ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ ԵՐԿԻՆՔԷՆ ՆԵՐԿԱՅ՝ ԴԱՏԱՍՏԱՆԻՆ ՀԵՌԱԿԱՅ…

25 օգոստոսի այն կիզիչ օրը՝ 20 տարի առաջ, 2006-ին, սա անիրաւ ու անարդար աշխարհին, իր պաշտած Հայաստանին ու ժողովուրդին հրաժեշտ տուաւ հայ գրականութեան վերջին Հսկան՝ Սիլվա Կապուտիկեանը (Երեւան, 20 յունուար 1919 - Երեւան, 25 օգոստոս 2006), հոգեկան անփարատելի ցաւերու մէջ բոլորելէ յետոյ իր ծննդեան 87-ամեակը: 

«Տիպար քաղաքացի» կոչումին արժանացած Ամենայն հայոց բանաստեղծուհիին ներաշխարհէն ներս, անոր բանաստեղծութիւններու բոյլին մէջ քովէ քով շքերթեցին «Հայկական դիմադրութիւն»ի դրօշը պարագրկած անոր խրոխտ քաղաքական ելոյթներն ու ընդհանրապէս աներեր արեւելումը՝ 80-ական թուականներէն Արցախի վերատիրացման պայքարի եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու (60-ական թուականներէն) զարգացման ի խնդիր տարուող «դեռ քայլող կարաւաններ»ու ճամբուն վրայ…: 

Այսպէս, իր մեկնումէն 20 տարի ետք, այսօր, բովանդակ հայութիւնը ոչ միայն կը փնտռէ անոր պատգամներն ու յախուռն ճառերը, կը սգայ մահը մեծ բանաստեղծուհիին, այլ կը կոտտայ կորուստը մանաւանդ «Հայկական դիմադրութիւն»ի վերջին ու անառիկ մարտկոցը համարուող ազգային-հասարակական գործիչին, «Խօսք իմ որդուն»ի համբաւեալ երգիչին, որ ապրեցաւ վերիվայրումներով փոթորկայոյզ կորանքը Հայաստանի 15-ամեայ անկախութեան (1991-2006):

Իր կենդանութեան, ի՛նք էր որ ժպրհեցաւ սիւնին գամել ամօթի խարանը օրուան քաղաքական «չքոտի այրեր»ուն: Իր «կարապի երգ»ին՝ «Վերջին զանգ»ին (Երեւան, 2006) մէջ 9 տուննոց «Ապստամբութիւն» աղմկայարոյց բանաստեղծութեան (գրուած 2003-2004 դեկտեմբեր-ապրիլ) եզրայանգումը խորապէս ցնցիչ է հայ ընթերցողի սիրտին ու միտքին մէջ: Աղմկայարոյց՝ երբ նոյն բանաստեղծութեան կ՚ընկերանար Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահի երեսին շպրտուած այն մետայլը, զոր ստացեր էր իր յոբելեանին առթիւ: Քերթուածին հրատապութեան համար այստեղ կը տրուի ամբողջութիւնն անոր.-

Ես չեմ ապրում արդէն ու ես չեմ էլ մեռնում,
Եւ իմ չմեռնելը տեւելու է երկար.
Ո՛ւր էլ լինեմ՝ տանը, դրսում, հեռաստանում,
Ես ձեր դատաստանին պիտի լինեմ ներկայ:

Դուք, փոքր ու մեծ տէրեր, այրեր դուք ապիկար,
Առաջնորդներ չնչին ու կէսկատար,
Ստոր ձեր տեսակին ստորոտն էր յարմար,
Դուք եղծութեամբ, ստով հասաք կատար:

Մտքի ընտրեալներին դուք դարձրիք ծառայ,
Ու դարձրիք պատանդ, հլու ընտրազանգուած.
Մի պարկ փուտ ալիւրով մարդկանց խիղճը առաք,
Դուք՝ փճացած վաղուց՝ փճացրեցիք նրանց:

Ու լլկեցիք հոգին ու փշրեցիք նորից
88-ի հրաշք ժողովրդին.
Ստիպեցիք լքել հայրենիքը, որին
Արիւն էին տուել, կեանք ու որդի:

Իսկ նա, որ ստրուկին ճզմեց իր մէջ, ելա՛ւ,
Յանուն պատուի, պարտքի եկաւ հրապարակ, 
Զօրքով, փշալարով շուրջկալեցիք նրան,
Ու ջանացիք ջարդել ոտքերի տակ…

…Օ՛, խաղատուն դարձած հայրենական մեր տուն,
Ցեխերի մէջ ընկած մագաղաթեայ մատեան,
Կախաղանի սիւնից կախուած անկախութիւն,
Մեր լոյս երազների խաւարակուռ պատեան:

Ես ի՞նչ, ի՞նչ խօսքերով նզովք կարդամ ու սաստ,
Ձեզ, որ խուժդուժ կարգերն այս երկնեցիք,
Ուր դուք դարձաք հեծեալ, ժողովուրդը՝ գրաստ,
Օտարի դուռն ընկած մի մուրացիկ:

Եւ ես՝ հայ բանաստեղծ, ի՞նչ սեւ բախտի հասայ,
Որ նզովքի խօսք եմ ասում… հայի՛ն.
Հզօր ճախրից յետոյ՝ այս անկումը տեսայ
Եւ ապրեցի օրերն այս դիւային:

Ո՜չ, չեմ ապրում արդէն ու ես չեմ էլ մեռնում,
Իսկ թէ - անէ՛ծք վերին - մնաք ինձնից երկար.
Մէ՛կ է, ո՜ւր էլ հանգչեմ, ո՛ր մի գերեզմանում,
Ես ձեր դատաստանին լինելու եմ ներկայ…

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին (21 սեպտեբեր 1991 - 21 սեպտեմբեր 2026) ընդառաջ, այսօր ի՞նչ է մնացած բանաստեղծուհիին վերի բանաստեղծութեան ոգիէն ու էութենէն. այսինքն՝ տեղի՞ն էր աւելի քան երկտասնամեակ մ՚առաջ գրուած «Մտորումներ ճանապարհի կէսին»ի բոցաշունչ քերթողուհիին «ամբաստանագիրը» օրուան «ապիկար» քաղաքական այրերուն, թէ ժամանակավրէ՞պ կը համարուին անոնք այսօր: Միւս կողմէ «իրական» Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները երբ կը խօսին «հաստատուած խաղաղութեան» մասին տարածաշրջանէն ներս, միաժամանակ ատեն-ատեն կը յայտարարեն եւ չեն թաքցներ, թէ Հայաստան դեռ երկա՜ր ճանապարհ ունի կտրելիք պետականութիւն կերտելու եւ իսկական անկախութիւն ձեռք բերելու համար՝ ժողովրդավարական ճամբուն վրայ։ 

Արդարեւ, ո՛չ իշխանութեան տիրակալները, ո՛չ ալ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան 132-րդ գահակալը սուրբեր են, սրբակենցաղ անձնաւորութիւններ, որոնք այսօր իրարընդդէմ վիրաւորիչ արտայայտութիւններով աշխարհին առջեւ կը տարածեն մերկութիւնն իրենց մեղքերուն, անհուն մեղկութիւնն իրենց մտածմանց ու զգացմանց, եւ որոնք՝ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, իւրաքանչիւրը քարշ տալով ի՛ր օրակարգը, հաշուեյարդարի նստելու պատրաստակամութիւն չեն յայտներ Աստուծոյ դատաստանին առաջ, որ դեռ կև՚ուշանա՜յ, ե՛ւ կ՚ուշանա՜ն՝ երազուած անկախութիւնն ու պետականակերտման հիմնաքարերը դնելու օրերը: 

Կապուտիկեան՝ իր յիշատակի օրուան առթիւ, այսօր ի՞նչպիսի նորաստեղծ նզովքներով պիտի նշտրակէ 35-ամեայ անկախութեամբ «յոխորտացող», «հպարտացող» այն այրերուն ու ընտրազանգուածներուն, որոնք ատենօք մեր նորանկախ պատանի հայրենիքը վերածեր էին «… մեր լոյս երազների խաւարակուռ պատեան»ի, Հայաստանը՝ «կախաղանի սիւնից կախուած անկախութեան», որոնց պատճառով՝ ժողովուրդը դարձած «գրաստ» եւ «օտարի դուռն ընկած մի մուրացիկ…»:

Բանաստեղծուհին՝ որ երկինքէն սեւեռաբիբ կը հետեւի ու ներկայ է երկրին մէջ տասնամեակներէ ի վեր ընթացող դատավարութիւններուն, իր մահուան 20-ամեակին առթիւ գեղարուեստական ոճով ու ճշմարտութիւնը բառ առ բառ գամող իր տաղանդով ի՞նչպիսի տողեր պիտի հիւսէ՝ 7 յունիսի ընտրութիւններէն վերջ 9-րդ գումարման Ազգային ժողովի մէջ տեղի ունեցող իրարընդդէմ ատելավառ ու նոյն ատեն իրարու սիրախաղերով տարեդարձներ շնորհաւորելու «համանուագ»ին. այն «համանուագ»ին, որուն նորընտիր գլխաւոր «տիրիժորը»՝ իր յաճախակի բացակայութիւններով ու ժողովը իր տեղակալներուն յանձնելու քաղաքականութեամբ ցոյց կու տայ, թէ շատ բան կը զիջի իր նախորդին՝ Ալէն Սիմոնեանի հաստատակուռ խօսքի վարպետութեան ու նախագահողի հմտութեան: 

Բանաստեղծուհին՝ որ երկինքէն ու հեռակայ կարգով կը հետեւի ա՛լ ժամանակավրէպ դարձած դատավարութիւններուն (որոնցմէ մին՝ 28 օգոստոսին տեղի ունենալիք դատավարական նիստը), ի՞նչ բանադրանքներ պիտի տեղացնէ այս անգամ վերոյիշեալ գումարման Ազգային ժողովի նիստերուն, ուր կը տիրէ բարձրագոչ լուտանքներ «Հոկտեմբերի 27»ի եւ «Մարտի 1»ի արիւնայեղց իրադարձութիւններու գլխուն, կը տիրէ «սրիկայութիւններ»ու, «դաւաճանութիւններ»ու, «թալաններ»ու եւ ասոնց մակարդակի բառամթերք՝ ամէնօրեայ ծեծկռտուքներու եւ նիստի դահլիճէն «ծաղրածուներ»ու վտարման զաւեշտախաղերով…:

*

Իր խոհեմութեամբ եւ իմաստնութեամբ շրջանցելով ստալինեան սարսափազդու ժամանակներու վտանգաւոր փուլերը, 40-ական թուականներէն Կապուտիկեան միացաւ իր գրչի ընկերներուն՝ Ն. Զարեանին, Ս. Տարօնցիին, Գ. Մահարիին, Վ. Ալազանին, Խ. Դաշտենցին, Հ. Սահեանին, Յ. Շիրազին, Մ. Մարգարեանին եւ իրմէ յետոյ եկող մտաւորականներու շքեղ հոյլին: Աւելի քան վեց տասնամեակ ան տուաւ պատկառելի թիւով ու որակով բանաստեղծական երկեր, արձակ գործեր, թարգմանական, հրապարակագրական եւ մանուկներու գրականութեան նուիրուած բազմաթիւ էջեր, իրաւամբ արժանանալով Ամենայն հայոց բանաստեղծուհի կոչումին: 

Սա աշխարհէն իր մեկնումէն աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ, Երեւանի Ամերիկեան համալսարանի գիտաժողովներէն մէկուն էր՝ արտասահմանէն ալ ժամանած հիւրերու ներկայութեամբ: Հայ գիտնականներու մասնակցութեամբ կայացած այդ գիտաժողովին ներկայ էր նաեւ Սիլվա Կապուտիկեան, որուն շռնդալից, ըմբոստագին ու բարձրագոռ բացագանչումը դահլիճէն ներս՝ համաշխարհայնացումի, համացանցային դիմատետրի ու ընկերային խայտաբղէտ լրատուական ցանցերու սա ժամանակներուն աշխարհի ազգերու համաձուլումը պահանջող ամերիկացի գիտնականի երեսին, կը մնայ հոգեցունց ու շատ շատերու յիշողութեան մէջ գամուած ելոյթներէն մէկը բանաստեղծուհիին՝ ընդդէմ գռեհկօրէն պատասխանող այդ ամերիկացի գիտնականին, որ դահլիճը ձգելէ առաջ, խօսքը հայ գիտնականներուն ուղղելով ըսած էր.

-Լա՛ւ, դուք մնացէք ձեր 20-րդ դարու հետ, իսկ մենք կ՚երթանք առաջ…

-Այո՛, մենք կը մնանք մեր Ե. դարի հետ, եւ այդ դարի մեր մեծերին՝ Մաշտոցին, Խորենացուն, Եղիշէին, այնուհետեւ՝ Դաւիթ Անյաղթին, Շիրակացուն, այնուհետեւ՝ Նարեկացուն, այնուհետեւ՝ Վիքթոր Համբարձումեանին, Սարեանին, Խաչատրեանին, այնուհետեւ՝ Գրիգոր Գուրզադեանին հետներս առած, կը մտնենք 21-րդ դար ու երրորդ հազարամեակ,- բացագանչած էր Սիլվա Կապուտիկեան:

Այսպէ՛ս էր ի սկզբանէ ու այսպէ՛ս ալ մնաց մինչեւ իր հուսկ շունչը, Մեծն Կապուտիկեանը, որուն «Ո՛Չ»ն ու «ԱՅՈ՛»ն ասպարուեցան Սուրբ Մեսրոպի ու Սահակ Պարթեւի տիեզերական ուժականութեամբ, անպարտելի՛ իր կամքով ու հաւատքով:

Վարպետը հայ գրականութեան՝ Աւետիք Իսահակեան, 20 յունուար 1955-ին, սրտին ամբողջ ջերմութեամբը իրաւացիօրէն գրած էր Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան տարեդարձին առիթով. «Չլինէր ծովը, երկնքի պատկերը երկրի վրայ չէր լինի. չլինէր քո պոէզիան … շատ խաւար կը լինէր մեր երկիրը: Ապրի՛ր, ստեղծի՛ր, եղիր հաւատարիմ մեր ժողովրդի իղձերին»: Ու Կապուտիկեան ստեղծագործե՛ց, ապրեցաւ աւելի երկար՝ քան իր գրչի ընկերները, ստեղծագործեց տասնապատի՛կ ու մնա՛ց հաւատարիմ իր ժողովուրդի իղձերուն: 

Ափսո՜ս, հազար ափսո՜ս, որ ա՛լ չկա՜ն ու անդարձ են մեկնած Թումանեան եւ Իսահակեան, Չարենց ու Սահեան, Շիրազ ու Սեւակ, Էմին ու Կապուտիկեան, եւ մեր ժողովուրդը շա՜տ պիտի սպասէ՝ հազարամէ հազարամ երեւցող Կապուտիկեաններու, թերեւս ալ՝ անոնց սպասմա՜ն իղձովը մեռնի…:

Այսօր, իր յիշատակի օրն է: Անբեկանելի է Մեծ Տիկնոջ «Ամբաստանագիրը» կատարուող «դատավարութիւններու…»:

Ինք երկինքէն է՛ ներկայ՝ մեծ դատաստանին հեռակայ…:

Ապրինք եւ տեսնենք:

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026