ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԹՄԱՆԻ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան այցելեց «Աթմանի» կրթութեան, մշակոյթի, բնապահպանութեան, ընկերային զօրակցութեան եւ օժանդակութեան հիմնարկի կեդրոնատեղին։ Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրընկալուեցաւ սոյն հիմնարկի ղեկավար Քեմալ Չնարի եւ Համաշխարհային մարդասիրական օժանդակութեան հիմնարկի ներկայացուցիչ Օրհան Ճանի կողմէ։ Իրեն ընկերացան Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն իրաւաբան Առէն Տատըրօղլու։
Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ քաղեց այս հիմնարկի գործունէութեան նպատակներուն եւ ցարդ կեանքի կոչած աշխատանքին շուրջ։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Անատոլուէ ներս մշակութային ժառանգութեան պահպանման, պատմամշակութային հարստութեան, յարատեւութեան եւ այս նպատակով զանազան հիմնարկներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Մալաթիա քաղաքի պարագան՝ քանի այնտեղ եւս խնդրոյ առարկայ է մշակութային ժառանգութեան լուրջ զանազանութիւն եւ բազմազանութիւն։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, թէ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ հասարակական զօրակցութեան ամրապնդման տեսակէտէ չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունին հաստատութիւններու միջեւ հաղորդակցութիւնն ու համատեղ աշխատանքները։ Զրոյցի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը «Աթմանի» հիմնարկի կեդրոնատեղիէն հրաժեշտ առաւ՝ ղեկավարութեան շնորհակալութիւն յայտնելով ցուցաբերուած հիւրընկալութեան համար: