ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ժամանած ուխտաւորներու խումբ մը։ Այսպէս, ամերիկացի քառասուն ուխտաւորներ այս շրջանին Թուրքիա կ՚այցելեն՝ մասնաւորապէս Եգէականի շրջանի՝ համաքրիստոնէական նշանակութեամբ սրբավայրերուն եւ պատմամշակութային տեսարժան վայրերուն ծանօթանալու համար։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուխտաւորներուն հետ անմիջական զրոյց ունեցաւ, օրհնեց զանոնք եւ մաղթեց, որ Աստուած բոլորի ուխտն ու աղօթքները ընդունելի ընէ։

Գումգաբուի մէջ ուխտաւորները ծանօթացան նաեւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրին՝ առաջնորդութեամբ Տ. Շիրվան քահանայ  Միւրզեանի։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2026