ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Երէկ, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Կիրակնօրեայ պատարագը ընթացիկ ըլլալէ հեռու էր՝ քանի երգեցողութիւնները կատարուեցան Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ Ս. Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Աթէշ Մազմանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։ Հաւատացեալները հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտի մէջ հետեւեցան Ս. Պատարագին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին Ս. Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբի անդամները շրջապատուեցան ջերմօրէն։ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլու եւ գործակից ընկերները ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնեցին դպիրներուն, որոնք փութացած էին շէնացնելու մեր այս գողտրիկ սրբավայրը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2026