ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԶՆԻՒ ԹՈՐՈՍ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներու տեսակէտէ այնքան սիրելի եւ համակրելի անձնաւորութիւն մը՝ Ազնիւ Թորոս: Ան միջոցէ մը ի վեր արդէն կը տառապէր խանգարուած առողջութենէ, իսկ վերջին շուրջ երկու շաբաթներուն առկայ բարդութիւններու դրսեւորումները իսկապէս անտանելի համեմատութիւններու հասած էին: Թէեւ մասնագիտական ջանքերը եւ հարազատներու տեւական խնամքը անպակաս չէին, սակայն, այդ բոլորը ապարդիւն մնացին, դժբախտաբար: Ազնիւ Թորոս այս բոլորէն վերջ կնքեց իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը: Նորոգ հանգուցեալ Ազնիւ Թորոս համայնքային շրջանակներէ ներս համատարած սիրոյ, յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած անձնաւորութիւն մըն էր: Ան զոհողութեան մարմնաւորում մըն էր եւ իր այդ զգայնութեան հիման վրայ ստեղծած շարժումներով հետք թողած էր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ: Արդարեւ, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտուհի Ազնիւ Թորոս երկար տարիներ մաս կազմած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի Կապոյտ հրեշտակներու փաղանգին: Այդ փորձառութեան եւ նուիրեալ աշխատանքի հիման վրայ դարձած էր նաեւ որոշ շրջան մը Կապոյտ հրեշտակներու ատենապետուհին: Մարդասիրական մղումներով ծաւալուած այս գործունէութեան ընթացքին ան ընկերուհիներուն հետ գորովագութ խնամքի առարկայ դարձուցած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչները. բան մը, որ իր կողմէ թէ՛ երախտագիտութեան դրսեւորում եւ թէ սերունդներու առջեւ հաշուետուութեան զգայնութիւն մը կը համարուէր:

Ազնիւ Թորոս կողակիցն էր «Թաքսիմ» մարզակումբի ֆութպոլի կազմին նախկին աստղերէն Կարպիս Թորոսի:

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Ազնիւ Թորոսի բարի հոգւոյն եւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք՝ ամուսնոյն՝ մեր սիրելի բարեկամ Կարպիս Թորոսին, որդւոյն՝ Տարօն-Լետա Թորոսին եւ զաւակներուն եւ համայն ընտանեկան պարագաներուն՝ ի մասնաւորի Գրիգոր-Սիւզան Տէօշէմէճեաններուն, Մկրտիչ-Ժանէթ Արծիւեաններուն, Մելքոն-Ժանէթ Քարաքօսէ ամոլին եւ Տիգրան-Շնորհիկ Ալթուն ամոլին:   

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2026