ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳԱԼԻՔ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ԽՈՍՏՈՒՄԸ

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։

Այս հաստատումը, որ հազարամեակներէ ի վեր որպէս բարի լուր կը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ ու կը հնչէ եկեղեցւոյ մէջ, շատերու ականջին կը հասնի որպէս անցեալի արձագանգ մը։ Կարծես թէ ան պատկանէր պատմութեան՝ դէպք մը, որ տեղի ունեցած ու վերջացած է, արձանագրուած է մատեաններու մէջ եւ այժմ տօնախմբութեամբ կը յիշատակուի սոսկ։ Արդէն ժամանակակից մարդը, որ բնականաբար կը ձգտի նորութեան եւ առաջընթացի, յաճախ կրօնքը չի՞ դասեր միթէ անցեալի արժէքներու շարքին՝ որպէս մշակութային ժառանգութիւն, բայց ոչ երբեք որպէս ապագան ձեւաւորող ուժ։

Սակայն քրիստոնէութիւնը իր էութեամբ անցեալի մէջ փակուած հաւատք մը չէ։ Ան ծնունդ կ՚առնէ պատմութեան մէջ, բայց չի բնակիր հոն, չի բանտուիր անցեալի մէջ։ Ան կը նայի դէպի ապագայ, դէպի գալիք։ Քրիստոնէութիւնը յիշողութեան կրօն չէ, այլ՝ գալիքի յայտնութեան հաւատք։

Այս ճշմարտութեան կեդրոնն է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆը։

Քրիստոսի յարութիւնը դէպք մը չէ միայն, որ տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի մէջ շուրջ երկու հազար տարի առաջ։ Այլ այն է, ինչ որ կը սկսի եւ կը շարունակուի։ «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. որ հաւատայ յիս, թէպէտ եւ մեռանի, կեցցէ» (Յովհ. ԺԱ․25)։ Այս խօսքերը չեն սահմանափակուիր ապագայի խոստումով, այլ կը յայտնեն ներկայէն սկսող նոր կեանք մը։

Յարութիւնը ապագայի ներխուժումն է ներկայի մէջ։

Բայց այստեղ անհրաժեշտ է կանգ առնել եւ յստակեցնել կարեւոր ճշմարտութիւն մը։ Այո՛, մենք կը տօնախմբենք Քրիստոսի յարութիւնը։ Բայց այս յաղթանակը միայն Իր յաղթանակը չէ։ Սա մեզմէ դուրս տեղի ունեցած հրաշք մը չէ միայն, որու հանդիսատեսներն ըլլայինք միայն։ Քրիստոսի յարութիւնը նախեւառաջ մեզի կը վերաբերի։

Ան խոստում մըն է՝ մեզի տրուած։

Յոյս մըն է՝ մեր սրտերու մէջ դրուած։

Ու կոչ մը՝ մեր կեանքը փոխող։

Քրիստոս ինք կ՚ըսէ, ինչպէս տեսանք վերն ալ. «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. որ հաւատայ յիս, թէպէտ եւ մեռանի, կեցցէ»։ Այս խօսքը չի սահմանափակուիր միայն Իր անձով։ Ան կը տարածուի մեր վրայ ալ։ Քրիստոսի յարութիւնը կը բանայ ճանապարհ մը, որու վրայ մենք ալ կանչուած ենք քալելու։

Ինչպէս կ՚ըսէ առաքեալը ու մենք կը կրկնենք ամէն կիրակի, Քրիստոս «եղեւ պտուղ եւ անդրանիկ ամենայն ննջեցելոց»։ Այսինքն՝ Ան առաջինն է, բայց ոչ միակն ու վերջինը։ Ան կը քալէ առջեւէն, որպէսզի մենք հետեւինք Իրեն։

Ուստի Զատիկը միայն յիշատակ չէ, այլ նաեւ ապագայի խոստում։ Մենք կը հռչակենք ո՛չ միայն որ Քրիստոս յարեաւ, այլ նաեւ՝ որ մենք պիտի յառնենք։ Մահը վերջնական խօսքի տէր չէ ո՛չ Իր վրայ, ո՛չ ալ մեր։

Այս հաւատքը կը փոխէ մարդու կեանքը իր արմատներէն սկսեալ։ Եթէ կեանքը չի փակուիր մահուամբ, ապա մեր գործերը, մեր սէրը, մեր զոհողութիւնները չեն կորսուիր։ Ամէն բան կը ստանայ յաւիտենական արժէք։

Այս պատճառով քրիստոնեան կը կրէ իր մէջ ո՛չ միայն յիշողութիւն մը, այլ ապագայ մը։ Ան կը կրէ յարութեան խոստումը իր սրտին մէջ։

Քրիստոսի մէջ այն ինչ որ մարդկութիւնը կը սպասէ վերջնականապէս, արդէն սկսած է։ Ան առաջինն է նոր ստեղծագործութեան մէջ։ Աստուած չի դադրիր ստեղծելէ. Ան կը շարունակէ նորոգել, վերափոխել, կենդանացնել։

Այս պատճառով քրիստոնեան այն մարդը չէ, որ անցեալին կառչած կը մնայ կամ պէտք է մնայ։ Ան այն մարդն է, որ կը պատկանի ապագային։ Ան կ՚ապրի ո՛չ միայն այն ինչ որ տեսանելի է, այլ նաեւ այն ինչ որ պիտի գայ։ «Մի՛ գանձէք ձեզ գանձս յերկրի… այլ գանձեցէք ձեզ գանձս յերկինս» (Մատթ. Զ։19-20)։

Բայց այս բոլորը ինչպէ՞ս կը դառնան իրականութիւն մեր առօրեայ կեանքին մէջ։

Յարութիւնը չի մնար գաղափար։ Ան կը մտնէ մեր օրուան մէջ։

Երբ մարդ յուսահատի իր կեանքէն՝ գործէ զրկուած, կամ ապագայի հանդէպ վստահութիւնը կորսնցուցած, յարութեան հաւատքը կը հրաւիրէ զայն դարձեալ կանգնելու։ Երբ ընտանիքի մէջ անախորժութիւն մը պատահի՝ խզուած յարաբերութիւններ, չներուած խօսքեր, յարութիւնը կը դառնայ ներելու եւ նոր սկիզբ տալու կարողութիւն։ Երբ ծնող մը իր զաւկին սորվեցնէ ո՛չ միայն մրցիլ, այլ նաեւ սիրել եւ բաժնել ունեցածը՝ ան արդէն կը սերմանէ գալիքի աշխարհը։ Երբ ուսուցիչ մը իր աշակերտին մէջ տեսնէ ո՛չ թէ միայն գնահատական ստացող մը, այլ ապագայի մարդը՝ ան կը գործէ յարութեան լոյսին տակ։

Նոյնիսկ ամենապարզ արարքներու մէջ յարութիւնը կը դառնայ շօշափելի իրողութիւն մը։ Երբ մէկը իր տան մէջ խնայէ ջուրը, խնամէ ծառ մը կամ մաքուր պահէ իր շրջապատը, այս փոքր քայլերը կը դառնան մասնակցութիւն արարչագործութեան պահպանութեան։ Սա միայն «բնապահպանութիւն» չէ, այլ ապագայի հանդէպ հաւատք։

Որովհետեւ եթէ աշխարհ չունենար ապագայ՝ ինչո՞ւ պահէինք զայն։

Բայց Քրիստոսի յարութիւնը կը յայտնէ, որ աշխարհը ունի ապագայ Աստուծոյ մէջ։ «Ահաւասիկ առնեմ զամենայն նոր» (Յայտ. ԻԱ։5)։ Այս խոստումը կը ներառէ ո՛չ միայն մարդը, այլ ամբողջ արարչագործութիւնը։

Այսօր մենք կը տեսնենք բնութեան տագնապը։ Անտառներ կը կտրուին, ջուրեր կ՚աղտոտին, կենդանիներ կը ջարդուին։ Այս բոլորը միայն բնապահպանական խնդիրներ չեն, այլ նաեւ հոգեւոր հարցեր։ Անոնք կը յայտնեն, թէ մարդը մոռցած է, որ ինք պահապան է, ոչ թէ միայն օգտուող։

«Եւ առ Տէր Աստուած զմարդն զոր արար, եւ եդ զնա ի դրախտին փափկութեան գործել զնա եւ պահել» (Ծննդոց 2․15)։ Այս կոչումը այսօր ալ կը մնայ։ Եւ յարութեան լոյսին տակ ան կը դառնայ աւելի հրատապ։

Երբ քրիստոնեան հաւատայ, որ աշխարհ պիտի նորոգուի, չի կրնար անտարբեր ըլլալ անոր ներկայ վիճակին հանդէպ։ Ան կը սկսի ապրիլ որպէս մէկը, որ արդէն կը պատրաստէ գալիքը։

Եկեղեցին այս իմաստով միայն աղօթքի վայր չէ։ Ան դպրոց է ապագայի։ Ան կը ձեւաւորէ մարդիկը, որոնք կը սորվին այլ կերպ ապրիլ՝ ո՛չ թէ սպառելով, այլ բաժնեկցելով, ոչ թէ քայքայելով, այլ պահպանելով։

Երբ համայնք մը միասնաբար ծառեր կը տնկէ, կամ իր շրջապատը կը մաքրէ՝ այս արարքը կը դառնայ աղօթք՝ գործի մէջ։ Երբ եկեղեցական կեանքը կը ձեւաւորէ հեզութիւն, չափաւորութիւն եւ երախտագիտութիւն՝ ան կ՚ընդդիմանայ սպառողական մշակոյթին։

«Երանի հեզոց, զի նոքա ժառանգեսցեն զերկիր» (Մատթ. Ե։5)։ Հեզութիւնը այստեղ կը դառնայ ապագայի բանալին։

Այսօրուան աշխարհը յաճախ կը կորսնցնէ ապագայի յոյսը։ Երիտասարդը կը հարցնէ. «Ի՞նչ աշխարհ պիտի ունենանք վաղը»։ Երբեմն պատասխանը մութ կը թուի։ Բայց յարութիւնը կը հակառակի այս մթութեան։ Ան կը յայտնէ, որ ապագան փակ չէ։

«Մի՛ երկնչիք» (Մատթ. ԻԸ։10)։

Այս խօսքը ուղղուած է նաեւ մեզի։ Ան մեզ կը կանչէ ապրելու յոյսով, ո՛չ թէ վախով։ Յոյսով, որ հիմնուած է ո՛չ թէ մեր ուժերու վրայ, այլ Աստուծոյ գործին վրայ։

Ուստի Զատիկը միայն յիշատակ չէ։ Ան դուռ մըն է, որ կը բացուի դէպի նոր աշխարհ։ Ան լոյս մըն է, որ կու գայ գալիքէն եւ կը լուսաւորէ ներկան։

Եւ քրիստոնեան այն մարդն է, որ կը քալէ այդ լոյսին մէջ, նոյնիսկ երբ աշխարհ դեռ խաւարով լեցուն է։

Քրիստոս յարեաւ… Եւ ապագան արդէն սկսած է։

Թող այս Զատիկը մեզի համար ըլլայ ո՛չ միայն տօն, այլ նաեւ որոշում։ Որոշում՝ ապրելու որպէս գալիքի մարդիկ։ Որոշում՝ պահելու արարչագործութիւնը որպէս սուրբ շնորհ։ Որոշում՝ մեր ամենօրեայ կեանքի մէջ փոքր, բայց իրական քայլերով վկայելու, թէ նոր աշխարհը արդէն ծնունդ կ՚առնէ։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի։

ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2026