ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Արմէն վրդ. Գալայճեանը, որ վերջին շրջանին տարեկան արձակուրդին բերումով այցելեց քաղաքս, ուր վայելեց Պատրիարքական Աթոռի ասպնջականութիւնը։ Հրաժեշտի զրոյցի ընթացքին հիւր հայր սուրբը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ բաժնեց կեցութեան օրերու տպաւորութիւնները, որոնք բաւական դրական էին։ Ան առանձնացուց քաղաքիս հայկական եւ քրիստոնէական այլ յարանուանութիւններուն պատկանող սրբավայրերուն վերաբերեալ մտածումները, որոնց վրայ աւելցան պատմամշակութային այժէքներու հետքերը։
Ամեն. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց, որ հիւր հայր սուրբը լաւ տպաւորութիւններ ունեցած էր քաղաքիս մէջ կեցութեան ընթացքին։ Ան յայտնեց, որ Պոլիսը եւ մանաւանդ՝ հայ Պոլիսը միշտ ունեցած են իրենց ձգողականութիւնը եւ ամբողջ հայաշխարհին ուշադրութեան առարկայ դարձած են։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը բարի վերադարձ յայտնեց հայր սուրբին՝ փոխանցելով իր ողջոյնները Բերիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Մակար արք. Աշգարեանի համար։