Չորեքշաբթի 11, Նոյեմբեր 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՊԱՆԻՈՅ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Սպանիոյ աւագ հիւպատոս Խոսէ Անթոնիօ տէ Օրին, որ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Գումգաբու: Աւագ հիւպատոսը, որ նոր նշանակուած է իր պաշտօնին, փափաքած էր ծանօթանալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ:
Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց սպանացի բարձրաստիճան դիւանագէտը, որուն հետ զրուցեց թրքահայ համայնքային կեանքի զանազան երեսակներուն շուրջ: Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու օրակարգային նիւթերուն կապակցութեամբ:
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յաջողութիւն մաղթեց սպանացի աւագ հիւպատոսին՝ իր նոր առաքելութեան մէջ:
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2026