ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԱՅԻՆ ՎՐՁՆԻ ՏԻՐԱԿԱԼԸ

Փարաւոն Միրզոյեան. անուն մը, որ վաղուց իր ուրոյն տեղն ու դերն ունի հայ մշակութային արժեհամակարգին ու միջազգային հարթակին մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Փարաւոն Միրզոյեանի իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն արուեստի իւրօրինակ ու մնայուն գործ մըն է։ Մտաւորական արուեստագէտ, որու վրձնահարուածէն կը ծնի կեանք ու սէր։ Տիեզերքը բարեհաճ գտնուած է անոր հանդէպ եւ շռայլօրէն շնորհած է տաղանդ։ Աշխատասիրութեան, ձգտման ու ակադեմական փայլուն կրթութեան շնորհիւ ան հասած է կատարելութեան։

Վարպետի արուեստին մէջ չկայ կրկնօրինակում, ան հարթած է իր ուղին՝ ձեւաւորելով ուրոյն ձեռագիր, ոճ, գեղագիտական ճաշակ, համարձակ ներկայանալի Ես։

Հայաստանի ամենագեղեցիկ վայրերէն մէկուն, Սիւնեաց աշխարհի մէջ ծնունդ առած արուեստագէտի ոգեշնչման աղբիւրը հայրենիքն է։ Ան առաւել արտացոլուած է կտաւներուն մէջ, որոնք կը շնչեն հայրենի հողի, ջուրի, արեւի, լեռներու, ծառ ու ծաղիկի համահունչ համադրութեամբ։ Իւրաքանչիւր կտաւի մէջ ներդաշնակ, միաբան լուծումներով միահիւսուած է պոէզիան, երաժշտութիւնը եւ գեղանկարչութիւնը։ Միրզոյեանի գունապնակը վառ է, ուրախ,ան կը ստեղծագործէ մաժէօրային տօնայնութեան մէջ։ Նոյնիսկ իր հոգիի ու ժողովուրդի ցաւը, վիշտը, կարօտը կը հանգուցալուծուի մտաւորականին վայել ճշգրիտ ուղիով՝ դէպի լոյսը,արեւն ու կեանքը։

Խիստ ու խրոխտ այս արուեստագէտի հոգին իրականին շատ նուրբ ու փխրուն է. այդ մէկը կը վկայեն այն բազմաթիւ կտաւները, որոնք կը զարդարեն ու կը լուսաւորեն Հայաստանի ու տարբեր երկիրներու բազմաթիւ թանգարաններ։ Անոր մէջ կայ չափազանց նուրբ, զգայական գիծ մը, որ կը հասնի երկնային սահմանագծին։ Ան կը կարողանայ առանց աւելորդ ջանք գործադրելու հմտօրէն որսալ ակնթարթը եւ յաւերժացնել զայն։

Որպէս բարձր մտաւորական կերտած է ու կը կերտէ գործեր, որոնք մեր ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան հաստատուն մաս կը կազմեն։ Փարաւոն Միրզոյեանի արուեստը արդի է ու համամարդկային։ Ունենալով անսահմանափակ ստեղծագործական մտահորիզոն, ան կոտրած է բոլոր կարծրատիպերը՝ հատելով անսահմանութեան շեմը, չդաւաճանելով իր ես-ը, դաւանած հոգեւոր-բարոյական արժէքները եւ ազգային դիմագիծը։ Անոր արուեստը բազմաժանր է, կ՚ընդգրկէ ռափսոտիներ, ռեքիւիեմներ, էթիւտներ, մինչեւ նոյնիսկ «Թռչունի համբոյր» փրելիուտ՝ ի դէմս բնապատկերներու, նաթիւրմորթներու, դիմանկարներու, գծանկարներու։ Երաժշտափիլիսոփայական ելեւէջները վառ արտայայտուած են նկարիչի արուեստին մէջ։ Իւրաքանչիւր ոք դիտելով անոր կտաւները՝ կը տեսնէ, կը լսէ այն հոգեհմայ երաժշտութիւնը, որ այդ պահուն համահունչ է իր սրտի զարկին ու կեանքի կշռոյթին։ Ան գտած է մարդկային ծինային քոտի առեղծուածը եւ կարողացած վրձնահարուածով՝ յաւերժացնել ու աշխարհին ներկայացնել բարձրագոյն սիրոյ դրսեւորումները, թողնելով այն լոյսն ու ստուերը, որ կ՚առկայծէ սատանայական կիրքէն մինչեւ կապոյտ անուրջներ։

Ներթափանցելով նկարիչի մոգական աշխարհ՝ կը թուի, թէ կը բացայայտես անտեսանելին, անիրականը, սակայն, հեղինակը ունի գաղտնիք մը, որ հասու չէ սովորական մահկանացուներուն։ Փարաւոնը կը թելադրէ ժամանակն ու կշռոյթը իր առեղծուածային կտաւի, որու բանալին միայն ինք ունի։ Ճշգրիտ, ներդաշնակ լուծումներով գունային խաղը անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ կը հնչէ իբրեւ կատարեալ տաղ, ուր նոյնիսկ դադարը ունի իր մեղեդին։

Օժտուած արուեստագէտի կեանքին մէջ կը գերիշխէ սէրը, ինչ որ իր շնորհին միաձուլուելով՝ կը ստեղծէ գլուխգործոցներ։

2026 թուականի ամանորեայ հեքիաթը հրեղէն ձիու կերպարն է, զոր պատկերած է վարպետը, կարծես երազէն ծնած տեսիլք մը։ Կապոյտը, որպէս խաղաղութեան ու վեհութեան խորհրդանիշ, ճերմակը՝ աներեւոյթ հրաշքի ծնունդ։ Յստակ պատկերուած է պարիկի բերած աւետիսը եւ մոգական այլակներու խաղը՝ որպէս հաղորդութիւն մարդկութեան։

Եւ այն կը հնչէ Սուրբ Ծննդեան գիշերը՝ իբրեւ «Տաղ Աստուածածնայ»…

Գարնանամուտին գոյներու մաէսթրոյի սիրառատ ու երփներանգ ներաշխարհէն ծնունդ առած է այլ գլուխգործոց մը։ Ան կտաւին անմահացուցած է «Եդեմական պարտէզ՝ նրբագեղ հայուհիի ծաղկունքով»։ Այստեղ նկարագրուած է կեանք, սէր ու կին, ուր կ՚իշխէ կանացի նրբութիւնը, քնքշութիւնը, վեհութիւնը։ Ծաղկած պարտէզը կնոջ բոյրը ունի՝ վարդագոյն կեանքի խորհուրդով։ Ըստ Փարաւոն Միրզոյեանի վրձնի՝ կտաւը կը հնչէ Սայաթ Նովայի քնարական սիրերգութեամբ, իրական ու երեւակայական աշխարհին մէջ։

Իւրաքանչիւր գաղափար, որ արդէն կտաւ կը դառնայ՝ ունի իր ըսելիքը, տրամադրութիւնը, զգացմունքը եւ, ի հարկէ, տիեզերքէն եկող ուժը, որ հիմքն է ճշմարիտ արուեստի ու արուեստագէտի առաքելութեան։

Ապրիլի 24, խորհրդանշական երեք հատ մէկ՝ 111 տարի։ Փարաւոն Միրզոյեան, մտաւորականը, արուեստագէտը, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչը եւ հայ ազգի նուիրեալ զաւակը, Հայաստանի մէջ ապրող եւ արարող անձը՝ իր մտորումներով, երկրի սպիացած, բայց չմոռացուող վէրքերու ցաւերով տարուած, այդ օրը երեկոյեան իրմէ անկախ, վերին ուժերու մղումով՝ կեանքի կը կոչէ եւս մէկ գլուխգործոց՝ «Վերածնունդ»։ Այս կտաւին մէջ է հայ քրիստոնեայ ազգի դարաւոր պատմութիւնը, որ վերածնուելով բազմիցս՝ ապրելով կ՚ապրեցնէ, հնչելով մաժէօրային տօնայնութեամբ։

Հայ մեծանուն նկարիչի աշխատանքները կը պահուին Հայաստանի, Ռուսաստանի, Ուքրայնայի, Սպիտակ Ռուսիոյ հանրապետութիւններու թանգարաններն եւ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Սպանիայի, Հնդկաստանի եւ այլ երկիրներու մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ։

Մ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 23, 2026