ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ օրերս Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի՝ Գանձասարի եւ Թադիվանքի վանական համալիրներ կատարած այցի ընթացքին անոնց հայկական պատկանելիութիւնը ժխտող եւ իբրեւ աղուանական ներկայացնող յայտարարութիւնները եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ դրսեւորուած հեգնական վերաբերմունքը:

Պատմական իրողութիւններու՝ քաղաքական նպատակայարմարութեամբ խեղաթիւրման այս փորձերը բացայայտ կեղծարարութիւն են եւ ոտնձգութիւն հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան եւ հոգեւոր ժառանգութեան դէմ: Այս գործելակերպը Ատրպէյճանի իշխանութիւններու որդեգրած հայատեաց քաղաքականութեան անթաքոյց արտայայտութիւնն է: 

Հերթական այս քարոզչական այցելութիւնը նպատակ ունի մոլորեցնելու միջազգային հանրութիւնը: Առանձնապէս ցաւալի եւ մտահոգիչ է այն հանգամանքը, որ պատմական կեղծիքներու տարածման մասնակից կը դարձուին Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկեայ դիւանագէտներ եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կ՚ակնկալէ, որ անոնք պատշաճ գնահատական տան հայկական սրբավայրերու ինքնութեան խեղաթիւրման, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ ոտնձգութիւններուն, հայատեաց քաղաքականութեան եւ իրենց մասնակցութեամբ չեն նպաստեր հայկական պատմական ժառանգութեան իւրացման քաղաքականութեան արդարացման:

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին բազմիցս ահազանգած է, որ Արցախի բռնի հայաթափումէն յետոյ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ կը վարուի պատմական յուշարձաններու իւրացման, հայկական սրբավայրերու, խաչքարերու եւ գերեզմաններու ոչնչացման, ինքնութիւնը փաստող վաւերագրերու վերացման քաղաքականութիւն, որու հերթական դրսեւորումն են Հաճիեւի յայտարարութիւնները:

Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ շարունակուող ոտնձգութիւնները պէտք է արժանանան Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու կողմէ պատշաճ գնահատականի եւ անոնց կանխման ուղղեալ գործօն քայլերու:

Մայր Աթոռը կոչ կ՚ուղղէ բարեկամ պետութիւններուն, միջազգային պատկան եւ ազգային կառոյցներուն՝ ամենայն ջանք ի գործ դնել կանխելու քրիստոնէական հնագոյն հայկական ժառանգութեան ապագայ ոչնչացումն ու իւրացումը:

Տարածաշրջանէն ներս յարատեւ խաղաղութեան հաստատումը կը պահանջէ յարգանք ժողովուրդներու հաւատքի, պատմական յիշողութեան եւ հիմնարար իրաւունքներու նկատմամբ: Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան անխաթար պահպանութիւնը, զայն կերտած Հայոց Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի իրաւունքներու իրացումը միջազգային անօտարելի պարատաւորութիւն է:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2026