ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐ ԶԱՆԳԱԿԻՆ ՕԾՈՒՄԸ

Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ նոր զանգակատան բացումն ու նոր զանգակի օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր կողքին էին պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ։ Օծման արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կանոնական ճաշու ժամ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Բացօթեայ հաւաքոյթին եւս նախագահեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Հիւրերու շարքին էր Հանրապետութեան նախագահութեան մշակոյթի եւ արուեստի քաղաքականութիւններու խորհուրդի անդամներէն Արամ Քուրան։ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մասիս Գույումճու եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները, որոնք բացօթեայ հաւաքոյթի ընթացքին բարձր տրամադրութեան մէջ էին։

Հաւաքոյթի ընթացքին բոլոր ներկաները դրուատիքով արտայայտուեցան թաղային խորհուրդի գործունէութեան մասին՝ մանաւանդ, որ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսանւորիչ եկեղեցւոյ մէջ վերջին շրջանին նկատելի աշխուժութիւն ստեղծուած է եւ թաղային խորհուրդը ջանք չի խնայեր՝ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի կանթեղը վառ պահելու ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2026