ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՊԱՆԻԱՅԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Սպանիայէն ժամանած խումբ մը գործարարներ։ Հիւրերուն ընկերացաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Սպանիոյ մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եկեղեցական խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Գրիգորեան։ Ներկայ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեան։
Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութեան անդամները նշեցին, որ Հայաստան իրենց այցելութեան նպատակն է երկու երկիրներու միջեւ գործնական կապերու ընդլայնումն ու տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը հայցելով՝ հիւրերը առանձնակի կարեւորութեամբ ընդգծեցին, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին իրենց այցելութիւնը պայմանաւորուած է հայ եւ սպանացի ժողովուրդներու միջեւ ձեւաւորուած պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային կապերով, ինչպէս նաեւ ընդհանուր քրիստոնէական արժէքներով։
Նորին Սրբութիւնը հայրաբար ողջունեց հիւրերը, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Ան բոլորին մաղթեց յաջողութիւն եւ բարի արդիւնաւորում՝ իրենց ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն համար, որոնք կը նպաստեն հայ եւ սպանացի ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու փոխադարձ ճանաչման խորացման։