ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան՝ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ օրուան պատգամը։ Խաչվերացի տօնին առթիւ բացառիկ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ պատմական եկեղեցիէն ներս։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, օրուան պատարագիչն էր Տ. Արմէն վրդ. Գալայճեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքս։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան, Տ. Մելքոն քհնյ. Փնարճեան, Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայա։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը եկեղեցւոյ սպասաւորներէն Արա Էօզկիւնտիւզին կիսասարկաւագի աստիճան շնորհեց։ 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Թաղային խորհուրդի անդամները ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին բոլոր ներկաներուն նկատմամբ։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ ատենապետ Պերճ Զընկըք, որ տեղեկութիւններ տուաւ թաղի ընդհանուր կացութեան եւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան շուրջ։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2026