Շաբաթ 7, Նոյեմբեր 2026
ԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՎԱՐԿԱՆԻՇԸ
Հայաստանէ ներս ամենաբարձր վարկանիշով կառոյցն է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին: Այս հանգամանքը յայտնի դարձաւ՝ վերջերս «Gallup»ի կողմէ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքներուն հիման վրայ: «Armatmedia»ի հաղորդումներով՝ հարցախոյզի մասնակիցներուն 59,1 տոկոսը լիովին հաւանութիւն տուած է եկեղեցւոյ գործունէութեան: Մասնակիցներու 13,9 առ հարիւրն ալ աւելի շուտ հաւանութեան արժանի նկատած է եկեղեցւոյ գործունէութիւնը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վայելած ժողովրդավարութեան այս վերահաստատումը լայն արձագանգ գտած է զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ: Հարցախոյզի արդիւնքը հրապարակուած է՝ Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ:
Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2026