ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍՈՎ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆՔ
«Այսօր յարեաւ ի մեռելոց փեսայն անմահ եւ երկնաւոր»
(Օրհնութեան շարական՝ Ս. Յարութեան)
Ինչո՞ւ կը խաւարի աշխարհը, երբ «այսօր յարեաւ ի մեռելոց» լոյսը կը ծագի։ «Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց»։
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ տօներու շարքին մէջ Ս. Յարութեան տօնը կը մնայ որպէս անսահման խորք ունեցող եւ անանցելի փառքով լեցուն գագաթնակէտը։ Այսօր եւս, ինչպէս դարեր առաջ, ան կը շարունակէ ըլլալ հաւատացեալներու կեանքին մէջ ամենէն մեծ յոյսի աղբիւրը, ամենէն զօրեղ մխիթարութիւնը եւ ամենէն լուսաշող ճշմարտութիւնը։ Արեւածագի նման ան կը ցոլայ մարդկային հոգիներուն մէջ, յիշեցնելով, թէ խաւարը երբեք վերջնական չէ, եւ մահը՝ երբեք յաղթական։
Կեանքը, իր արագընթաց ընթացքով՝ կը տանի մարդը դէպի անորոշութիւններու եւ փորձութիւններու դաշտ։ Մարդկութիւնը կը բախի պատերազմներու, տագնապներու եւ անարդարութիւններու ալիքներուն, եւ շատ անգամ կը թուի, թէ յոյսը կը նահանջէ։ Բայց ահա Ս. Յարութեան աւետիսը կը հնչէ նոր ուժով՝ որպէս յաւիտենական ճշմարտութիւն.
«Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը. ան որ կը հաւատայ ինծի, թէեւ մեռնի, պիտի ապրի» (Յովհ. 11.25)։
Այսօր կը տօնենք ո՛չ միայն պատմական դէպք մը, այլ՝ տիեզերական մեծագոյն հրաշքը։ Քրիստոսի Յարութիւնը կը կործանէ մահուան բռնակալութիւնը եւ կը բանայ յաւերժութեան դռները մարդկութեան առջեւ։ Անիկա միայն անցեալի իրողութիւն մը չէ, այլ ներկայի կենդանի փորձառութիւն եւ ապագայի անխախտ երաշխիք։ Թափուր գերեզմանը կը դառնայ կենդանի քարոզիչ մը՝ որ կը վկայէ, թէ կեանքը յաղթեց մահուան։
Ս. Գիրքը յստակօրէն կը վկայէ. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, երախայրիք ննջեցելոց եղաւ» (Ա. Կորնթ. 15.20)։ Եւ դարձեալ. «Ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը պիտի կենդանանան» (Ա. Կորնթ. 15.22)։ Եւ եւս. «Օրհնեալ է Աստուած եւ Հայրը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ իր մեծ ողորմութեամբ մեզ վերստին ծնաւ կենդանի յոյսի՝ Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութեամբ» (Ա. Պետրոս 1.3)։
Այս մեծ հրաշքը դարձաւ առաքեալներու կեանքի շրջադարձային պահը։ Անոնք, որոնք վախով եւ տարակուսանքով փակուած էին, Յարութեան լոյսով դարձան անվախ քարոզիչներ։ Անոնց սրտերուն մէջ բոցավառուեցաւ այն հաւատքը, որուն աղբիւրը Յարուցեալ Տէրն էր։ Այսօր նոյն այդ հաւատքը կը հրաւիրէ մեզ, որպէսզի մեր կեանքերէն ներս վերանորոգենք յոյսը եւ ամրապնդենք վստահութիւնը Աստուծոյ նկատմամբ։ «Եթէ Քրիստոս ձեր մէջ է… հոգին կեանք է արդարութեան համար» (Հռովմ. 8.10)։
Եկեղեցւոյ հայրերը եւս իրենց հոգեւոր խորատեսութեամբ լուսաբանեցին այս մեծ խորհուրդը։ Սուրբ Օգոստինոս կը գրէ. «Քրիստոսի Յարութիւնը մեր յոյսն է», յիշեցնելով, թէ այս հրաշքը միայն Քրիստոսի մասին չէ, այլ ամբողջ մարդկութեան ապագային։ Սիրելի ժողովուրդ, մենք Յարութեան ժողովուրդն ենք, եւ մեր կեանքը պէտք է վկայէ այդ մասին։ Ուստի, կը հրաւիրուինք մեր կեանքով ապրելու Յարութեան ճշմարտութիւնը։
Եկեղեցւոյ քնարական շունչը կը միանայ այս ուրախութեան եւ կը հնչեցնէ. «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց փեսայն անմահ եւ երկնաւոր. քեզ աւետիք խնդութեան հարսն ի յերկրէ եկեղեցի. օրհնեա ի ձայն ցնծութեան զԱստուած քո Սիօն»:
Յարութեան լոյսը միայն հոգեւոր խորհրդանիշ չէ, այլ իրական զօրութիւն մը, որ կը փոխակերպէ մարդկային կեանքը։ Ան կը քանդէ յուսահատութեան շղթաները, կը բժշկէ հոգիները եւ կը վերածնէ մարդուն ներսի մարդը։ Ան կը յիշեցնէ, թէ ո՛չ մէկ պատերազմ, ոչ մէկ չարիք եւ ոչ մէկ խաւար կրնայ վերջնականապէս տիրել այնտեղ, ուր Քրիստոսի լոյսը կը փայլի։ «Լոյսը խաւարին մէջ կը փայլի, եւ խաւարը զայն չյաղթեց» (Յովհ. 1.5)։
Այսօր, երբ աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ պատերազմներ կը շարունակուին եւ մարդկութիւնը կը տառապի անորոշութեան եւ վախի ստուերին տակ, Ս. Յարութեան պատգամը կը դառնայ նաեւ աղօթք եւ բարեմաղթութիւն։ Թող Յարուցեալ Տէրը Իր խաղաղութիւնը պարգեւէ բոլոր ժողովուրդներուն, եւ սփռէ հաշտութիւն, արդարութիւն եւ եղբայրութիւն աշխարհի մէջ։
Սակայն, մեր մեծագոյն մաղթանքը կը բարձրանայ առ Աստուած Իր Սուրբ Եկեղեցւոյ համար։ Թող Ս. Յարութեան լոյսը անսասան պահէ Քրիստոնէական Եկեղեցին իր ճշմարիտ հիմքերուն վրայ, որպէս «վեմ», որուն վրայ կը կանգնի հաւատքը։ Թող ան միշտ մնայ անշարժ՝ փորձութիւններու եւ ժամանակներու հողմերէն անդրդուելի, պահէ իր միութիւնը, իր սրբութիւնը եւ իր առաքելութիւնը։ Թող Եկեղեցին ըլլայ խաղաղութեան աղբիւր, մխիթարութեան օթեւան եւ ճշմարտութեան լոյս աշխարհին համար։
Յատկապէս կը մաղթենք, որ մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամ ապրի այս Յարութեան կենդանի փորձառութիւնը՝ սրտի խաղաղութեամբ, հաւատքի զօրութեամբ եւ սիրոյ լիութեամբ։ Թող մեր ընտանիքները ամրանան, մեր հոգիները լուսաւորուին եւ մեր կեանքը դառնայ վկայութիւն Յարուցեալ Քրիստոսի ներկայութեան, որպէսզի միասնական հոգիով քալենք դէպի յաւերժական կեանքի ճանապարհը։
Ուստի, նորոգուած հաւատքով եւ պայծառ յոյսով, եկէ՛ք միասնաբար աղաղակենք եւ աշխարհին հռչակենք՝
«ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ