Հինգշաբթի 17, Սեպտեմբեր 2026
ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ՝ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2026-2027 կրթական շրջանին առթիւ առաջին զանգը հնչեց խանդավառ պայմաններու ներքեւ։ Վերամուտի հանդիսութիւնը համախմբեց Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պատասխանատուներն ու աշակերտները, ինչպէս նաեւ ծնողներ եւ հիւրեր։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, իսկ աշակերտները գործադրեցին ամփոփ յայտագիր մը։ Հուսկ, բոլորը դասարաններու ճանապարհը բռնեցին՝ նոր կրթական շրջանին ընդառաջ փոխանակելով յաջողութեան բարեմաղթանքներ։
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2026