ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՆՑՔ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), որ ներկայիս թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 120-ամեակի յոբելենական շրջանը, միեւնոյն ժամանակ, իր գործունէութիւնը կ՚երանգաւորէ նոր երեսակներով: Արդարեւ, ՀԲԸՄ Եւրոմիութեան հետ հաստատած է նոր գործընկերութիւն մը, որու հեռանկարները բաւական կարեւոր ձեռքբերումներու առիթ կրնան դառնալ: Այս փուլին ՀԲԸՄ կ՚ենթադրէ սփիւռքի ներուժը զօրաշարժի ենթարկել՝ այս անգամ ԵՄ-ի հետ համագործակցութեան ձեւաչափին մէջ: 

ՀԲԸՄ տասնամեակներ շարունակ եղած է հայապահպանման եւ ազգային ներուժի համախմբման առաջամարտիկներէն։ Այսօր, երբ հայութիւնը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական ու ազգային ներքին բարդ մարտահրաւէրներու առջեւ, կազմակերպութեան դերն ու տեսլականը կը ստանան նորովի կարեւորութիւն։ ՀԲԸՄ գործունէութեան մէջ միշտ կը մատնանշէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ որպէս ազգային անփոխարինելի հիմնասիւն, անուրանալի դերը։ 

Երեւանի մէջ, վերջերս կազմակերպուած Հայաստան-ԵՄ անդրանիկ գագաթաժողովի ծիրէն ներս, նշանակալից քայլ մը առնուեցաւ ի նպաստ երկրի տնտեսական զարգացման եւ միջազգային համագործակցութեան տեսակաւորման։ Եւրոյանձնաժողովի Արեւելեան հարեւանութեան եւ Թուրքիոյ հարցերով տնօրէնուհի Ատրիէն Քիրալի մտադրութեան նամակներ փոխանցեց հայկական վեց ընկերութիւններու եւ հիմնադրամներու։ Այս նամակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքին մէջ՝ ներկայութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի եւ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի։ 

Այս նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն է Հայաստանի մէջ ներդրումներու խթանումը եւ հայկական ընկերութիւնները եւրոպական չափանիշերուն համապատասխանեցնելը։ Նամակները կը ներառէին զանազան ոլորտներու վերաբերեալ ներդրումային ծրագրեր, որոնք տնտեսական նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծեն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ ԵՄ-ի համար՝ նպաստելով կայուն զարգացման։ 

Այս ամբողջին մէջ յատկանշական էր, որ մտադրութեան նամակներէն մէկը յանձնուեցաւ ՀԲԸՄ-ին՝ որպէս աշխարհի ամենախոշոր հայկական բարենպատակ կազմակերպութիւնը, որ հետամուտ չէ առեւտրական շահու։ Հայաստան-ԵՄ փոխկապակցուած գործընկերութեան շրջանակներէն ներս տրուած այս նամակի նպատակն է՝ համախմբել եւ զօրաշարժի ենթարկել հայկական սփիւռքը, որպէսզի Հայաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ մարդկային ու մշակութային կապերը աւելի ամրապնդծուին: Մարդոց միջեւ կապակցուածութեան ոլորտէն ներս այս փաստաթուղթը ստացաւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան, որ միեւնոյն ժամանակ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն է։ 

Այս կարեւոր իրադարձութեան առթիւ ՀԲԸՄ-ի Երեւանի վարչական կեդրոնին մէջ զրուցեցինք Վազգէն Եագուպեանի հետ: Ան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար մեկնաբանեց այս նոր իրադարձութեան զանազան երեսակները՝ մասնաւորապէս փաստաթուղթի հեռանկարներն ու ՀԲԸՄ-ի ապագայ ընելիքները այս նոր գործընկերութեան ծիրէն ներս։ Անշուշտ, հայաշխարհի օրակարգային այլ նիւթերու մասին ալ խօսք բացուեցաւ հարցազրոյցի ընթացքին:

Վազգէն Եագուպեան, իր ընտանիքի կարգ մը անդամներով հանդերձ, ՀԲԸՄ-ի, հետեւաբար նաեւ հայկական սփիւռքի արդի տարեգրութեանց մէջ հետք թողած ազգային գործիչ մըն է՝ միշտ հետամուտ համահայկական կապերու, Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան զարգացման:

Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր շահեկան հարցազրոյցի սղագրութիւնը:

- Պարոն Եագուպեան, ՀԲԸՄ-ի պատմութեան մէջ առաջի՞ն անգամն է, որ նման պաշտօնական փաստաթուղթ մը ստացաք եւ ի՞նչ նշանակութիւն ունի այս մէկը։

- Այո՛, ՀԲԸՄ-ի համար սա առաջին փորձն է: Նախապէս նմանօրինակ մտադրութեան նամակ մը երբեք չէր յանձնուած մեր միութեան։ Բայց, ԵՄ-ի հետ մեր համագործակցութիւնը տարիներու պատմութիւն ունի, արդէն իսկ կայ: Ես կ՚ենթադրեմ, որ ասիկա մեր այդ վաղեմի գործակցութեան արդիւնքներէն մէկն է, որու միջոցաւ յատկապէս Հայաստանի մէջ գտնուող ԵՄ-ի ներկայացուցիչները (դեսպանը, պաշտօնէութիւնը, ծրագիրներու ղեկավարները) շատ աւելի մօտէն սկսան ճանչնալ ՀԲԸՄ-ի կարողութիւնները, ուղղութիւնները եւ այլն։ Ուրեմն, ասիկա տարիներու շարունակական համագործակցութեան արդիւնքն էր։ Միեւնոյն ժամանակ, պէտք է ըսել, որ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը, ի հարկէ, ունեցաւ իր դրական ազդեցութիւնը, որպէսզի հասնինք այս հանգրուանին։ Զանազան բաղադրատարրեր մեզ հասցուցին այս կարեւոր կէտին։

- Ի՞նչ կ՚ենթադրէ այս մտադրութեան նամակը։

- Մինչեւ հիմա ստոյգ ու յստակեցուած վերջնական կէտեր տակաւին չկան։ Նշուած են ընդհանուր ուղեգիծեր. օրինակ՝ սփիւռքի՝ յատկապէս Եւրոպայի սփիւռքի (ի վերջոյ ԵՄ-ի հետ գործ ունինք) ներգրաւուածութիւնը ապահովել Հայաստանի մէջ՝ զանազան ուղղութիւններով։ 

Մեր ուրախութիւնը այն էր, որ նախ ԵՄ-ը գիտակցեցաւ ու թուղթին վրայ արձանագրեց, որ ՀԲԸՄ աշխարհի ամենամեծ հայկական շահ չհետապնդող, բարենպատակ կազմակերպութիւնն է։ Երկրորդը՝ սփիւռքի ներուժի արժեւորումն է, ինչ որ մեզի եւ կը կարծեմ՝ ամբողջ հայութեան համար շատ կարեւոր է։ Այս փաստաթուղթը ցոյց կու տայ, որ ԵՄ-ը շատ լաւ հասկցած է այդ մէկը եւ մեծապէս կը կարեւորէ զայն։ 

Ահա՛, թէ ինչո՛ւ ԵՄ-ը ուզեց համագործակցիլ ՀԲԸՄ-ի հետ: Յուսանք սա կ՚ըլլայ երկարատեւ: ԵՄ-ը կը գիտակցի, որ ՀԲԸՄ սփիւռքի մէջ ունի շատ մեծ ու հինէն եկած գործօն ցանց մը։ Եւ այդ ցանցի ու ՀԲԸՄ-ի ներկայութեան միջոցաւ պիտի փորձենք զանազան ուղղութիւններով ներգրաւուածութիւնը աշխատցնել դէպի Հայաստան՝ թէ՛ ներդրումներու միջոցով, թէ՛ կրթութեան, խորհրդատուութեան ու ուղղորդման եւ թէ այն բոլորի պարագային, ինչ որ ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան մաս կը կազմէ։ Այս բոլորը կը միտին ԵՄ-Հայաստան կապերու հզօրացման։ Մենք՝ իբրեւ միութիւն, սփիւռքը շատ լաւ կը ճանչնանք եւ ԵՄ հասկցած է, որ ՀԲԸՄ այս առումով իրեն համար ամենէն ճիշդ եւ կարեւոր գործընկերն է։

- Սփիւռքի ներուժը ճանչնալու եւ համախմբելու փորձեր նախապէս շատ եղած են՝ թէ՛ կառավարական մակարդակով եւ թէ զանազան հիմնադրամներու նախաձեռնութեամբ։ Կարելի՞ է ենթադրել, որ այդ փորձերը լիարժէք յաջողութիւն չեն արձանագրած, եւ այս պարագային ԵՄ ինքն իսկ ձեռնարկած է այդպիսի քայլի մը։

- Նախկին կառավարութիւններու օրով, երբ դեռ ունէինք Սփիւռքի նախարարութիւն, բաւական լուրջ աշխատանքներ տարուեցան։ Ստեղծուեցան զանազան մասնագիտական խումբեր ու միութիւններ՝ բժիշկներու, փաստաբաններու եւ այլ մասնագէտներու մասնակցութեամբ։ Չենք կրնար ըսել, թէ անոնք չյաջողեցան, որովհետեւ իրապէս լուրջ գործ կատարուեցաւ եւ այդ աշխատանքներուն արդիւնքները միշտ ալ զարգացման ընթացքի մէջ են։ Օրինակ, գոյութիւն ունի ASOF կազմակերպութիւնը, որ սփիւռքահայ գիտնականներու, փրոֆեսէօրներու եւ այլ մասնագէտներու համախմբում մըն է: Անոնք Հայաստանի հետ լուրջ աշխատանքներ կը տանին։

Գործը շատ դիւրին չէ, որպէսզի մէկ հպումով ակնթարթային յաջողութիւններ արձանագրուին։ Նա՛խ աշխարհ այնքան արագ կը փոխուի (այսօր արդէն ունինք արհեստական բանականութիւն եւ այլն), որ մենք միշտ պէտք է փորձենք մեր ունեցած տուեալները ամենէն ճիշդ ձեւով գործածել։

- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք սփիւռքի ներուժը այսօր։ 

- Սփիւռքի ներուժը շատ հսկայական է։ Եթէ կեդրոնանանք միայն Եւրոպայի վրայ, ինչ որ այս յուշագրի բուն բնոյթն է, հոն մենք շատ հզօր ներուժ մը ունինք։ Երբ Հայաստան անկախութեան տիրացաւ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի կողմէ սփիւռքահայութիւնը կը դիտուէր՝ իբրեւ նուիրատու: Այսինքն՝ «գումար ղրկեցէք, որպէսզի հոս բարեգործական ծրագիրներ իրականացնենք» մտայնութիւնը կար։ Սակայն, տարիներու ընթացքին, երբ փորձառութիւն ձեռք բերուեցաւ, ապա տեսանք, որ սփիւռքի ներուժը միայն նիւթական չէ. այդ ուժը քաղաքական է, մտաւոր է, մշակութային է. բոլոր ոլորտներուն մէջ ալ հսկայական ու շատ կարեւոր ներկայացուցիչներ ունինք։ Այս ներուժի օգտագործումը միայն նիւթական միջոցներով չէ. կարեւորը այն է, որ սփիւռքեան մասնագիտական փորձառութիւնը բերենք Հայաստան եւ համագործակցութիւն ստեղծենք կազմակերպութիւններու, կառավարութեան ու նախարարութիւններու հետ։ Այսօր ստեղծուած այս կամուրջը պէտք է աշխատի երկկողմանի։ Եթէ սկիզբը սփիւռքը կը դիտուէր սոսկ իբրեւ նուիրատու, ապա այսօր սփիւռքն ալ Հայաստանի մեծ կարիքը ունի՝ իր ինքնութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն պահպանելու առումով։ Ուստի, մենք պէտք է գիտնանք այս կամուրջը երկկողմանիօրէն աշխատցնելու ձեւը. անիկա չի կրնար միայն մէկ ուղղութեամբ գործել։

- Իսկ ի՞նչ կը խորհիք Հայաստանի վերջին քաղաքական թնճուկները, հասարակութեան մէջ տիրող լարուածութիւնը, եկեղեցւոյ հետ խնդիրները, ներքին տարանջատումներն ու բեւեռացումը սփիւռքը ետ կը պահե՞ն Հայաստանի հետ իր կապէն։

- Անշուշտ, սփիւռքը այսօր բաւական շուարած վիճակի մէջ է։ Երբ Հայաստանի ներքին խնդիրներն ու օրակարգի նիւթերը դուրս կը հանենք, ապա սփիւռքի մէջ եւս շփոթ կը յառաջանայ։ Արդարեւ, այդ հարցերը կը վերաբերին մեր ինքնութեան, եղեռնին, Արցախի վրայ հարցման նշան դնելու եւ այլ խնդիրներու, դժբախտաբար, սփիւռքի մէջ ալ սկսած են պառակտումներ յառաջանալ այս նիւթերուն շուրջ։ Սփիւռքը չի՛ կրնար ըմբռնել, ի՞նչ են ներկայ մտածելակերպի պատճառները կամ հիմնական նպատակները եւ, ի վերջոյ, ո՞ւր կ՚ուզեն տանիլ զինքը։

- Այս առումով սփիւռքի հետ ձեր աշխատանքը որոշակի դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը մնա՞յ։ Ինչպէ՞ս կը հաւասարակշռէք ձեր յարաբերութիւնները՝ իշխանութիւն, հասարակութիւն եւ սփիւռք եռանկիւնին մէջ։

- Մենք միշտ յայտարարած ենք, որ մեր աշխատանքը պետութեան հետ է՝ ի նպաստ պետականութեան, անկախ այն իրողութենէն, թէ ո՛վ է օրուան իշխանութիւնը։ Ասիկա ամենեւին չի նշանակեր, որ մենք համաձայն ենք իշխանութեան բոլոր քայլերուն հետ, բայց, չենք կրնար նստիլ ու պարզապէս պոյքոթել՝ ըսելով, թէ քանի որ այսինչ հարցին շուրջ տարակարծիք ենք, ուրեմն, պիտի չհամագործակցինք։ Այդ մօտեցումը սխալ է։ Միեւնոյն ժամանակ, կան բազմաթիւ այլ ոլորտներ, ուր իշխանութեան կատարած աշխատանքը ճիշդ կը նկատենք։ 

Մենք ունինք մեր չորս հիմնական ուղղութիւնները՝ կրթութիւն, մշակոյթ, մարդասիրական օժանդակութիւն եւ յատկապէս Հայաստանի պարագային՝ ընկերա-տնտեսական զարգացում։ Նոյնիսկ ԵՄ-ի հետ այս յուշագիրէն առաջ, մեր բոլոր ծրագիրներուն մէջ միշտ ներառած էինք սփիւռքի ներգրաւուածութեան բաղադրիչը։ Օրինակ, «Կին ձեռներէցներ» ծրագիրը, որուն միջոցով կ՚աջակցինք Հայաստանի կիներուն, որպէսզի հիմնեն իրենց սեփական գործը։ Այս ծրագրին մէջ իսկ ունինք դրոյթ մը, որով սփիւռքի մեր մասնագէտները կը կապենք Հայաստանի կիներուն հետ, որպէսզի անոնք ստանան խորհրդատուութիւն եւ ուղղորդում` իրենց բնագաւառներուն մէջ։ 

Այո՛, այս հաւասարակշռութիւնը պահելը բաւական դժուար է, բայց, այս դերը մեզի համար նորութիւն չէ: Մենք միշտ ունեցած ենք զայն եւ պիտի շարունակենք խաղալ այդ դերը՝ հակառակ զանազան կարծիքներու։ Մենք համոզուած ենք, թէ մեր ազգային ներուժին 70 տոկոսը սփիւռքի մէջ է։ Արդեօք խելամիտ կ՚ըլլա՞յ անտեսել այդ ուժը, երբ մեր առջեւ ունինք քաղաքական թէ ռազմական կարեւոր նպատակներ, իսկ ժամանակը, դժբախտաբար, կ՚աշխատի մեզի դէմ։ 

Եթէ կ՚ուզենք շահիլ ժամանակը, ուրեմն, այլընտրանք չունինք. պէտք է մեր ամբողջ ներուժը օգտագործենք ամենաարդիւնաւէտ ձեւով։ Ըսել, թէ այդ 70 տոկոսի կարիքը չունինք՝ բնաւ տրամաբանական չէ։ Ուստի, մեր ուղեգիծը յստակ է. պէտք է փորձենք համախմբել բոլոր ուժերը եւ աւելի զարգացնել միասին աշխատելու մշակոյթը։ 

ԵՄ-ը ստորագրեց նմանատիպ վեց մտադրութեան նամակներ, որոնք բոլորն ալ մէկ ընդհանուր խորագիր ունէին. «Կապակցուածութիւն» (Connectivity)։ Այդ կապերը կը ներառեն արհեստագիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներ, իսկ մեր ստորագրածը մասնաւորապէս ուղղուած էր «մարդկային շփումներու»՝ նկատի ունենալով սփիւռքը։ Սակայն, կայ ուշագրաւ փաստ մը. այս վեց կազմակերպութիւններէն հինգը ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կապուած են ՀԲԸՄ-ի հետ։ Օրինակ, նամակ ստացած կազմակերպութիւններէն մէկն է «Սինոփսիս-Արմենիա»ն, որուն ղեկավարն է Երուանդ Զօրեան, որ ներկայիս ՀԲԸՄ-ի փոխ-նախագահն է։ Ան ծնած է Հալէպ, աւարտած է ՀԲԸՄ-ի վարժարան եւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին եղած է ՀԲԸՄ-ի գործօն անդամ։ 

Միւս կազմակերպութիւնը ԹՈՒՄՕ-ն է, որուն հիմնադիրն է Սեմ Սիմոնեան, որ ներկայիս ՀԲԸՄ-ի նախագահն է։ Ան Լիբանանի մէջ աւարտած է ՀԲԸՄ-ի վարժարանը, ստացած է միութեան կրթաթոշակը՝ իր ուսումը շարունակելու համար։ Սեմ Սիմոնեանը միշտ կը շեշտէ, որ ՀԲԸՄ-էն երկու հիմնական արժէք սորված է. առաջինը՝ կրթութեան կարեւորութիւնը, իսկ երկրորդը՝ «ետ տալու» գաղափարը։ 

Յաջորդը «Ամպեր Քափիթալ»ն է, որու հիմնադիրն է Ժոզէֆ Ուղուրլեան, որ կ՚անդամակցի ՀԲԸՄ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդին։ Ան եւս կը վկայէ, որ հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի հետ իր ամուր կապերուն համար (ի դէպ, ան մեծ ներդրումներ կատարած է Արցախի մէջ) պարտական է ՀԲԸՄ-ին։ 

Ցուցակին մէջ է նաեւ «Ստեղծարար Հայաստան» հիմնադրամը, որուն հիմնադիրն ու գործադիր տնօրէնը Կարին Յովհաննիսեանն է։ Այս հիմնադրամը ՀԲԸՄ-ի հետ ունի շատ կարեւոր համատեղ ծրագիր մը՝ «Ստեղծարար Հայաստան»-ՀԲԸՄ կրթաթոշակները», որոնք կը գանձատրուին միութեան կողմէ՝ նպատակ ունենալով բացայայտել ու քաջալերել ստեղծագործական ոլորտի տաղանդները։ 

Ասիկա ամենեւին պատահական չէ. կ՚ապացուցանէ, որ ՀԲԸՄ-ի մտածելակերպը, տեսլականը, աշխարհայեացքն ու առաքելութիւնը տասնամեակներու ընթացքին անհատներու եւ կառոյցներու վրայ այնպիսի ազդեցութիւն մը ձգած են, որ պտուղները այսօր մենք կը քաղենք։

- Այս տարի ՀԲԸՄ-ի 120-ամեակն է։ Արդէն սկսած են ձեռնարկները, իսկ գլխաւոր հանդիսութիւն մը պիտի ըլլա՞յ։

- Մենք մտադիր ենք Հայաստանի մէջ առնուազն մէկ մեծ ձեռնարկ իրականացնել։ Այժմ պարոն Սեմ Սիմոնեանի հետ կը փորձենք յստակացնել թուականը. հոկտեմբերին Մոնթրէալի մէջ տեղի պիտի ունենայ մեր ընդհանուր ժողովը, ուստի պիտի համադրենք աշխատանքները, որպէսզի թուականները շատ մօտ կամ շատ հեռու չըլլան իրարմէ։

- Իր պատմութեան ընթացքին ՀԲԸՄ անցած է հայ ժողովուրդի ամենաօրհասական պահերու բովէն։ Այսօր եւս, կարելի է ըսել, որ բախտորոշ ժամանակներ կ՚ապրինք: Արդեօք կը բաժնէ՞ք այն տեսակէտը, թէ ասոնք մեր պատմութեան ամենադժուարին օրերն են՝ յատկապէս պետականութեան սպառնացող վտանգներու առումով։

- Մեր գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը, ինչպէս ըսի, մարդասիրական ոլորտի ծրագիրները կը կազմեն։ Մեր մշտական մաղթանքն է, որ տայ Աստուած՝ գայ այն օրը, երբ մեր մարդասիրական օժանդակութեան այլեւս կարիք չըլլայ։ Դժբախտաբար, անցեալ բոլոր հանգրուաններուն այս ծրագիրները միշտ ալ մնացած են հրատապ ու անհրաժեշտ։ 

Յամենայնդէպս, ներկայ շրջանը շատ աւելի դժուար է: Կրնամ նոյնիսկ ըսել՝ շատ աւելի խրթին, որովհետեւ տուեալները բազմաթիւ են, իսկ զարգացումները՝ չափազանց արագ։ Պետականութեան դէմ վտանգները, տարածաշրջանային խնդիրները, Հայաստանի եւ զանազան պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններն ու այդ կապերուն հաւասարակշռութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը այնքան արագ կը փոխուին, որ մեզի համար քիչ մը դժուար է զանոնք ընկալել։ 

Ահա՛, թէ ինչու աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ, որ մենք կեդրոնանանք մեր բուն աշխատանքին վրայ՝ այն ամէնուն, ինչին որ կը հաւատանք ու համոզուած ենք, թէ ճիշդ է եւ կարեւոր է մեր պետականութեան եւ սփիւռքին համար։ Պէտք է անշեղօրէն յառաջ տանինք այդ գործը։ Մենք արդէն իսկ կը տեսնենք մեր տարած աշխատանքներուն դրական եւ շօշափելի արդիւնքները։ Այսօրուան մեր նպատակն է՝ ո՛չ միայն պահպանել այդ ձեռքբերումները, այլեւ զանոնք վերածել աւելի հզօր ու կայուն հիմքերու, որոնք թոյլ պիտի տան մեր պետականութեան՝ դիմագրաւելու ապագայ բոլոր մարտահրաւէրները։

- Պարոն Եագուպեան, երբ կը խօսինք սփիւռքի մասին, Պոլիսը ո՞ւր կը դիրքաւորուի: Ի՞նչ կ՚ուզէիք ըսել պոլսահայութեան մասին։

- Մօտ երկու-երեք տարի առաջ Պոլիս այցելեցի։ Այդ քայլը առի Եւրոպայէն մտերիմ ընկերոջս քաջալերանքով, որովհետեւ միշտ ըսած էի, թէ զբօսաշրջութեան նպատակով Թուրքիա չեմ երթար։ Ան զիս համոզեց, թէ սա զբօսաշրջական այցելութիւն մը պիտի չըլլար, այլ ծանօթութիւն մը՝ տեղւոյն հայ համայնքին հետ։

Գացի եւ կրնամ ըսել՝ ապշած ու հիացած վերադարձայ, որովհետեւ տեսայ համայնք մը, որ ամուր կառչած է իր միջավայրին՝ համոզուած ըլլալով, թէ ինք իր տան մէջ է եւ դասական իմաստով սփիւռք մը չէ։ Ինծի համար շատ հետաքրքրական այցելութիւն մըն էր. այլ աչքով սկսայ դիտել պոլսահայ համայնքը։ Բայց, նաեւ սրտի ցաւ ապրեցայ, որովհետեւ մենք՝ ազգովին, ներառեալ մեր միութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը, չենք կրցած մշակել լուրջ ռազմավարութիւն մը՝ պոլսահայ համայնքին հետ համագործակցելու եւ յարաբերութիւններ մշակելու համար։

- Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բացակայութի՞ւնն է պատճառը։

- Եթէ կառավարութեան պարագային պատճառը այդ էր, ապա կազմակերպութիւններն ու անհատները նոյնպէս գրեթէ քայլեր չեն ձեռնարկած։ Տարիներ առաջ մենք փորձեցինք որոշ կապերով մօտենալ համայնքին, բայց, իմ այցելութեանս ընթացքին ինքս ինչ-որ տեղ «յանցաւոր» զգացի՝ ո՛չ թէ իբրեւ անհատ, այլ իբրեւ կազմակերպութեան մէջ պատասխանատուութիւն ունեցող անձ։ Մենք Պոլսոյ մէջ ունինք հսկայական ներուժով համայնք մը, որ ունի պատմութիւն, կալուածներ, հարստութիւն ու դպրոցներ, որոնց մասին բաւարար չափով տեղեակ չենք։ Մենք ՀԲԸՄ-ի ամսագրի մէկ ամբողջական թողարկումը նուիրեցինք Պոլիսին, փորձեցինք վեր հանել ու ընթերցողին ներկայացնել այն հսկայական, բայց, յաճախ անտեսուած ներուժը, զոր ունի պոլսահայ համայնքը։ Կարծեմ՝ մենք ազգովին յանցաւոր ենք պոլսահայ համայնքին առջեւ։ Կը հասկնամ, որ համայնքը քիչ մը դժուարին իրավիճակներու մէջ է, բայց, մենք յանցանք ունինք, որ մինչ օրս Պոլսոյ եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ հայ համայնքին հետ կապուած լուրջ ծրագիրներ չենք մշակած։ Այսօր, եթէ հարցնէք՝ պիտի ըսեմ, որ չունինք մշակուած ռազմավարութիւն, չենք գիտեր, թէ ի՞նչ ձեւով պիտի աշխատինք Պոլսոյ մեր համայնքին հետ։ 

Ուստի, համայնքէն ներողութիւն կը խնդրեմ, որ նոյնիսկ այցելութենէս ետք չկրցայ գտնել յարաբերութիւններու եւ ճիշդ համագործակցութեան այն բանաձեւը, որ պէտք է սեղանին դրուի։ Ասիկա լուրջ աշխատանք մըն է, բայց, պէտք է խորապէս ուսումնասիրուի ու մշակուի եւ, անշուշտ, երկկողմանի։ Այսինքն, ո՛չ թէ մենք դուրսը նստած առանձին մշակենք, այլ իրենք ալ տեղւոյն վրայ մասնակից ըլլան այդ գործին։

- Երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման պարագային, կը կարծէ՞ք, թէ այդ հարցերը կը լուծուին։

- Բոլոր հարցերը չեն լուծուիր, բայց, լուծում գտնելը կը դիւրանայ։ Գոնէ միւս կողմի համար, ենթադրաբար, պէտք չէ ճնշում զգայ, բայց, դարձեալ՝ չես գիտեր. ժամանակը ցոյց կու տայ։ 

- ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն Արցախի հայոց ուղղեալ ծրագիրները: Շարունակական պիտի ըլլա՞ն ատոնք։

- Մինչեւ վերջերս ՀԲԸՄ-Հայաստանի ամենածաւալուն աշխատանքային թղթածրարներէն մէկը կապուած եղած է Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։ Մենք տակաւին ունինք զանազան շարունակական ծրագիրներ այդ ուղղութեամբ։ Ունինք «Նաիրի» ճամբարը, որ յատկացուած է Արցախէն տեղահանուած երեխաներուն եւ անոնց մայրերուն։ Տարին քանի մը անգամ տեղի կ՚ունենան եռօրեայ ճամբարներ, ուր մենք երեխաներու համար վերականգնողական ու թեթեւացման յատուկ ծրագիրներ կը մշակենք։ Հոն ներկայ կ՚ըլլան հոգեւորականներ եւ մասնագէտ հոգեբաններ, որոնք կ՚աշխատին թէ՛ երեխաներուն եւ թէ մայրերուն հետ։ Կրնամ ըսել, որ շատ յաջողուած ծրագիր մըն է. մասնակիցները շատ գոհ են։ Այս երեխաները քով քովի գալով կարծես կը յագեցնեն իրենց բարբառը գործածելու, սեփական մշակոյթն ու բարքերը շարունակելու կարօտը։ Այս ծրագիրը ո՛չ միայն կը շարունակենք, այլեւ արդէն իսկ կ՚ընդլայնենք։ Ունինք նաեւ ամառնային 12-օրեայ աւելի երկարաժամկէտ ճամբարներ՝ միայն երեխաներու համար: Այնտեղ Արցախէն տեղահանուածներուն կը միանան նաեւ նահատակ զինուորներու զաւակները՝ թէ՛ Արցախէն եւ թէ Հայաստանէն։ 

Նաեւ ունէինք «Սորվէ եւ վաստակէ-Արցախ» ծրագիրը, որ 2019-ին սկսած էինք Արցախի մէջ եւ հիմա կը շարունակենք Հայաստանի մէջ։ Անիկա միայն Արցախի հայերուն համար չէ, բայց, մայիսին սկսող առաջին խումբի դիմողներուն մեծամասնութիւնը՝ կէսէն աւելին, արցախցիներ են, ինչ որ նախապէս նպատակադրած էինք։ Այս ծրագրին հիմնական նպատակն է մասնակիցներուն տալ զանազան ոլորտներու հմտութիւններ եւ գիտելիքներ, որպէսզի անոնք աւելի դիւրութեամբ աշխատանք գտնեն։ Անոնք կը մասնագիտանան տարբեր ուղղութիւններով. օրինակ՝ հաշւապահութիւն, «փափուկ հմտութիւններ» (soft skills), սպասարկման ոլորտի հմտութիւններ եւ այլն։ Նաեւ զիրենք կը պատրաստենք գործնական քայլերու. օրինակ՝ ինչպէս գրել ինքնակենսագրութիւն (CV), ինչպէս ներկայանալ հարցազրոյցի եւ այլն։ Ասոնք քանի մը ամսուայ դասընթացքներ են, ամբողջութեամբ անվճար եւ կը յուսանք, թէ անոնց մասնակիցները աւելի դիւրին կրնան աշխատանքի լծուիլ Հայաստանի մէջ։ 

Ունինք նաեւ մշակութային շատ ծրագիրներ. կը հովանաւորենք Արցախի նուագախումբը եւ որոշակի օժանդակութիւն կը հայթայթենք նաեւ Արցախի ճազի նուագախումբին։ 

- ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը միշտ կապուած է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ, իսկ այսօր եկեղեցին յայտնուած է թիրախի տակ: Ի՞նչ կը խորհիք այս մասին եւ ի՞նչ կը կարծէք՝ այս լարուածութիւնը ինչպիսի՞ լուծում կը գտնէ։

- Մենք մեր կեցուածքը չենք փոխած եւ փոխելու պատճառ չունինք, որովհետեւ մեր դիրքորոշումը համոզումներու վրայ հիմնուած է։ Մենք Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը դիտարկենք՝ իբրեւ մեր ինքնութեան ամենակարեւոր հիմնասիւնը։ Եւ քանի որ մեր առաքելութեան առաջնահերթութիւններու շարքին, առաջին տողին վրայ գրուած է՝ «պահպանել մեր ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը», ապա չենք կրնար այս երկուքը իրարմէ բաժնել։ 

Յուսանք՝ լուծումը կ՚ըլլայ ճիշդ եւ արդար՝ ի նպաստ հայ ազգին։ Վերջ ի վերջոյ, Հայ Եկեղեցին կը սպասարկէ հայ ազգին։ Մեր եկեղեցին տարբեր է իր էութեամբ։ Երբ կը խօսինք մեր ժողովուրդի ներուժի մասին եւ կը շեշտենք, որ այդ ներուժը պիտի գործածենք ճիշդ ուղղութեամբ, ապա մեր նպատակներուն ամենակարճ ժամանակի մէջ հասնելու համար պիտի չմոռնանք, որ մեր եկեղեցին հսկայական ներուժ ունի՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ։ Սփիւռքի տարածքին իւրաքանչիւր եկեղեցի ու հօտ առանձին ներուժ են եւ սփիւռքն ալ ինքնին համախմբուած է եկեղեցւոյ շուրջ։ Ուրեմն, ինչո՞ւ անտեսել կամ փորձել խարխլել այս ներուժի հիմքերը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2026