, լաւ է որ մենք այստեղ ենք»։ Պետրոս առաքեալի այս արտայայտութիւնը իսկութեան մէջ գեղատեսիլ տեսարանը մշտապէս վայելելու իր փափաքը կը դրսեւորէ։ Այդ դրսեւորման մէջ զգալի է Քրիստոսակեդրոն վիճակէ չբաժնուելու տրամադրութիւնը։ Քրիստոս որպէս կանխասացութիւն իր մահուան եւ յարութեան մասին, երբ յստակ կերպով խօսեցաւ աշակերտներուն, Պետրոս առաքեալ նոյն տրամադրութեամբ արտայայտուեցաւ եւ ըսաւ. «Քաւ լիցի քեզ Տէր, այդ բանը քեզի չի պատահիր» (Մատթէոս, 16.22)։ Քրիստոս, որ մարդոց սրտի խորհուրդներուն կը թափանցէր, այդ արտայայտութիւնը նկատեց որպէս արգելիչ ազդակ իր առաքելութեան եւ ըսաւ. «Ետիս գնա, սատանայ, դուն գայթակղութիւն ես ինծի համար, որովհետեւ քու մտածումներդ Աստուծոյ մտածումները չեն, այլ՝ մարդոց» (Մատթէոս, 16.22)։ Այս յանդիմանութիւնը ընկալած Պետրոս առաքեալ կարծես մոռցած ըլլար իր խոստովանութիւնը այն պահուն, երբ աշակերտներէն շատեր ետ քաշուած էին եւ այլեւս չէին շրջեր իրենց Գալիլիացի Վարդապետին հետ. «Տէր որո՞ւն պիտի երթանք։ Դուն յաւիտենական կեանքի խօսքերն ունիս։ Եւ մենք հաւատացինք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին» (Յովհաննէս, 6.69-70)։
Քրիստոսի այլակերպութիւնը Աստուածայայտնութիւն է։ Օրէնքի եւ մարգարէութեանց լրումն է Քրիստոս, որուն Աստուածային բնութեան կատարելապէս յայտնութիւնն է հրաշալի պայմաններու տակ՝ մանաւանդ այն պահուն, երբ կ՚աղօթէր։ Այդ ծիսականօրէն կը յայտարարուի այլակերպութեան երեք օրերուն առաւօտեան, երեկոյեան եւ ճաշու ժամերգութեանց ընթացքին երեքսրբեան երգաբանութեամբ. «Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, որ յայտնեցար ի Թաբոր լերինն, ողորմեաց մեզ»։
Թաբոր լերան վրայ այլակերպեալ Քրիստոսի յանձն առած փրկարար առաքելութիւնը կարելի չէր սահմանափակել սեղմ շրջանակի մէջ, ուստի, համայն մարդկութեան ուղղեալ այս առաքելութեան սրբարար եւ փրկարար զօրութեան հետ հաղորդուելու եւ անոր հաղորդ մնալու պայմանին որպէս նախապատրաստութիւն Սուրբ Գիրքէն կու գայ հարցում մը. «Տէ՛ր, ո՞վ պիտի ապրի քու վրանիդ տակ կամ ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ»։
Պետրոս առաքեալի Թաբոր լերան վրայ Քրիստոսի համար շինել կամեցած վրանը եւ Սաղմոսաց գիրքի մէջ նշուած Տիրոջ վրանն ու լեռը իրարմէ կը տարբերին։ Առաջինը՝ եսասիրական կամ անձնապաշտական զգացումով կը միտէր մեկուսացնել Քրիստոսը, այդ պահուն անտեսելով Տիրոջ համամարդկային առաքելութիւնը. իսկ երկրորդը՝ Քրիստոսի վրանն է, ուր մեր Տէրը կը բնակի իր լիութեամբ եւ կը հրաւիրէ բաժին ստանալ լիառատ սրբութենէն։ Քրիստոս այլակերպութեան լեռը բարձրացաւ իր երեք աշակերտներով միայն, սակայն, լեռնէն իջաւ իր աստուածային բնութեան հրաշալիքին ականատես եղած առաքեալներով, որոնք հրաշալի տեսարանին առընթեր լսած էին երկինքէն տրուած աստուածային հրահանգը, որ է «Անոր լսեցէք»։ Քրիստոս եւ իր երեք աշակերտներու Թաբոր լեռնէն վայրէջքը խորքին մէջ ունէր խորհրդալից ճշմարտութիւն մը, որ էր փրկագործութեան պատգամը լսելի դարձնել աշխարհի։ Այս առումով Սաղմոսաց գիրքի հարցումը կը պատրաստէ դուռը բանալ բոլոր անոնց, որոնք յօժարակամ տրամադրութեամբ արժէք կ՚ընծայեն «Անոր լսեցէք» պատգամին։
Դռնբացէքի արարողութեան ընթացքին ներքուստ եւ արտաքուստ երկխօսութեան ընդմէջէն կը բնութագրուի Տիրոջ վրանին՝ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ գաղափարը. «Այս վայրը արդարներուն հանգստեան վայրն է, մեղաւորներուն քաւարանը, սուրբերու հաւաքարանը, ապաւէնի տեղը եւ Աստուծոյ Տունը։ …Քրիստոս բազմած է սեղանին վրայ եւ իրեն կը կանչէ իր կամքը կատարողները, ըսելով “ուր որ ես եմ, այնտեղ պիտի ըլլայ նաեւ ինծի հետեւողը”» (թրգ. Շնորհք Պատրիարք)։ Իսկ ի՞նչ է պայմանը Քրիստոսի հետեւելու. Պատասխանը կը ստանանք նոյնինքն Քրիստոսէն. «Եթէ մէկը կ՚ուզէ իմ ետեւէս գալ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ իմ ետեւէս գայ» (Մատթէոս, 16.24)։ Սա ինքնին կը յիշեցնէ անձնուրացութեան կարեւորութիւնը վասն սիրոյն Քրիստոսի, որով կարելի կ՚ըլլայ արհամարհել այս աշխարհի իշխանը եւ ձերբազատուիլ՝ անոր պատրանքներէն, խորհուրդներէն, ընթացքէն, չար կամքէն եւ զօրութենէն, խաբէութիւններէն եւ ամէն տեսակի ժխտականութիւններէն, որոնք արգելքներ են Աստուածային ներկայութեան քաղցրութիւնը ապրելու։ Այս յաղթանակի պսակը կարելի կ՚ըլլայ ընդունիլ «բարի պատերազմը մղելով եւ հաւատքը պահելով» (Բ. Տիմոթէոս, 4.7) բոլորով սրտիւ հաւատալով, թէ «Այս աշխարհի իշխանը ոչ մէկ իշխանութիւն ունի» Քրիստոսի վրայ (Յովհաննէս,14.31), եւ զգալով այն քաջալերութիւնը, որ կու գայ Քրիստոսի խօսքէն. «այս աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհաննէս, 16.33)։
Երբ Քրիստոսի ներկայութեան կենալու արժանաւորութեան մասին կը մտածենք, կը յիշենք Պօղոս առաքեալի խօսքը. «արդարեւ, կենդանի Աստուծոյ տաճար էք դուք, ինչպէս ըսաւ Աստուած. պիտի բնակիմ անոնց մէջ եւ պիտի քալեմ անոնց մէջէն. Աստուած պիտի ըլլամ անոնց, եւ անոնք ժողովուրդ պիտի ըլլան ինծի» (Բ. Կորնթացիս, 6.16)։ Պօղոս առաքեալ դարեր առաջ Հին ուխտի մարգարէներու միջոցաւ Աստուծոյ ըրած խոստումը կը փոխանցէր։ Այս առումով պայծառակերպութեան ականատես Պետրոս առաքեալի Քրիստոսի համար վրան շինելու խօսքը կ՚ընկալենք որպէս հրաւէր մը, կանչ մը՝ մեր մարմինները Աստուծոյ բնակութեան արժանի վրաններ դարձնելու ուղղութեամբ։ Այս հրաւէրը որպէսզի պտղաբերի, մեր սիրտը պարտինք վերածել խորանի, ուրկէ վանելով աշխարհէն արժեւորուած որպէս թէ արժէքներու աղմկայարոյց ներկայութիւնը եւ կիրքերը, չարութիւնը, նախանձը, ատելութիւնը։ Մեր լեզուն պարտի առիթ ընծայել օրհնութեան եւ ո՛չ թէ՝ գայթակղութեան։ Մեր ձեռքերը պարտին գործել ողորմութեան համար, մեզ հեռու պահելով միայն մեր անձնական շահերը հետապնդելու կենսավիճակէն։
Այս բոլորը կու գան միանալ սաղմոսերգուին «Տէ՛ր, ո՞վ պիտի ապրի քու վրանիդ տակ կամ ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ» հարցման պատասխանին. «Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ՚ընէ եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն։ Ան որ լեզուովը չի զրպարտեր, ընկերին չարութիւն չ՚ըներ, եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չի դներ. որուն առջեւ անարգուած է չարագործը, բայց աստուածավախները կը պատուէ. երդում կ՚ընէ իր վնասին ու չի դառնար. իր արծաթը վարձքով չի տար ու անմեղին դէմ կաշառք չ՚առներ։ Ով որ ասոնք կ՚ընէ, յաւիտեան պիտի չսասանի» (Սաղմոսք, 14.2-5)։
Երանի մեզի, երբ մեր տուներուն մէջ, մեր աշխատանքին մէջ եւ մեր յարաբերութիւններուն մէջ մարդիկ կը տեսնեն Քրիստոսի լոյսը։ Քրիստոս առաքեալներուն տուած նոր պատուիրանով թելադրեց, որ «զիրար սիրեն, ինչպէս որ Ան սիրած էր զանոնք», նաեւ յիշեցնելով, թէ «զիրար սիրելով է որ ամէնքը պիտի գիտնային թէ անոնք իր աշակերտներն էին» (Յովհաննէս, 13.34-35)։ Նոյն պատուիրանը կարեւոր յիշեցում մըն է բոլորիս համար։ Եկեղեցին՝ ապրող մարմինը Քրիստոսի, կը հրաւիրէ մեզ մէկդի ընելով ամէն ժխտականութիւն, ընդգրկել ուղիղ ընթացք, մաքուր միտք, անկեղծ սիրտ, կատարեալ հաւատք, սիրով լեցուած եւ այդպէսով առատանալ բարի գործերու մէջ, որոնք աստուածահաճոյ են եւ մեզի առիթ կ՚ընծայեն, որ ողողուինք աստուածային օրհնութիւններով։
Պայծառակերպութեան տաղաւարի հոգեւոր օրհնութեամբ յիշենք, թէ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս Թաբոր լերան առանձնութեան մէջ վայելեցին Քրիստոսի հետեւած ըլլալու պտուղը։ Աղօթենք, որ Աստուած մեզ ընդմիշտ պահէ Քրիստոսի վրանին՝ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ եւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ մեր մարմինները վերածէ Քրիստոսի բնակութեան վրաններու։ Սրբազան շարականագիրի բառերուն ուղղութեամբ աղօթենք, որ «Քրիստոս մեր Աստուածը շնորհէ մեզի Պետրոսի եւ Զեբեթիայի որդիներուն հետ արժանանալ իր աստուածային տեսութեանը։ Մեզ բարձրացնէ զգալի Թաբոր լեռնէն աւելի վեր, երկնահաս եւ իմանալի խորաններ։ Մենք ալ մեր քակտելի մարմինները հոգեւոր տաղաւար ընենք Քրիստոսի, որպէս միակ մարդասէրին՝ Փրկչին» (թրգ. Եփրեմ արքեպիսկոպոս)։
Աստուած բոլորիս պարգեւէ արժանանալ Լոյսի Աղբիւրի շնորհներուն լոյս հաւատքի զօրութեամբ եւ վարել՝ լուսաւոր կեանք մը, հեռու՝ մոլորեցուցիչ եւ երկիւղ ու անվստահութիւն առթող խաւարէն։ Ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
7 յուլիս 2026, Գնալը Կղզի