ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԽՈՐ ՎԻՐԱՊ ՄՈՒՏՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակութիւնը շաբաթավերջին նշուեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր հոծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան արարողութեան, որուն հանդիսապետեց Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Պետրոս քհնյ. Պուլտուքեան։ Պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ մասնակցեցան Ս. Պատարագին, որու ընթացքին Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան խօսեցաւ քարոզ մը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի գլխաւորած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը պահքի սիրոյ սեղան մը սարքեց՝ եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահի երդիքին տակ։ Սեղաններու շուրջ համախմբուած հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները բարեմաղթանքներ փոխանակեցին՝ մօտալուտ Ս. Զատիկը միասնաբար ողջունելու համար։