ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ
Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը՝ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ եւ Ռոպէր Տողանայի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի բարձր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած էր այս երեկոյթը, որու մասնակիցներու շարքին էին Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։
Թէեւ յուզումնախառն առիթով մը կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, սակայն, Լուսաւորիչ երգչախումբը այնպիսի որակով մը հանդէս եկաւ, որ առիթը դարձաւ տօնական եւ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Այսպէս, ձեռնարկը կազմակերպուած էր՝ այժմ արդէն փակուած Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առթիւ։ Այս յոբելեանը, անշուշտ, մեծ նշանակութիւն ունի, սակայն, բառին բուն իմաստով տօնակատարութեան մը նշանակութենէն հեռու է՝ քանի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը արդէն վաղուց փակած է իր դռները։ Յամենայնդէպս, հաստատութեան աշխարհացրիւ երախտագէտ սաները կը ջանան արժեւորել այս յատկանշական դարադարձը՝ քանի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը սերունդներու վրայ թողած է անջնջելի հետք մը եւ իր շրջանաւարտները տասնամեակներէ ի վեր կը պայմանաւորեն սփիւռքի ընդհանուր երթը։ Այս համայնապատկերին վրայ շարժման անցած էին նաեւ վարժարանի Պոլսոյ սաները, որոնց ջանքերով տեղի ունեցաւ երէկուան համերգը։ Յայտնի արուեստագիտուհի Ովսաննա Գալէնտէր եւ փորձառու համայնքային գործիչ Շնորհիկ Ալթուն եղած էին նախաձեռնութեան մղիչ ուժերը։ Անոնք այս նախաձեռնութեան ներգրաւած էին նաեւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան Պոլսոյ միւս շրջանաւարտները եւ արդիւնքը իսկապէս եղաւ փայլուն։ Լուսաւորիչ երգչախումբի մասնակցութիւնն ալ առանձին իմաստ մը ունեցաւ՝ նկատի ունենալով, որ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան եւս Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շրջանաւարտներէն մին է։ Մելգոնեանցիներու ջանքերուն իր եռանդը միացուցած էր նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ եւս կարեւոր դեր ունեցաւ կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն պատմական տաճարի երդիքին տակ համախմբուած երաժշտասէրները իսկապէս մեծ վայելք ապրեցան՝ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի կատարումներով։ Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան, որ միշտ գագաթի վրայ կը պահէ իր խումբը, այս անգամ եւս արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը։ Լուսաւորիչ երգչախումբը հերթանակ անգամ պանծացուց ո՛չ միայն հայ երգն ու երաժշտութիւնը, այլեւ իր որակով ու մակարդակով զգայնութեան պատգամ հնչեցուց հայ դպրոցին համար։
Երեկոյթի աւարտին բոլորը բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուցին՝ մանաւանդ Ովսաննա Գալէնտէրն ու Շնորհիկ Ալթունը, որոնք՝ որպէս Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հպարտ սաները, ջանք ու եռանդ չէին խնայած այս ձեռնարկի յաջողութեամբ պսակման ուղղութեամբ։ Անոնք մէկ կողմ դրած էին իրենց սիրեցեալ դպրոցի այժմ արդէն փակուած ըլլալու հանգամանքը եւ Մելգոնեանի մէջ իրենց ջամբուած կրթութիւնն ու ժառանգուած զգայնութիւնները վերածած էին պայքարի ոգիի, որպէսզի այս յոբելեանը առիթի մը վերածուի՝ հերթական անգամ հնչեցնելու համար հայ դպրոցի, սփիւռքի հայ վարժարաններու վերաբերեալ ահազանգը։
Համերգի եզրափակիչ փուլին ներկաները որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը՝ մինչ տեղի ունեցան նաեւ յուշանուէրներու փոխանակումներ։ Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ բարձր գնահատեց ձեռնարկի կազմակերպիչներն ու երգչախումբը։ Հարկ է նշել, որ յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Գարոլին Մամիկոնեանի։
Վաղը, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօնով պիտի ոգեկոչուին Մելգոնեան կրթական հաստատութեան բարեյիշատակ հիմնադիրները՝ Մելգոնեան հարազատները, ինչպէս նաեւ հաստատութեան բոլոր սատարողները, տնօրէնները, կրթական մշակները եւ սաները: