Հինգշաբթի 12, Նոյեմբեր 2026
«ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑՆԵՐՈՒ ՅԱՆԴԻՄԱՆ»
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ՝ Հայաստանէն վեց յայտնի արդի նկարիչներու կողմէ քաղաքս կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը։ «Գլուխ գործոցներու դէմ յանդիման» խորագրեալ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Փարոս» ամսագրի հիմնադրութեան 16-րդ տարեդարձին առթիւ։ Ձեռնարկի բացման փուլին Նորին Ամենապատուութիւնը ծանօթացաւ գործերուն՝ բարձր գնահատելով արուեստագէտները։ Միեւնոյն ժամանակ, ան գնահատեց «Փարոս» ամսագրի գործունէութիւնը՝ գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիսի մականին ներքեւ։
Հարկ է նշել, որ ցուցահանդէսի հասոյթը կը տրամադրուի Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին։
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2026