ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Սիրելի՛ ընթերցող, անգամ մը եւս մեծ ուրախութեամբ կը տօնենք մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը։

Պէտք է խոստովանիլ, որ Քրիստոսի Ս․ Յարութիւնը որքան ալ ջերմեռանդութեամբ ու ուրախութեամբ տօնենք, այս ուրախութիւնը շատ անգամ աշխարհիկ սովորութիւններու տարուելու պատճառով՝ տօնական իմաստը շուքի տակ կը մնայ։

Որքան ալ Ս․ Զատիկը տարին անգամ մը տօնենք, պէտք չէ մոռնալ, որ քրիստոնեան ո՛չ միայն տարին անգամ մը, այլ միշտ պէտք է գիտակցի այս հրաշալի դէպքին, զոր Աստուած իրականացուց իբրեւ մեծագոյն հրաշք՝ մեղքն ու անոր պատճառ դարձած մահը դատապարտելով՝ մեզ կեանք պարգեւելով։ 

«Ուրեմն գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Եւ ահա՛ ամէն օր ես ձեզի հետ եմ՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը»։ (Նոր կտակարան, Մատ․ 28:19-20)

Յարութեան միւս ճշմարտութիւնը ո՛չ միայն քրիստոնեայ ամենաբարեպաշտիկ հաւատացեալի մը, այլ բոլոր մարդկանց համար դժուար հասկնալի ու ըմբռնելի իրականութիւն մը եղած է, նոյնիսկ դարեր շարունակ տարբեր մեկնութիւններու ալ դուռ բացած է, նաեւ Քրիստոսի աշակերտներն ալ նոյն տարակուսանքը ապրած են մեռելներէ յարութեան դիմաց՝ հակառակ, որ Յիսուս իրենց բազմիցս ըսած է, թէ ինք անիրաւ մարդոց ձեռք պիտի մատնուի եւ խաչը հանուի ու երրորդ օրն ալ յարութիւն պիտի առնէ։ 

«Մինչ անոնք Գալիլեայի մէջ կը մնային, Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը, ու պիտի սպաննեն զինք. բայց յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը»։ (Նոր կտակարան, Մատ․ 17:22-23)

«Բայց Պետրոս կանգնեցաւ եւ վազեց դէպի գերեզմանը. ծռելով՝ տեսաւ թէ լաթերը առանձին դրուած էին, ու գնաց՝ ինքնիրեն զարմանալով այդ պատահածին վրայ։ (Նոր կտակարան, Ղուկաս, 24:12)

Մահ եւ յարութիւն. երկու ճշմարտութիւնն ալ մարդ արարածի միշտ միտքը զբաղեցուցած եւ անհասկնալի եղած է։ Սուրբ Գիրքէն գիտենք, որ մահը աշխարհ եկաւ նախամարդ Ադամի անհնազանդութեամբ, եւ նոյնպէս մարդ յարութեան արժանացաւ երկրորդ ադամ Քրիստոսի միջոցաւ։

 «Որովհետեւ ինչպէս Ադամով բոլորը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով բոլորը կեանք պիտի ստանան։ (Նոր կտակարան, Ա․ Կորնթ. 15:22)

Աստուած երբ Ադամին պատուէր տուաւ, որպէսզի չուտէ այն ծառին պտուղէն, զոր ուտելու ժամանակ պիտի մեռնէր, այդպէս ալ եղաւ՝ բայց ոչ թէ պտուղը ուտելու պահուն, քանի որ ուտելէ վերջ երկար տարիներ ապրեցաւ։ «Ադամի ապրած բոլոր օրերը ինը հարիւր երեսուն տարի եղան, երբ մեռաւ»։ (Ծննդոց, 5:5) Ուրեմն պէտք է գիտնալ, որ մեղք եւ սխալ մը գործելու ժամանակ իր վատ պտուղները ժամանակի ընթացքին ի յայտ կու գան։

Ինչպէս ըսինք, մահուան եւ յարութեան ճշմարտութիւնները այլոց կողմէ շարունակ տարբեր ակնկալուած եւ մեկնաբանուած են։ 

Մահը իր անորոշութեամբ մարդ արարածի անընդունելի եւ անհասկնալի է, միւս կողմէ, կարծէք մահուան դատապարտութիւնը սատանան մեր միտքէն հանել չ՚ուզեր եւ նոյնպէս Յարութիւնն ալ կը մնայ անհասկնալի ու խորհրդաւոր։ Ս. Գիրքի մէջ յարութեան մասին գրուածները կարդալու ժամանակ որքան ալ գործնականի մէջ հաւատանք, կը տեսնուի, թէ մեռելներէ յարութիւնը մեր միտքերէ վեր կը մնայ, նաեւ ճշմարիտ եւ ուղիղ ըմբռնումի ու ուսուցման կը կարօտի։

Այս իրականութեան իբրեւ առաջին օրինակ Ղազարոսի յարութիւնն է։ Յիսուս կ՚ըսէր. «Ե՛ս եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ա՛ն որ կը հաւատայ ինծի, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։ (Նոր կտակարան, Յով․ 11:25)

Յիսուսի բարեկամ Ղազարոսի՝ Մարթա եւ Մարիամ միասին նոյնը կ՚ըսէին իրենց եղբօր մահուան մասին։ «Մարթա ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։ (Նոր կտակարան, Յով. 11:24) Բայց, երբ Յիսուս Ղազարոսի գերեզմանը գնաց ու երբ Յիսուս ըսաւ. «Վերցուցէ՛ք այդ քարը»։ Մեռելին քոյրը՝ Մարթա՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, արդէն նեխած պիտի ըլլայ, որովհետեւ չորս օրուան է»։ (Նոր կտակարան, Յով․ 11:39)

Թէ՛ Յիսուս իր քարոզութեան եւ թէ Յիսուսի աշակերտներ իրենց քարոզութեանց օրերուն երբ մեռելներէ յարութիւն կը քարոզէին, դէմ յանդիման մնացին աղանդաւորներու, ինչպէս նաեւ հարցումներուն ու հակամարտութեանց կրօնաւոր ու հասարակ մարդոց, որոնք իրենց թեր ու դէմ միտքը կը յայտնէին մեռելներէ յարութեան մասին։ Ասոնցմէ էին Սադուկեցիները, որոնք բնաւ չէին հաւատար յարութեան եւ անոնց համար մահուընէ յետոյ ամէն ինչ կը վերջանար։

«Նոյն օրը անոր քով եկան Սադուկեցիները, որոնք կ՚ըսեն թէ յարութիւն չկայ»։ (Նոր կտակարան, Մատ․ 22:23-24)

Սադուկեցիներու համար ամէն ինչ այս աշխարհով սահմանափակուած էր, ուրեմն կ՚ուզէին ու կը փորձէին տարհամոզել մարդիկը այս վարդապետութեան ուսուցումով, զոր Յիսուս կը զգուշացնէր մեզ հեռու մնալ անոնց մտածելակերպերէն։ 

«Զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու խմորէն»։ (Նոր կտակարան, Մատ․ 16:11)

Առաքեալներու քարոզութեանց օրերուն եւս կային տարբեր խմբաւորումներ, որոնք չէին լսած Քրիստոսի ու Իր Յարութեան մասին։

«Իսկ Պօղոս ամէն Շաբաթ օր կը խօսէր ժողովարանին մէջ, եւ կը համոզէր Հրեաներն ու Յոյները։ Երբ Շիղա եւ Տիմոթէոս իջան Մակեդոնիայէն, Պօղոս հոգիի կսկիծով կը վկայէր Հրեաներուն թէ Յիսուս՝ Քրիստո՛սն է»։ (Նոր կտակարան, Գործք առաքելոց, 18:4-5)

Յոյներ ո՛չ թէ ուղղակի մեռելներու յարութեան, այլ միայն հոգւոյ փրկութեան կը հաւատային եւ մարմինը ճշմարիտ կեանքի առջեւ իբրեւ արգելք տեսնելով՝ կը սպասէին այն օրուան, երբ հոգւոյ ազատութիւնը կարելի պիտի ըլլար մահանալէ վերջ, նաեւ մեռելներէ յարութիւնը հոգւոյ անմահութիւն ըլլալով կը տեսնէին։

Այդ էր պատճառը, որ Պօղոս առաքեալի ուսուցումը կը ծաղրէին։

«Երբ լսեցին մեռելներու յարութեան մասին՝ ոմանք ծաղրեցին, իսկ ուրիշներ ըսին. Այս մասին դարձեալ մտիկ պիտի ընենք քեզի»։ (Գործք առաքելոց, 17։32)

Իսկ գալով հրեաներուն, անոնց համար միայն մարդու մարմինը արժէքաւոր էր, ուրեմն, կը հաւատային, որ մարդու մարմինը պիտի չկորսուի եւ մարդը յարութիւն պիտի առնէ նոյն իր մարմինով։

Գալով քրիստոնեաներուս, յարութեան հաւատքը այն է, որ ի Քրիստոս ննջեցեալ մը պիտի ապրի, նոյնիսկ եթէ մեռնի։ 

Յիսուս ըսաւ անոր. «Ե՛ս եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ա՛ն որ կը հաւատայ ինծի, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։ (Նոր կտակարան, Յով․ 11:25)

Բայց եւ այնպէս, այդ յարութիւնը պիտի ըլլայ ըստ Պօղոս առաքեալի բացատրութեամբ։ 

«Այսպէս նաեւ մեռելներուն յարութիւնը։ Մարմինը կը սերմանուի ապականութեամբ, եւ յարութիւն կ՚առնէ անապականութեամբ. կը սերմանուի անպատուութեամբ, ու յարութիւն կ՚առնէ փառքով. կը սերմանուի տկարութեամբ, եւ յարութիւն կ՚առնէ զօրութեամբ։ Կը սերմանուի իբր շնչաւոր մարմին, ու յարութիւն կ՚առնէ իբր հոգեւոր մարմին։ Շնչաւոր մարմին կայ, նաեւ հոգեւոր մարմին կայ, եւ սա՛ գրուած է. «Առաջին մարդը՝ Ադամ՝ եղաւ ապրող անձ». իսկ վերջին Ադամը՝ ապրեցնող հոգի»։ (Ա․ Կորնթ. 15-42)

Ուրեմն, սիրելի՛ ընթերցող, իբրեւ յարութեան որդիներ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ թեսաղոնիկեցիներու ուղղած նամակին մէջ կ՚ըսէ, որ անգէտ չըլլանք ննջեցեալներու մասին եւ չտխրինք մահուան դիմաց, եւ ապաւինինք Քրիստոսի յարութեան, քաջալերենք զիրար այս խօսքերով։

«Ուրեմն անոր հետ թաղուեցանք մկրտութեամբ՝ մահուան համար. որպէսզի ինչպէս Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ՝ Հօրը փառքով, այնպէս ալ մենք ընթանանք նոր կեանքի մէջ»։ (Նոր կտակարան, Հռոմ․ 6:4-5)

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց.
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2026