ԶԱՐԵՀ ՍԻՆԱՆԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ

Հայաստանի Սփիւռքի գծով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Իսթանպուլ։ Երէկ, ան հիւրընկալուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի կողմէ։ Գումգաբուի մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերեց Զարեհ Սինանեանի նկատմամբ, որ իր առաքելութիւնը ստանձնելէ ի վեր առաջին անգամ կու գայ քաղաքս։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան, գործունէութեան եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս դերակատարութեան։ Ան ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ համայնքային կեանքի այժմու կացութեան եւ դրուածքին շուրջ։ 

Զարեհ Սինանեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար՝ շեշտելով, որ Իսթանպուլ իր առաջին այցելութեան կը վերագրէ կարեւոր իմաստ։ 

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ 

Նորին Ամենապատուութենէն հրաժեշտ առնելէ վերջ, Զարեհ Սինանեան այցելեց նաեւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին՝ ուղեկցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեանի։ Յանձնակատարը իր ուխտի աղօթքը ըրաւ պատմական տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2026