ՇՆՈՐՀՔ ԵՒ ՈՉ ԹԷ ՊԱՐԾԱՆՔ

Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ խօսելով Սուրբ Հոգիի շնորհքներուն մասին, կը շեշտէ, թէ՝ «թէեւ զանազան շնորհքներ կան, բայց պարգեւող Հոգին նոյնն է» (Ա. Կր 12.4): 

Այսօր յաճախ մարդիկ կը պարծենան, թէ իրենք այս կամ այն շնորհքը ունին եւ թէ Աստուած իրենց յատուկ շնորհք տուած է, եւ այլն: Պարծենալը ինքնին աստուածային, աւելին՝ Սուրբ Հոգիի շնորհքներու պարագային, արդէն իսկ մեղք է եւ մարդս կը տանի հպարտութեան, այն ինչ Աստուած խոնարհ սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ կը գործէ: Մարդ եթէ կը գիտակցի, որ Աստուծմէ շնորհք ստացած է, ապա ո՛չ թէ կը պարծենայ, այլ՝ իր կարելին կ՚ընէ, որ այդ շնորհքը ծառայեցնէ Աստուծոյ փառքին համար: Այլ խօսքով, մարդ իրեն տրուած շնորհքով կամ շնորհքներով պարծենալու փոխարէն, պէտք է առիթ տայ այդ շնորհքին, որպէսզի գործէ ու յառաջանայ իր մէջ՝ բարի պտուղներ տալու համար:

Ոմանք ալ աւելի խորը երթալով՝ կը հպարտանան, թէ իրենց ունեցած շնորհքը աւելի կարեւոր է, աւելի ազդու է, եւ այլն: Պօղոս առաքեալի մատնանշումը, սակայն, պարզ եւ յստակ է, թէեւ տարբեր շնորհքներ կան, բայց նո՛յն Հոգին է, որ այդ բոլոր շնորհքները կը պարգեւէ մարդոց: Մարդիկ, կարեւորը, պէտք է առիթ տան, ինչպէս վերն ալ նշեցի, որպէսզի այդ շնորհքները գործեն ու յառաջանան իրենց մէջ: Ոմանց մօտ արագ կը գործեն ու կը յառաջանան, իսկ ոմանց մօտ ալ դանդաղ: Առաջիններուն մասին Սուրբ Մակար Մեծը հետեւեալը կը գրէ.

* Ոմանք սկիզբէն կը ստանան Սուրբ Հոգիին շնորհքներուն պարգեւը եւ հաւատքին ու աղօթքին զօրութեամբ կեանքի մէջ անմիջապէս կը յառաջանան, առանց ճիգի ու յոգնութեան, մինչ աշխարհի մէջ են: Աստուած անոնց ի զուր տեղ, անյարմար ժամանակի եւ որպէս պատահականութիւն չէ, որ կու տայ շնորհքը, այլ՝ անճառելի եւ անըմբռնելի իմաստութեամբ, որպէսզի քննէ անոնց ընտրութիւնն ու ազատ կամքը, որոնք Աստուծոյ շնորհքը այդքան արագ եւ շուտ ստացան: Ինչպէս նաեւ բացայայտելու համար, թէ արդեօք անոնք զգացին ու գնահատեցի՞ն արդիւնքը եւ թէ գիտակցեցան ու անդրադարձա՞ն Աստուծոյ բարութեանն ու քաղցրութեանը, որ իւրաքանչիւրին տրուեցաւ շնորհքի աստիճանին համաձայն, առանց երբեք իրենց կողմէ կատարուած ճիգի, եւ արժանի նկատուեցան՝ զանոնք ստանալու: Այս բոլորին դիմաց, սակայն, անհրաժեշտ է, որ անոնք նախանձնախնդրութիւն եւ ջանասիրութիւն ցուցաբերեն, կենսունակութեամբ աշխատին ու պայքարին դաշտին մէջ, սիրոյ, հաստատամտութեան եւ կամքին պտուղները կրեն եւ Տիրոջ պարգեւած հոգեւոր շնորհքներուն փոխարէն՝ իրենց անձերը ամբողջութեամբ Անոր սիրոյն յանձնեն, միայն Անոր կամքը կատարեն եւ մարմնաւոր ցանկութիւններէ հեռանան (Մեծն Սուրբ Մակար, «Հոգեւոր քարոզներ», հայացուց՝ Մակար եպիսկոպոս Աշգարեան, Անթիլիաս 2021, էջ 247-248):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

22 մարտ 2026, Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2026