ՉՈՐՍ ՆՈՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Այս կիրակի, Հոգեգալուստի տօնին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ եպիսկոպոսական օծում ու ձեռնադրութիւն պիտի ստանան չորս վարդապետներ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը այսպէսով պիտի համալրուի նոր եպիսկոպոսներով։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսներու օծումը բացառիկ իշխանութիւնն է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, այս տարուան Հոգեգալստեան տօնը պիտի ունենայ բացառիկ նշանակութիւն։ Պիտի մատուցուի Հայրապետական Ս. Պատարագ, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եպիսկոպոսութեան պիտի կոչէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ չորս սպասաւորները։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ այս կիրակի եպիսկոպոս պիտի ձեռնադրուին՝ Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Իսահակ վրդ. Պօղոսեան, Մասեացոտնի թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Ռուբէն վրդ. Զարգարեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Անանիա վրդ. Ծատուրեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա ծայրագոյն վարդապետ Բաղումեան։
ՀԻՒՐԵՐ
Միւս կողմէ, երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի (Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան) Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւանց գրասենեակի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Եանէժ Լենարչիչը:
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ՝ Եանէժ Լենարչիչի կողմէ գլխաւորուած դիտորդական առաքելութիւնը պաշտօնի կոչուած է երկրէն ներս:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական համակարգի հաղորդումներով՝ երէկուան հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանէ ներս նախընրտական շրջանին առկայ հասարակական-քաղաքական իրադրութեան: Վեհափառ Հայրապետը եւ Եանէժ Լենարչիչ անդրադարձան ընտրական գործընթացներու խաղաղ եւ թափանցիկ ընթացքի պահպանման, հանրային վստահութեան ու համերաշխութեան մթնոլորտի պահպանման անհրաժեշտութեան:
Նորին Սրբութեան կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի քահանայ Արթէնեան:
Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի պատուիրակութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այցը յաջորդեց Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նախօրէի նստաշրջանին: ԳՀԽ-ի նստաշրջանէն վերջ կատարուած յայտարարութեան մէջ մասնաւոր տեղ տրուած էր Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) հարթութեան վրայ վերջերս ընդունուած՝ Հայաստանի նախընտրական գործընթացին վերաբերեալ կողմնակալ ու մոլորեցուցիչ յայտարարութիւններուն, որոնցմով թիրախաւորուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ԳՀԽ-ի յայտարարութեան մէջ ԵԽԽՎ-ի դիրքորոշումը արձանագրուած էր քննադատութեամբ, պատշաճ հակազդեցութեամբ: