ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանէ ներս իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան դրսեւորումները կը շարունակուին։ Ահագնացող պայքարի մթնոլորտին մէջ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը։
*
Հայաստանի Հանրապետութեան Արդարադատութեան նախարարութեան Քրէակատարողական ծառայութեան պետի ապօրինի որոշմամբ արգիլուած է Հայոց Եկեղեցւոյ կողմէ նշանակուած եկեղեցականներու մուտքը ազատազրկման վայրեր։ Քրէակատարողական հիմնարկի պետը փաստացի դադրեցուցած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ քրէակատարողական հիմնարկներու հոգեւոր ծառայութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, շրջանցելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ անտեսելով իրաւական կարգաւորումները, անհատ եկեղեցականներու հետ կնքած է աշխատանքային պայմանագրեր։ Այս քայլը իշխանութիւններու հերթական թիրախաւորուած ու հակաեկեղեցական արշաւն է՝ սահմանափակելու օրէնսդրութեամբ երաշխաւորուած Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեխնամ առաքելութիւնը հանրային կեանքէն ներս, ինչ որ դրսեւորուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինեալ ուժերէն ներս եւ կրթական ոլորտին մէջ։
«Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու մասին» օրէնքի 10-րդ յօդուածով ամրագրուած է ազատազրկման վայրերու մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեխնամ գործունէութիւն ծաւալելու առաքելութիւնը, իսկ «Խղճի ազատութեան եւ կրօնական կազմակերպութիւններու մասին» օրէնքի 17-րդ յօդուածը քրէակատարողական հիմնարկներէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ հոգեխնամ առաքելութիւնը կը համարէ՝ որպէս ազգային եկեղեցւոյ մենաշնորհ եւ օրէնքի ուժով կ՚երաշխաւորէ պետութեան կողմէ այդ գործունէութիւնը չխոչընդոտելու պարտականութիւնը։
Ըստ այդմ՝ մերժելի է այն փաստը, որ Քրէակատարողական ծառայութեան պետը՝ անտեսելով իր վերադաս նախարարութեան եւ Հայոց Եկեղեցւոյ միջեւ կնքուած պայմանագիրը, քրէակատարողական հիմնարկներէ ներս հոգեխնամ ծառայութեան իրականացման համար կատարած է ինքնակամ տնօրինութիւններ։ Մէկընդմիշտ պէտք է արձանագրել, որ վերոյիշեալ օրէնքներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արդարադատութեան նախարարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ միջեւ կնքուած պայմանագրի համաձայն՝ հոգեխնամ գործունէութիւն իրականացնող առարկան ո՛չ թէ անհատ քահանան է, այլ՝ Հայոց Եկեղեցին։
Նման գործելակերպը կոպիտ միջամտութիւն է եկեղեցւոյ ներքին կեանքին եւ կը կազմաքանդէ եկեղեցւոյ կանոնակարգուած ու կազմակերպուած հովուական ծառայութիւնը՝ զայն դարձնելով անհատական նախաձեռնութիւն եւ վարչական կամայականութիւն։
Եկեղեցւոյ դէմ շարունակուող այսօրինակ ապօրինի գործողութիւնները տարակոյս չեն թողուր, որ իշխող քաղաքական ուժը հակաեկեղեցականութիւնը վերածած է պետական քաղաքականութեան, ինչ որ կործանարար է, որով եւ՝ խստագոյնս դատապարտելի։
Տարիներ շարունակ քրէակատարողական հիմնարկներէ ներս իրականացուած հոգեւոր ծառայութիւնը եղած է Հայոց Եկեղեցւոյ կարեւոր առաքելութիւնը՝ միտուած ազատազրկուած անձանց հոգեւոր խնամքին, ապաշխարութեամբ անոնց վերափոխման եւ հասարակութեան արժանապատիւ վերադարձին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը յորդորէ Հայաստանի Հանրապետութեան Արդարադատութեան նախարարութեան յարգել օրէնքն ու եկեղեցական ընկալեալ կարգը եւ չխոչընդոտելով եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ վերականգնել քրէակատարողական հիմնարկներէ ներս հոգեւոր ծառայութեան բնական ընթացքը։