ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան 9-րդ գումարման Ազգային ժողովի պաշտօնամուտի օրը բնորոշուեցաւ՝ երկրէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր առկայ հակաեկեղեցական արշաւի հերթական դրսեւորումով։ Այսպէս, հակառակ երկրի օրէնսդրութեան մէջ նախատեսուած ըլլալուն՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը չհրաւիրուեցաւ խորհրդարանի անդրանիկ նիստին, որու ընթացքին պէտք է հանդէս գար աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով։ Վեհափառ Հայրապետի բացակայութեան մասին բարձրաձայնեց խորհրդարանի ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան, որու բնակարանէն ներսնախօրէին խուզարկութիւններ կատարուած էին իրաւապահ մարմիններուն կողմէ։ Նորին Սրբութեան դէմ որդեգրուած այս ընթացքին մասին արդէն օրերէ ի վեր կ՚անդրադառնային զանգուածային լրատուութեան միջոցները։ Պահ մը հաղորդումներուն մէջ հաւանական դարձած էր, որ Վեհափառ Հայրապետին փոխարէն՝ տիրադաւ եպիսկոպոսներէն մին պիտի հրաւիրուէր աղօթք արտասանելու։ Յամենայնդէպս, վերջ ի վերջոյ ընդհանրապէս ոեւէ հոգեւորական չյայտնուեցաւ խորհրդարանի ամպիոնին մօտ եւ նախատեսուած արարողակարգն ու ընթացակարգը այսպէսով խախտուած եղաւ։ Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ ընդդիմութեան առաջարկեց նոր խորհրդարանէն ներս յարաբերութիւններուն սկսիլ զերոյական կէտէ, այս նիւթին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելու ժամանակ հաւատարիմ մնաց նախկին շրջանի ծայրայեղ ոճին՝ ընդգծելով, որ իրեն համար գոյութիւն չունի Ամենայն հայոց կաթողիկոս մը։
Միւս կողմէ, Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու երեսփոխանները երէկ այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու երեսփոխանները Վեհարանի գահասրահի երդիքին տակ մէկտեղուեցան Նորին Սրբութեան հետ։ Նորընտիր պատգամաւորներուն անունով Վեհափառ Հայրապետը ողջունեցին խմբակցութիւններու ղեկավարներ Նարեկ Կարապետեանն ու Աննա Գրիգորեանը։ Նորին Սրբութեան կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան եւ Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ եպսկ. Պապայեան։
Նարեկ Կարապետեան երէկուան հանդիպման ընթացքին ըսաւ. «Հակառակ օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգաւորման՝ ըստ որու Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանի բացման ելոյթի իրաւունք վերապահուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ սա չէ ապահովուած։ Այս իսկ պատճառով «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնը եկած է Մայր Աթոռ՝ օրհնութիւն ստանալու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն»։
Իր կարգին, Աննա Գրիգորեանն ալ արձանագրեց, որ իբրեւ Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներ, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն օրէնսդրական մարմնի պատգամաւորներ՝ իրենց հոգեւոր պարտքն էր այցելել Վեհափառ Հայրապետին։ «Դժբախտաբար, այս իշխանութեան ապազգային արշաւի պայմաններուն ներքեւ, երբ առաջին անգամ մեր պետութեան պատմութեան մէջ Վեհափառ Հայրապետի պատգամը, աղօթքն ու մաղթանքը չլսուեցաւ Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստին, պարտաւոր էինք սրբագրել կատարուածը», ըսաւ ան։
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը ողջոյններն ու օրհնութիւնը փոխանցեց երեսփոխաններուն՝ ընդգծելով, որ յայտնի պատճառներով հնարաւորութիւն չէ ունեցած՝ ըստ սահմանուած կարգի եւ ձեւաւորուած աւանդութեան մասնակցելու Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստին եւ բերելու պատգամաւորներուն Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը եւ Հայրապետական իր պատգամը։
Նորին Սրբութիւնը ի մասնաւորի խօսեցաւ երկրէն ներս եւ ազգային կեանքին մէջ առկայ մտահոգիչ կացութեան եւ ծանր հիմնախնդիրներուն մասին։ «Այսօր մեր երկրի առջեւ ծառացած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները կ՚ենթադրեն նոր փորձութիւններ, որոնց յաղթահարման հաւանական ուղիները կը պահանջեն առաւելագոյն ջանքեր, պետական ու ազգային կառոյցներուն, մասնագիտական տարբեր ասպարէզներու մէջ քաջահմուտ գործիչներու համախմբուածութիւն։ Այս իրավիճակի դէմ յանդիման մեծապէս մտահոգիչ են նաեւ ազգային ներքին կեանքի առկայ անհամերաշխութիւնը, ջլատիչ վնասաբեր գործողութիւնները, հասարակական պառակտուածութիւնը, քաղաքական բեւեռացումը, նուիրական արժէքներու եւ ընկալումներու աղաւաղումը, նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ գործադրուած օրինազանց, հակասահմանադրական քայլերը, որոնք կը խոչընդոտեն եկեղեցւոյ արդիւնաւոր առաքելութիւնը ազգային անդաստանէն ներս։ Նման անընդունելի երեւոյթները կը խարխլեն ազգային միաբանութեան հիմքերը, սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները, կը խաթարեն հանրութեան մէջ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան մթնոլորտը, ժողովրդավարութեան եւ օրինականութեան ամրապնդումը, արդարութեան ու ճշմարտութեան գերակայութիւնը», ընդգծեց ան:
Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը աւելցուց նաեւ հետեւեալը. «Մենք մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ եկեղեցի ենք եւ այս ամբողջութիւնը յուսալի ապաւէնն է աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու յարատեւութեան եւ իղձերուն մարմնաւորման։ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին բազմադարեայ իր ծառայութեան ընթացքին միշտ սատար եղած է ազգին ու հայրենիքին, պետականութեան գոյութեան պայմաններուն մէջ նաեւ աջակից եղած է իշխանութիւններուն՝ կերտելու հզօր ու բարեկեցիկ երկիր եւ իրականութիւն դարձնելու երջանիկ ապագայի ազնիւ յոյսերը»։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը մատնանշեց, որ եկեղեցին պիտի շարունակէ իր կարողութիւններով զօրավիգ ըլլալ հայոց պետութեան բոլոր բարի իրագործումներուն՝ միտուած ազգի բարօրութեան ու յառաջընթացի ապահովման, հայրենիքի զօրացման ու պայծառութեան։
Ազգային ժողովի 9-րդ գումարման աշխատանքներու սկիզբին կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յորդորեց նորընտիր պատգամաւորներուն՝ օրէնսդիր առաքելութեան մէջ ըլլալ նախանձախնդիր, հաւատարիմ իրենց կոչման եւ յանձնարարութիւններուն, գործել յանուն հայրենիքի անվտանգութեան, հայոց անկախ պետականութեան զօրացման եւ ի բարօրութիւն ժողովուրդին։ Ան նաեւ պատգամեց առաջնորդուիլ ազգային համընդհանուր նպատակներու իրագործման բարձր գիտակցութեամբ, ժողովուրդին օրինակ ծառայել արդարամտութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ ազնուութեամբ։
Հանդիպման աւարտին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Երկնաւորէն հայցեց խաղաղ պահել հայոց պետութիւնը, համախումբ ու անխռով՝ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը եւ պատգամաւորներուն մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք՝ ի նպաստ երկրի բարգաւաճման ու յառաջընթացի։ Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը արտայայտեց իր գնահատանքը խմբակցութիւններուն, պատգամաւորներուն Հայոց Եկեղեցւոյ նկատմամբ դրսեւորած նուիրումի եւ որդիական սիրոյ համար՝ յատկապէս դժուարին այս շրջանին, երբ տակաւին կը շարունակուին իշխանութիւններու կողմէ սանձազերծուած արշաւն ու բռնաճնշումները, երբ ի պաշտպանութիւն Սուրբ Էջմիածնի արտայայտութեան համար առ այսօր կալանքի տակ կը մնայ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեան։
Հանդիպումը աւարտին ըսաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։