ՕՔՍՖՈՐՏԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ ՄԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Օքսֆորտի համալսարանի Պլեքֆրայըրս Հոլի Լաս Քասասի ընկերային արդարութեան կաճառի տնօրէն, աւագ գիտաշխատող տքթ. Հիւկօ Սլիմը։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեխնամ ու ազգապահպան առաքելութեան, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերային խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղեալ քայլերուն։ Զրուցակիցները կարեւորեցին քրիստոնէական եկեղեցիներու, գիտական շրջանակներու եւ մարդասիրական կառոյցներու գործունէութիւնը՝ ի նպաստ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման։
Հանդիպման ժամանակ կարծիքներ փոխանակուեցան Պլեքֆրայըրս Հոլիի ու Անգլիոյ թեմին միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման, Արցախի հայութեան իրաւունքներու եւ հայկական ժառանգութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ ակադեմական հետազօտութիւններու կազմակերպման, Օքսֆորտի մէջ գիտաժողովներու կազմակերպման շուրջ։ Քննարկուեցան նաեւ Պլեքֆրայըրս Հոլիի մէջ հոգեւորականներու ուսումնառութեան եւ հետազօտական աշխատանքներու հնարաւորութիւնները։