«ԼՈՅՍ ԵՒ ՍՏՈՒԵՐ»

Այս տարուան ընթացքին, «Գառնի» մատնեաշար ուսանողականի թիւ 47-րդ գիրքը լոյս տեսած է՝ «Լոյս եւ ստուեր», որու հեղինակն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց անդամներէն՝ Տ. Վարուժան արքեպիսկպոս Հերկելեանը:

Գիրքը ձօնուած է Մարտիրոս Մ. Հերկելեանին:

Գիրքի մեկենասութիւնը կատարած են տիրամայր Սոնա Աշգարեանն ու անոր՝ «Աստուծոյ Սուրբ Խորանին նուիրուած» երկու զաւակները՝ Տ. Մակար արք. Աշգարեանն ու Հայր Յովսէփ վարդապետ Աշգարեանը, ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր՝ Հայկազուն Աշգարեանի:

Գիրքը թղթակազմ է: Կը բաղկանայ 184 էջերէ:

Գիրքին սկիզբը զետեղուած է Լեւոն Շառոյեանի գրութիւնը՝ «Ողջունելով Վարուժան արքեպիսկոպոսի 80-ամեակը»:

Գիրքին մէջ կան քսանվեց գրութիւն-քարոզներ.

- «Լուսեղէն կամուրջը»: Խօսուած է 21 մարտ 1999-ին, Անթիլիասի ուխտի օրը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնին: Քարոզին մէջ սրբազանը անդրադարձած է մեծ սուրբին կեանքին ու գործունէութեան եւ անոր այսօրուան ունեցած պատգամներուն (էջ 11-17):

- «Հրեղէն մկրտարանը՝ Ս. Թադէ»: Խօսուած 2004-ին, Ս. Թադէի վանքի ուխտագնացութեան 50-ամեայ տարեդարձին: Քարոզին մէջ սրբազանը անդրադարձ կատարած է անուանակոչութիւններու յիշատակումին, կարեւորելով անոնց դերը մեր կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ խօսած է ուխտի եւ ուխտաւորի հասկացողութեան մասին (էջ 18-28):

- «Ոգեղէն ժայռը»: Խօսուած է 2003-ին: Սրբազանը խօսած է եկեղեցւոյ հասկացողութեան մասին, թէ ի՛նչ է եկեղեցին եւ ինչպէ՛ս կարելի է զայն զօրաւոր ու պայծառ պահել ( էջ29-34):

- «Մեր նուէրը Ս. Ամենափրկիչ վանքին»: Խօսուած է 2011-ին, Սպահան, Ս. Ամենափրկիչ վանքի անուանակոչութեան օրը: Քարոզին մէջ սրբազանը բացատրած է, թէ որպէս հաւատացեալներ, ի՛նչ կրնան նուիրել Ս. Ամենափրկիչ վանքին, թուարկելով ու բացատրելով՝ սէր, հաւատարմութիւն, պապենական կրանիթեայ հաւատք, անձնազոհութեան յանձնառութիւն, յարգանք ու հոգածութիւն (35-38):

- «1700-ամեակ»: Խօսուած է 2001-ին: Քարոզին մէջ սրբազանը անդրադարձած է մեր եկեղեցւոյ 1700-ամեայ ընթացքին, գործունէութեան, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս ունեցած ներդրումին ու դերակատարութեան: Ան շեշտած է, թէ 1700-ամեակը պարզապէս յիշատակութեան ու հանդիսութիւններ կատարելու առիթ մը չէ, այլ՝ «յիշեցում մը՝ վերանորոգուած, վերափոխուած եւ վերապայծառացած ու վերակենսաւորուած, նոր թափ առնելու, որ ամէն տարի նոր եւ ճոխ հանդիսութիւններով ու ձեռնարկներով վերակերտենք առողջ եւ պայծառ դիմագիծը մեր եկեղեցիին, մեր հայրերուն, հայրենիքին ու ազգին» (45). (39-46):

- «1700-ամեայ կոչնակին կոչուած՝ կոչնակահարներ»: Խօսուած է 2001-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարէն ներս քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծումի ընթացքին: Սրբազանը իր նոր օծած հոգեւորականներուն խօսած է թէ՛ իրենք 1700-ամեայ կոչնակին կոչուած կոչնակահարներն են եւ թէ իրենք կոչուած են իրա՛ւ հովիւներ ըլլալու (47-56):

- «Նոր ճարագայթներ»: Խօսուած է 14 մայիս 2006-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման ընթացքին: Սրբազանը նոր օծուողներուն կը խօսի, թէ օծում ստանալով իրենց դերը փոխուած է, մինչեւ հիմա եթէ դուք աղօթել գիտէիք, գիտութիւն ունիք, խրատներ կարդացած էք, կարգապահութեան դասեր առած էք, հնազանդութեան թելադրանքներ ստացած էք, հաւատրամութեան օրինակներու հանդիպած, հեզութեան ու խոնարհութեան, աշխատանքի եւ աշխատասիրութեան օրինակներու հանդիպած էք, հիմա այդ բոլորը տեսականէն պէտք է գործնականի վերածէք, այլ խօսքով՝ պէտք է ձեր կեանքով թարգմանէք (57-63):

- «Հարուածել եւ բժշկել»: Խօսուած է 14 մայիս 2006-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման ընթացքին: Սրբազանը իր քարոզին մէջ նորընծաներուն խօսած է բարձրանալու մասին, բայց ո՛չ թէ աշխարհիկ հասկացողութեամբ, այլ հոգեւոր եւ ծառայական դիտանկիւնէն նայելով, որով պէտք է բարձրանան «պայծառ միտքով՝ առողջ դատողութիւն կրելով», «իմաստութեամբ», «Սուրբ Հոգիին շնորհքներով եւ անոնց տուած թելարդութեամբ»: Աւելին, սրբազանը խրատած է նորընխծաները, որպէսզի անոնք ձգտին «լաւագոյն շնորհքին, զարդարուեցէք Ս. Հոգիի շնորհքներով եւ այդ շնորհքները թող խօսին ու հոսին ձեր անձերուն ընդմէջէն միշտ եւ յարատեւ» (64-71):

- «Յարութեան յոյսով»: Խօսուած է Կիպրոսի մէջ, գերեզմանատան վերանորոգութեան ու մաքրութեան առիթով (Նիկոսիոյ հայկական հին գերեզմանատունը): Քարոզին մէջ սրբազանը անդրադարձած է Մեռելոցի հասկացողութեան՝ խօսելով, թէ ինչո՛ւ պէտք է յիշենք մեր ննջեցեալները եւ անոնց համար աղօթենք: Ապա անդրադառնալով գերեզմանի վերանորոգութեան եւ մաքրութեան, որ 80 տարիներէ աւելի լքուած ու անմխիթար վիճակի մէջ եղած է, իր գնահատանքը յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են այդ աշխատանքին՝ թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ նիւթապէս (72-77):

- «Հրաժարինք խաւարէն»: Խօսուած է 2015-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ՝ տարեմուտին: Քարոզին մէջ սրբազանը կը խօսի Քրիստոսի աշխարհ գալուն, մարդոց զԻնք չընդունելուն՝ ո՛չ միայն անցեալին, այլեւ ներկայիս: Անդրադարձ կը կատարէ նաեւ, թէ մեր ժողովուրդը առաջինը եղաւ ընդունելու զՔրիստոս, սակայն, այդքանով պէտք չէ բաւարարուիլ, այլ պէտք է մեր կարելին ընենք, որպէսզի Աստուոծյ տաճար ու բնակարան ըլլանք իրապէս եւ արժանապէս (78-83):

- «Մասնակցութիւն եւ պատասխանատուութիւն»: Խօսուած է Նիկոսիոյ մէջ, 19 նոյեմբեր 2000-ին: Քարոզին մէջ սրբազանը կը խօսի մինչ այդ կատարուած աշխատանքներու մասին Կիպրոսի թեմէն ներս: Ապա, կը խօսի մասնակցութեան եւ պատասխանատուութեան հասկացողութիւններուն մասին՝ կարեւորելով, թէ իւրաքանչիւր անդամ, պէտք է մասնակից ըլլայ համայնքի՝ եկեղեցւոյ կեանքին եւ պատասխանատուութիւն զգայ եւ ունենայ (84-94):

- «Հաւատարմութիւն»: Խօսուած է 11 մարտ 2006-ին, Նիկոսիա, Մեծ պահքի Տնտնեսի կիրակիին: Քարոզին մէջ սրբազանը կը խօսի, թէ մարդ պէտք է ինքն իր տնտեսը ըլլայ, ինքզինք տնտեսէ, այլ խօսքով, մեզի՝ մարդոցս տրուած բարիքներն ու հնարաւորութիւնները լաւագոյնս տնտեսել գիտնայ մարդը: Իսկ այդ կը յաջողի, երբ մարդ պարտաւորութիւն ունենայ՝ իր անձին, ընկերութեան, հաւաքական կեանքին եւ Աստուծոյ հանդէպ (95-101):

- «Մենք ենք մեր դատաւորը» Խօսուած է 16 մարտ 2006-ին, Նիկոսիա, Մեծ պահքի Դատաւորի կիրակիին: Սրբազանը քարոզին մէջ կը յիշեցնէ, որ մարդ պէտք է վերադառնայ իր պարզութեան անմեղութեան, հեռու անիրաւութիւն գործելէ, միաժամանակ, ո՛չ միայն զգուշանալ անաստուած ու մարդոցմէ չամչցող դատաւորներէ, այլեւ այդպիսին չըլլալ: Ինչպէս նաեւ Վարուժան սրբազան կը յիշեցնէ հաւատացեալներուն, թէ՝ «մե՛նք ենք մեր դատաւորը ամենէն առաջ: Եթէ մենք ուղիղ դատենք, ուղիղ կշռենք եւ ուղիղ ընթանանք ու գործենք, վստահաբար կը փարատի մեր կասկածամտութիւնն ու յոռետեսութիւնը» (102-107):

- «Ընդունման կիրակի»: Խօսուած է 2006-ին, Նիկոսիա: Քարոզին մէջ կը խօսուի մարդու արտաքսման մասին: Սրբազանը կը յորդորէ, որպէսզի մարդ աշխատի ձերբազատիլ մեղքէն, վերադառնալ Աստուծոյ, նոր մարդ դառնալ, որպէսզի «Արտաքսման կիրակին ըլլայ ընդունման կիրակի» (108-112):

- «Անառակի՞, թէ Անարատի կիրակի»: Խօսուած է 8 մարտ 2006-ին, Նիկոսիա, Մեծ պահքի Անառակի կիրակիին: Սրբազանը կը խրատէ գիտակցիլ ու զղջալ մեր մեղքերը, ներողամիտ ըլլալ ու գիտնալ վերարժեւորել մեր կեանքը, մեր գործածները, որոնց լոյսին տակ Անառակի կիրակին պիտի վերածուի անարատի կիրակիի (113-118):

- «Տկարներուն արժէքը»: Խօսուած է 2007-ին: Քարոզին մէջ կը խօսուի եկեղեցական ժողովներու եւ հայրապետներու յիշատակումի մասին: Սրբազանը անդրադարձ կը կատարէ, թէ մեր եկեղեցականներուն ճնշող մեծամասնութիւնը մեր ժողովուրդի խոնարհ խաւերէն եղած է, որով իրենց ժողովուրդին հետ միախառնուած է իրենց կեանքն ու ծառայութիւնը (119-123):

- «Սրտագրաւ մնայուն գանձեր»: Խօսուած է 2002-ին: Քարոզը Սուրբ Թարգմանիչներու մասին է եւ անոնց ունեցած դերակատարութեան մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Դերակատարութիւն, որու հիմքը եղած են՝ հողը, բարքերը, լեզուն եւ հաւատքը (124-128):

- «Հաւատարիմ մնալ»: Խօսուած է 2008-ին, Նիկոսիա, Մակարավանքի ուխտագնացութեան յիշատակի օրը: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յորդորած է հաւատարիմ մնալ՝ Աստուծոյ, մեր սուրբերուն, մեր նահատակներուն, մեր ընտանիքին, ընտանեկան բարքերուն, մեր հայրենիքին, մեր լեզուին, մեր մշակոյթին, որու լաւագոյն դրսեւումներն են ուխտագնացութիւնները, որովհետեւ «մեր ժողովուրդը դարերու ընթացքին իր յարատեւ ուխտով եւ հաւատարմութեամբ, այսօր իր արժանի տեղը ունի եւ պէտք է ունենայ քաղաքակիրթ ազգերու ցանկին վրայ: Մեր կարգին, մեր նոր ուխտով ու հաւատարմութեամբ շարունակենք մեր նահատակ ժողովուրդի երթը» (129-134):

- «Ստեփանոսի վրայ ինկած քարը՝ այս տաճարը»: Խօսուած է 2005-ին, Լառնաքա, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ: Քարոզին մէջ սրբազանը խօսած է Ս. Ստեփանոսի մասին՝ նշելով, թէ պատմութեան ընթացքին եղած են մարդիկ, որոնք իրենց անձին կենսագրութիւնը չեն ապահոված, բայց իրենց կեանքով ու օրինակով մարդոց սորվեցուցած են, թէ ինչպէս կը գրուին կենսագրութիւնները: Այդ մարդոցմէ է Ս. Ստեփանոսը, Գիւրերու գիւտի սուրբերը, Վարդանանցի նահատակները, եւ այլն: Սրբազանը նաեւ նշած է, թէ այս ոգեկոչումները առիթ են յիշելու անցեալը եւ արժեւորելու մեր ներկան (135-142):

- «Ըլլալ իրատես»: Գրուած է 2000-ին, վարժարաններէ ներս վերջին զանգի առիթով: Գրութեան մէջ շեշտ կը դրուի ընթերցանութեան եւ արձակուրդը ծառայեցնել ընթերցանութեան: Ինչպէս նաեւ անդրադարձ կը կատարուի ծնող, զաւակ, դպրոց, ուսուցիչ կապին (143-145):

- «Հոգեւորականը եւ իր դերը այսօր»: Գրուած է 2016-ին: Գրութեան մէջ կը նշուի, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ հոգեւորականը եւ թէ առողջ եւ պատրաստուած հոգեւորականը կրնայ օժանդակել, որպէսզի ժողովուրդը, համայնքը եւ նոյնիսկ հայրենիքը հեռու մնան տարբեր տարբեր յոռի սովորութիւններէ, երեւոյթներէ եւ այլն (146-152):

- «Պահեցողութիւն»: Խօսուած է 2007-ին, Նիկոսիա: Սրբազանը եկեղեցւոյ հայրերէն քանի մը մտածումներ ներկայացնելէ ետք պահքի մասին, կ՚անդրադառնայ պահքի կարեւորութեան՝ մատնանշելով, թէ թէեւ ուտելիքներու պահքը կարեւոր է, բայց միաժամանակ պէտք է մաքրուիլ ամէն տեսակի մեղքերէ եւ թէ Մեծ պահքը պատրաստութեան, ինքնաքննութեան, զղջումի եւ դարձի առիթ է (153-160):

- «Հայ Եկեղեցին այսօր»: Գրուած է 2016-ին: Կը խօսի թէ՛ Հայաստանի եւ սփիւռքի մարտահրաւէրներուն, դժուարութիւններուն մասին եւ թէ ինչպէս եկեղեցին պէտք եղած ձեւով չէ արձագանգած գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն (161-165):

- «Արթուն եւ պատրաստ»: Գրուած է 2004-ին: Սրբազանը կը նշէ, թէ երեք համագումարներու մասնակցած է՝ Երիտասարդութիւն եւ եկեղեցի, Հայեցի դաստիարակութիւնը ա՛յսիր եւ Այնճար հայաւանի շուրջ ստեղծուած նոր պայմանները խորագիրներով: Այս համագումարներու լոյսին տակ սրբազանը կը թելադրէ, որ պէտք է հաւաքական աշխատանքի ձգտինք, համախմբուինք, երտիասարդութեան տեղ պէտք է տաք, պէտք է առաջնորդենք զանոնք, որպէսզի իրենց ճիշդ տեղը գտնեն եւ պատասխանատուութեան զգացումով լեցուին (166-171):

- «Դէպի ակեղեցի»։ Գրուած Հայ մանուկի տարուան առիթով: Գրութեան մէջ սրբազանը կը կարեւորէ մեր մանուկներն ու պատանիները եկեղեցի առաջնորդելու հրամայականը (172-175):

- «Սիրոյ բաժակը եւ Քրիստոսի մտրակը»: Գրուած է 2013-ին: Սրբազանը կը մատնանշէ, որ մեր ժողովուրդը թէ՛ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ կորսնցուցած է իր դիմագիծը՝ ի՛նչ ինչ պատճառներով եւ կոչ կ՚ուղղէ նուիրապետական չորս աթոռներուն «մոռնալու ամէն տեսակի տարակարծութիւն եւ միացեալ ուժով աշխատելու, որ իր հովանաւորած ժողովուրդը վերագտնէ իր դիմագիծը, իր հոգին՝ սպառազինուելու եւ պայքարելու համար երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներու դէմ»: Սրբազանը կ՚առաջարկէ նաեւ ժողովական կարգ մը ստեղծել, որով կարելի պիտի դառնայ դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու այժմէական եւ անժամանցելի խնդիրնեը, որոնք կը ծառանան եկեղեցւոյ դէմ եւ սպառնալիք են (176-180):

*

Արդարեւ, «Լոյս եւ ստուեր» գիրքը Վարուժան արք. Հերկելեանի քարոզներուն եւ խոհագրութիւններուն ժողովածուն է։ Ինչպէս տեսանք, այնտեղ արծարծուած են եկեղեցական տօներու, սուրբերու յիշատակներու, ուխտագնացութիւններու եւ հոգեւոր կեանքի վերաբերեալ հարցեր։ Սրբազանը կը խօսի հաւատքի, աղօթքի, պահեցողութեան, զղջումի ու Աստուծոյ վերադառնալու մասին։ Միաժամանակ կը շեշտէ եկեղեցւոյ, հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն պատասխանատուութիւնը։ Գիրքը կը հրաւիրէ ընթերցողը՝ ինքնաքննութեան, առաքինի կեանքի եւ ծառայութեան։ Անոր մէջ կարեւոր տեղ ունին հայ լեզուն, մշակոյթը, ազգային ինքնութիւնն ու սերունդներու դաստիարակութիւնը։ Վարուժան սրբազան կը յորդորէ հաւատարիմ մնալ մեր հաւատքին, եկեղեցիին, հայրենիքին եւ ժողովուրդին։ Ամբողջ գիրքը լոյսի ու յոյսի կոչ մըն է՝ դիմագրաւելու մեր կեանքի եւ համայնքի ստուերները։

*

Քանի մը մտածումներ Վարուժան արք.ի «Լոյս եւ ստուեր» գիրքէն:

- Մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ իր սիրտը դրաւ իր այբուբենին վրայ: Պաշտպանեց զայն ու պահեց որպէս ամենէն մեծ գանձը եւ սրբութիւնը: Չսխալեցաւ մեր ժողովուդրը պատմութեան մէջ, որովհետեւ տեսաւ, որ իր ինքնութեան թուղթն է իր լեզուն: Պարզ ինքնութեան թուղթերը նոյնպէս կրնան փճանալ, այրիլ, կորսուիլ, բայց Մեսրոպ վարդապետի եւ թարգմանիչ միւս սուրբերուն մեզի տուած ինքնութեան թուղթը ո՛չ ոք կրնայ այրել եւ փճացնել, ոգեղէն է անիկա: Ահաւասիկ թէ ինչո՞ւ մեր եկեղեցին յատուկ տօն հաստատած է իր թարգմանիչ վարդապետներուն եւ սուրբերուն նուիրուած (125):

- Աղօթելը, Աստուծոյ հետ աղաչանքի պէս խօսիլը, մեզի կը սորվեցնէ խոնարհութիւն, հեզութիւն, ինքնաբաւութիւն, համբերութիւն, վերարթնութիւն եւ վերանորոգութիւն: Բաներ, որոնք կը բոնորոշեն եւ կը կազմեն իրական մարդը, առաքինի, պարկեշտ արդար: Աստուծոյ պատկերով մարդը (53):

- Մարդ իր մարմինը պէտք է առողջ պահէ եւ մաքուր: Որովհետեւ մարմինը ամանն է հոգիին: Եւ ինչպէս ծառը, ծաղիկը պարարտ հողի մէջ առողջ է, նոյնպէս ալ առողջ մարմնի մէջ առողջ կը մնայ հոգին, միտքը:

Իսկ հոգին ինչպէ՞ս զօրացնել:

Աղօթքով պահեցողութեամբ, պատուիրանները պահելով եւ գործի վերածելով (157):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2026