ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԱԼԼԱՅԻ ՄՕՏ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան նախընթաց օր Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս հիւրընկալեց Ռամալլայի մօտ Նորվեկիոյ ներկայացուցիչ Էրիք Պերկրաւը։ Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ նորվեկացի դիւանագէտը քննարկեցին Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներու դժուարութիւններն ու անոնց բաժին վիճակած մարտահրաւէրները։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Էրիք Պերկրաւ կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ այդ բոլորի յաղթահարման հաւանական ուղիներուն շուրջ։

Զրոյցին ներկայ էր նաեւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան վրդ. Գոգճեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2026