ԳԷՈՐԳ ԵՒ ԼԻԶԱ ՊԵՏԻԿԵԱՆ ԱՄՈԼԸ ՄԵՐ ՄԷՋ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ երէց սերունդի մտաւորական Գէորգ Պետիկեանը, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ իր կողակցին՝ Լիզա Պետիկեանի հետ։ Գէորգ եւ Լիզա Պետիկեան ամոլը յառաջիկայ օրերուն պիտի միանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն զբօսաշրջիկներու խումբի մը, որ շրջագայութիւն մը պիտի իրականացնեն դէպի Անատոլու՝ տեսնելու համար երբեմնի հայաբնակ գաւառները։ Պետիկեանները փափաքած են այդ խումբէն քանի մը օր աւելի կանուխ հասնիլ Թուրքիա, որպէսզի առաջին հերթին ծանօթանան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին եւ աւելի վերջ խումբին հետ շարունակեն իրենց շրջագայութիւնը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին տեսակէտէ մեծ հաճոյք մըն էր խմբագրատանս երդիքին տակ Գէորգ Պետիկեանն ու կողակիցը հիւրընկալելը։ Արդարեւ, Գէորգ Պետիկեան տասնամեակներէ ի վեր կ՚աշխատակցի թերթիս՝ իր հիւթեղ գրիչին արտադրանքը ի սպաս կը դնէ մեր ընթերցողներուն համար։ Ան Իսթանպուլի մէջ գտնուած առաջին իսկ օրը, առաջին քայլափոխին փափաքած էր այցելել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ուր իր եւ կողակցին ներկայութեամբ բառին բուն իմաստով ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Թերթիս անձնակազմը Պետիկեան ամոլը հիւրընկալեց՝ գլխաւորութեամբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի։
Ջերմ զրոյցի ընթացքին, ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ հիւրերը իրենց ընտանիքի երէցներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին, բան մը, որ ի յայտ բերաւ, թէ այդ ընտանիքը բաժնած էր արեւմտահայ բազում գերդաստաններուն բաժին ինկած դժուարութիւնները։ Գէորգ եւ Լիզա Պետիկեաններու կեանքի ոդիսականը սկսած է Հալէպէն, շարունակուած է Պէյրութով եւ աւելի վերջ արդէն անոնք բռնած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ճանապարհը։ Գաղթելէ վերջ առաջին շրջանին Տիթրոյիթի մէջ բնակելէ վերջ, հաստատուած են Լոս Անճելըսի շրջանը։ Պետիկեանները ունին արդէն երկու որդի եւ երկու թոռնիկ։ Բազմանդամ ընտանիքներէ սերած են երկուքն ալ։ Գէորգ Պետիկեան ազգականական կապ ունի բարեյիշատակ մտաւորական Ռուբէն Մաշոյեանի հետ։ Գէորգ եւ Լիզա Պետիկեանները Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ վերջ դիմագրաւած են կեանքի դաժան պայքար եւ այդ ամբողջին մէջ միշտ ծառայած են կրթութեան բնագաւառին՝ իրենց նպաստը բերելով սերունդներու դաստիարակութեան։ Ամերիկահայ համայնքի երէց սերունդի կարկառուն դէմքերէն, աշխոյժ մտաւորականներէն մին է Գէորգ Պետիկեան, որ երէկուան մեր զրոյցի ընթացքին այնքան հաղորդական ոճով բաժնեց տասնամեակներու վերաբերեալ իր դիտարկումները եւ հետեւութիւնները։ Հարկ է նշել, որ Գէորգ Պետիկեան եւ կողակիցը՝ Լիզա Պետիկեան չափազանց հաճելի զրուցակիցներ են։ Գէորգ Պետիկեանի պարագային այդ հանգամանքը առաւել եւս ուշագրաւ էր՝ քանի իր գրիչի արտադրանքն ալ իսկապէս շատ հրապուրիչ է ընթերցողներու համար եւ որպէս զրուցակից ան ունի նոյն ոճը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ Պետիկեանները արծարծեցին սփիւռքահայ կեանքի եւ ինքնութեան վերաբերեալ զանազան խնդիրներ, անդրադառնալով նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ շուրջ երկու ժամ անցընելէ վերջ, Պետիկեանները հրաժեշտ առին՝ ուղեւորուելու համար դէպի Գումգաբու։ Իրենց ընկերացաւ թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Անոնք նախ շրջայց մը կատարեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ուր կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։ Աւելի վերջ, յետմիջօրէին Պետիկեան ամոլը հիւրընկալուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի կողմէ։ Պոլսոյ իրենց կեցութեան առաջին իսկ օրը սա բացառիկ հնարաւորութիւն մըն էր իրենց համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ հիւրերուն նկատմամբ, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնները։
Պատրիարքարանի երդիքին տակ, Նորին Ամենապատուութեան եւ Պետիկեաններու զրոյցը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքէ ներս ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան մարտահրաւէրներուն։ Թէ՛ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ թէ Պետիկեանները իրենց փորձառութիւններու եւ դիտարկումներու լոյսին տակ բաղդատական երեւոյթներ օրակարգի վրայ բերին եւ այդ ամբողջին մէջ անդրադարձան հայկական ժառանգութեան, ինքնութեան գլխաւոր ստորոգելիներու պահպանման վերաբերեալ խնդիրները։
Գէորգ եւ Լիզա Պետիկեանները եւս քանի մը օր կը գտնուին քաղաքիս մէջ։ Այս առթիւ ջերմօրէն կ՚ողջունենք իրենց ներկայութիւնը՝ մաղթելով բարի կեցութիւն։