ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԻՐԱԿԻԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ
Երէկ, Աշխարհամատրան կիրակիի առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան Ս. Պատարագի նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Օրուան պատարագիչն էր Տ. Շահէն քհնյ. Օհանեան: Ներկայ էր նաեւ Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայա: Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Քառասուն Մանկանց դպրաց դասի փոքրիկներու կազմին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սէրճան Կազէրօղլուի:
Օրուան քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ Ս. Հաղորդութիւնով, Աստուծոյ խօսքով եւ Ս. Հոգիով մարդ կը ստանայ իր մարմնի, մտքի եւ հոգիի աւիշը:
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ հաւատացեալները արձակման փուլին ստացան Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը:
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ «Յոյս» միութեան ընդունելութիւնը, որու ընթացքին ներկաները տեղեկութիւններ ստացան այս կառոյցի աշխատանքներու եւ կարիքներուն շուրջ։