ԿԱՐԱՊԵՏ ՈՍԿԵԱՆ (1869 - 1901)
Բանաստեղծ, արձակագիր Կարապետ Ոսկեան, ծնած է Բերա, Պոլիս, 1869 թուականի ապրիլի 14-ին:
Զաւակն է բնիկ կուտինացի Արիստակէս Ոսկեանի, որ տասը տարեկանին Պոլիս գաղթած է:
1870 թուականին, իր ընտանիքը Բերայի մեծ հրդեհէն ետք, երբ Կարապետ տակաւին մէկ տարեկան եղած է, տեղափոխուած են Գնալը կղզի, ուր եւ Կարապետը անցուցած է իր մանկութիւնը եւ դաստիարակութիւն ստացած է ընտանեկան յարկի տակ, ինչպէս իր միւս երեք հարազատները: Տասը տարեկանին որբացած է, որով իր հայրը՝ սրտի անողոք հիւանդութեան պատճառով յիսուն տարեկան հասակին մահացած է 1979 թուականին եւ թաղուած Գնալը կղզիի հայոց գերեզմանատան մէջ:
Ընտանեկան յարկէն ներս իր եղբայրներուն օգնութեամբ սորված է հայերէն, թրքերէն, գաղղիերէն (ֆրանսերէն), անգլերէն, միաժամանակ, ինքնօգնութեամբ սորված է նաեւ իտալերէն, այն աստիճանի, որ նոյնիսկ յաջողած է թարգմանել Լէոփարտիէ: Ուշիմութիւն ցուցաբերեած է նաեւ թուաբանութեան, աշխարհագրութեան եւ ընդհանուր պատմութեան մէջ: Սակայն, գրականութիւնը իր սիրտին ամենէն հարազատն ու մօտիկը եղած է:
Գրականութեան աշխարհ մուտք գործած է նորավէպերով՝ 1885 թուականէն սկսեալ: Անոր նորավէպերը շօշափած են ժամանակուայ իրապաշտական շարժումին սկզբունքներն ու գաղափարները:
Աւելի ետք, Ոսկեան բանաստեղծութիւններով հանդէս եկած է մամուլի էջերուն վրայ. ինչպէս՝ «Արեւելք»ի, «Բիւրակն»ի, «Բուրաստան Մանկանց»ի, «Մասիս»ի եւ այլ պարբերականներու մէջ: Իր բանաստեղծութիւններուն մէջ տիրական են սիրոյ եւ բնութեան նուիրուած ստեղծագործութիւնները, որոնք, սակայն վերահաս մահուան զգացողութեամբ համակուած եղած են: Պէտք է նշել, որ Կարապետ Ոսկեան երեսուներկու տարեկան հասակին մահացած է՝ թոքախտի պատճառով:
1895 թուականի նոյեմբերի 17-ին, աշխատանքի անցած է Անատոլուի Օսմանեան երկաթուղիի ընկերութենէն ներս, որպէս քարտուղար:
Մահացած է 1901 թուականի յունիսի 11-ին: Իր եղբայրը՝ Գրիգոր Ոսկեան, որ ամփոփ կերպով պատրաստած է իր կենսագրականը, այսպէս կը նկարագրէ Կարապետ Ոսկեանի վերջին շրջանի կեանքը.
«Սակայն Երկինք այլապէս կամեցան ու տնօրինեցին: Անողոք հիւանդութիւն մը, էնֆլուէնցա, երկաթեայ ճիրաններով սեղմեց նորա կուրծքը. հուպ ընդ հուպ փոխուեցաւ եւ արագ արագ վարակեցաւ թոքատապով. բոլոր խնամք, գուրգուրանք, բժիշկ եղբօրն Յովհաննէսի արուեստին բոլոր նրբութիւնք եւ իւր քաջահմուտ ընկերակցաց ջանքերն ապարդիւն մնացին հիւանդութեան զարհուրելի աւերներուն առջեւ: Կ՚երթար, կը նուաղէր խեղճ երիտասարդը, թալկացեալ վարդի մը նման: Սակայն, հիանալի էր իւր համակերպութեամբն ի կամս Աստուծոյ: Կը վկայեմ ճշմարտութեամբ, որ բնաւ դժգոհութեան խօսք մը կամ ցոյց մը չըրաւ: Հաստատուն հաւատքով ուզեց ըմպել դառն բաժակը: Բժշկաց յանձնառութեամբ, 4 մայիս 1901-ին, իբր վերջին ճիգ մը, օդափոխութեան տարինք զինքն ի Ֆէնէրպահչէ, ուր սահեցան իւր կեանքին վերջին 38 օրերն, ատեն ատեն ցոյց տալով մեզ թեթեւ բարւոքում մը, յուսոյ նշոյլ մը, որ սակայն խաբուսի՜կ էր, աւա՜ղ:
Յունիս 11, Բշ. գիշեր, երբ շուրջն առած էինք, թերեւս լաւագոյն վիճակի մէջ, հանդարտ խօսած պահուն, աչքերն յանկարծ լեցուեցան, հառաչանքով մը փաթթուեցաւ ինձ, եւ արցունքները խաղաղիկ կը թափուէին կուրծքիս վրայ. ո՜հ, սփոփանաց խօսքեր արտասանեցի, այլ նա ուժաթափ, ոգեսպառ ինկաւ բարձին վրայ: Նոյն միջոցին սիրայօժար ընդունեցաւ Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորհուրդները: Տքթ. եղբայրը բռնած էր բազկերակը, լռիկ եւ խորհրդաւոր. կարծես աստուածային վսեմութիւն մը պատած էր սենեակն: Յանկարծ կոծով ուռուցեալ, կրծոցը վրայ նետուեցաւ տոքթորը… ո՜հ Կարապետ ոչ եւս էր:
Չեմ ուզեր եւ չեմ կարող նկարագրել մեր ցաւը, լացն ու սուգը: Նա հետը կը տանէր մեր բոլոր խնդութիւնը, մեր բոլոր յոյսը:
Յունիս 13 Դշ. առաւօտ, դժբախտ երիտասարդին յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Գատըգիւղի Ս. Լեւոն եկեղեցւոյ մէջ, ի ներկայութեան հայ եւ օտարազգի ամէն դասակարգէ հոծ եւ ընտիր բազմութեան մը եւ մարմինն աւանդուեցաւ ի հող գիւղին ազգային գերեզմանատան մէջ» («Սրտի ժամեր», Պոլիս, 1911, էջ 14-15):
Կարապետ Ոսկեանէ մնացած է միայն մէկ հատոր՝ «Սրտի ժամեր», որ լոյս տեսած է 1911-ին, Պոլսոյ մէջ: Հատորը կը բաղկանայ 190 էջերէ, որ կը սկսի Սիպիլի յառաջաբանով, ուր կը կարդանք.
«Գրելու համար Կարապետ Ա. Ոսկեանի քերթուածներուն վրայ, չպիտի ըսեմ, թէ կ՚ուզէի հրեշտակի փետուրէ գրիչ ունենալ, ինչպէս կ՚ըսէր Միսաքեան պատուելին, բայց պիտի փափաքէի, որ եզական շունչ մը գար զիս ոգեւորել, ինչպէս հիացիկ վերացումի այն վայրկեաններուն մէջ, ուր մարդ կը մոռնայ իրականութիւնը, իր շուրջը խժացող կեանքը, ու կ՚եթերանայ ամպերէն, աստղերէն աւելի անմատոյց միայնութեանց մէջ փոխադրուելու համար:
Հակառակ այն բնական երեւոյթին, որ վաղամեռիկ բանաստեղծին տաղերը բոլորին մարդկային են, հակառակ այն հազուագիւտ պարագային՝ որ կարմիր, կանանչ պենկալեան հուրեր չի վառեր ան՝ մոգական շքեղութիւն մը տալու համար իր տաղերուն, ես սովորականէն տարբեր վիճակ մը կը զգամ այդ քերթուածին հանդէպ, աղաւնիներու թեւաբախում մը կարծես, ձիւնի սաւառնում մը շուրջս, անհուն, անհատնում, անծիր ճերմակութիւններ, որոնց տարապայման աննիւթականութեան ներքեւ ճնշուած կը զգամ ինքզինքս մեր արդի գրական միջավայրին մէջ:
Իր քերթուածը, որ երկու որոշ մասերու կարելի է բաժնել, մանկական եւ սիրային նիւթերու նուիրուած, միեւնոյնն է ծայրէ ի ծայր իր էութեան մէջ, միեւնոյն միամիտ հաւատքը դէպի բարութիւնը, դէպի անարատ մեծութիւնները հոգեկանութեան, միեւնոյն նուիրումը, միեւնոյն փարումը իր տեսիլքներուն, միեւնոյն պաշտելի անձնատուութիւնը իր ուրախ կամ ցաւոտ պատրանքներուն:
Ասիկա չի նշանակեր, անշուշտ, թէ միեւնոյն արժէքը ունին իր բոլոր քերթուածները: Խորքը նոյնն է. ուրանկարը տակաւ դուրս կը ցայտէ աղուորցած, կատարելագործուած գիծերով. թերաստուերները կը ճշդուին հետզհետէ խորհրդանշելով իր տաղանդը:
Մանուկներու բաժնին մէջ, իր գուրգուրանքով ընդելուզուած տաղերը կը բացատրեն արդէն իր հոգիի վիճակը: Ասիկա նախերգանքն է իր մէջ պատրաստուած անհուն երաժշտութեան մը, խուլ, անգիտակից երկունքը, որմէ պիտի ժայթքի սիրոյ մեծ հեղեղը, որ պիտի պարուրէ, պիտի ողողէ, պիտի հեղձուցանէ այդ ծաղիկ կեանքը՝ իր ճերմակ յորձանքներու ոլորտին մէջ:
…
Իր երեւակայութիւնը ոսկեցնցուղ հրաշավէպերու մէջ չի սաւառնիր, զինքը չարչրկող զառանցանքներ չունի, գրական դպրոցներու մտահոգութիւնը զինքը չի զբաղեցներ, հասարակութեան խօսելու համար բառ չի փնտռեր, տաղեր հիւսելու համար յանգ չի պատրաստեր: Իր սիրտը ճառագայթում մըն է ներդաշնակութեան, ուրկէ կը ցայտեն բիւրեղէ պրիսմակներու ջինջ պայծառութիւններ:
Առանց կեանքը ապրած ըլլալու, իր հոգիին լայն հասկացողութեամբը, կեանքի արշալոյսին իսկ, հասած է արդէն իմաստասիրական դրութեան մը՝ որուն մարդ կը մօտենայ իր կեանքի մայրամուտին. եւ ասկէ յառաջ կու գայ այն փիլիսոփայական տրտմութիւնը, որ կը ծաւալի իր բոլոր տաղերուն մէջ, առանց բնաւ անոնց պայծառութիւնը աղօտելու» (էջ 5-6):
*
Այժմ մեր ընթերցողներուն ներկայացնենք մի քանի բանաստեղծութիւններ Կարապետ Ոսկեանէն:
ՅԻՇԱՏԱԿ
Հազիւ քըսան գարուն տեսաւ վաղանցուկ
Եւ մեռաւ նէ, սիրոյ եղաւ նահատակ.
Ամայի տեղ ննջեց, անզարդ եւ անշուք,
Ձորի մը մէջ, ցուրտ անծաղիկ հողոյն տակ,
Անձրեւք իջան եւ հողն ի հող փըճացաւ.
Ձըմեռ մ՚անցաւ, գարուն սփռեց նոր վարդեր,
Յ՚այն գերեզման դիմոցի ես սիրտս ի ցաւ,
Փոսն անյայտ էր, անձրեւն ըզհողն էր հարթեր…:
(«Սրտի ժամեր», Պոլիս, 1911, էջ 65):
ԱՇՆԱՆ ՀՈՎԵՐ
Ինկէ՛ք տերեւք, կանաչ ըստուերք անտառին,
Տըխուր աշնան փրչեն հողմունք ցրտաշունչ,
Գօս եւ ցամաք, ինկէ՛ք, թեթեւ ի շըշունչ,
Ինկէ՛ք տերեւք, մահուան ի ծոց խաւարին…:
Ինկէ՛ք ծաղկունք, կարմիր, կապոյտ, ըսպիտակ,
Ցուրտ փըչեց հով, թառամեցա՜ք կենազրաւ,
Աշուն զերկիր ծածկէ ձեր ճոխ աւարաւ,
Ինկէ՛ք ծաղկունք, ինկէ՛ք ի փոսն անյատակ…:
Ինչպէս տերեւք, ինչպէս ծաղկունք թալկանան,
Այնպէս եւ մարդն ի ցրտահար շունչ աշնան՝
Վաղ իսկ աւա՜ղ, դառնայ փոշի մոխրագոյն…:
Սակայն ծաղկունք, տերեւք անհետ կորընչին,
Մինչ մարդն հոգի՝ անմահ պատկեր իւր Հաստչին,
Յանվախճան կեանս փոխի ի ցուրտ այն փոշւոյն:
(«Սրտի ժամեր», Պոլիս, 1911, էջ 84):
ԱՌ ՄԱՅՐ ԻՄ
ՄԱՅՐ իմ, աղբիւր կենացս, աղբիւր իմ սիրոյս,
Ո՜վ իմ բարիքս, իմ յոյսս, իմ գանձս երկնաձիր,
Ո՜վ որ հոգւոյդ նըման հոգիս երկնեցիր,
Եւ աչքերուս տուիր Աստուածըդ քու լոյս:
Մա՜յր, ժամանակն, աւա՜ղ, մեզմէ կու տայ խոյս
Ու մազերուդ կ՚իյնայ ճերմակ ցան ու ցիր.
Մի՛ թողուր զիս, մայր իմ, կեցի՛ր, ա՜հ, կեցի՛ր.
Դեռ շատ արեւ պէտք է թափես իմ գլխոյս:
Մայր իմ, ծոցիս մէջ քեզ պահեմ ապահով.
Չառնեն ոսկերքդ աղիտաբեր մահուան հով.
Կեանքըս կեանքէդ կախուած է, տե՛ս, ո՜վ մայրիկ:
Հարիւրներով հարուածք իջնան թող սրտիս.
Թող ալեկոծ տանջէ կենաց զիս մրրիկ.
Ինձ ի՜նչ փոյթ, մա՜յր, միայն թէ դուն ինձ ժպտիս:
(«Սրտի ժամեր», Պոլիս, 1911, էջ 100):
ԳԱՂՏՆԻՔՍ
Ոչ թռչունին եւ ո՛չ հովուն
Սիրելս ըզքեղ չը զրուցեցի.
«Խօսէ՛» ըսաւ ինձ ծովն անհուն,
Ծոցուն ալ սիրտըս չը բացի:
Ծաղիկներուն չըսի ես քեզ,
Աստղերուն ալ չըսի բնաւ.
Չըսի լուսնին թէ այս հրակէզ
Սրտիս մէջ սէրդ ի՛նչպէս ծնաւ:
Սակայն թռչունն, աստղերն ամէն.
Հովն ու ծաղիկ, ծովն ու լուսին,
Քեզ Ճանչնալուս առջի ժամէն
Քու վրայօքդ ինձ կը խօսին:
(«Սրտի ժամեր», Պոլիս, 1911, էջ 111):
ԳԻՆԻ՞ ԹԷ ՍԷՐ
ՍԻՆ «ցաւերը փարատող
Գինին նեկտար է սրտերու,
Լի բաժակներ խըմէ՛, քերթող,
Կ՚երթան բոլոր հոգերդ հեռու»:
Եւ արբեցայ ես խելաթափ
Գինեմոլ հին քերթողին պէս.
Գլուխըս ծաղկօք պճնած, այնչափ
Որ թմրեցուց զիս վերջապէս:
Ի՞նչ յուսահատ զարթնում էր ան,
Գլուխս երազոց ցաւով լեցուն,
Քրտնաթաթախ ճակտիս վըրան
Թոռմած էր գեղը վարդերուն…:
Ա՜խ, արբենամ միայն քեզմով,
Ո՜վ իմ հրեշտակս, ո՜վ իմ հոգիս,
Ու թող զարթումս արցունքներով
Ըլլայ վերջին օրն իմ կեանքիս:
(«Սրտի ժամեր», Պոլիս, 1911, էջ 121):
ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՂՁԱՆՔՍ
ՀԱՌԱՉԱՆՔՈՎ մը չեմ ուզեր
Փակել շրթունքըս վերջին հեղ,
Երբ աչքերուս մարին լոյսեր.
Մահուանս յետին ժամուն ահեղ:
Ո՛չ օրհնութեամբ, ո՛չ անէծքով
Շրթունքս չեմ ուզեր գոցել.
Օրհասական անկողնիս քով,
Աղօթքն ալ ձե՛զ անկ է զրուցել:
Անմա՜հ Աստուած մը պաշտեցի,
Բայց սառելու մօտ շրթներուս
Փայտէ սեւ խաչ մը չի դպչի
Իբրեւ վերջին ծարաւն հոգւոյս:
Ա՜խ, համբոյրով մը հրատոչոր
Իցի՜ւ շրթունքս գամուէին,
Ճակատըս պաղ ու լեզուս չոր,
Ըլլար համբոյր մը շունչս յետին:
(«Սրտի ժամեր», Պոլիս, 1911, էջ 159):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ