ԿԱՐՕՏ ԱՆՑԵԱԼԻ…
Սուրբ Զատիկը՝ Յարութեան լուսաւոր տօնը, ամէն տարի մեզ կը մօտեցնէ ո՛չ միայն հաւատքի եւ յոյսի վերանորոգման, այլեւ ներքին ապրումներու այն խոր աշխարհին, ուր անցեալի քաղցր յուշերը կը խառնուին ներկայի զգացումներուն՝ յաճախ մեզ մղելով խորհելու, թէ ինչո՛ւ այն տաք, հարազատ ու «համով» տաղաւարներու զգացումը այսօր այնքան տարբեր կը թուի։
Անցեալի տաղաւարներուն մասին խօսիլը գրեթէ միշտ կը բերէ քաղցր-դառն յուշերու ալիք մը եւ ան միայն յուշերու վերակենդանացում մը չէ, այլեւ փորձ մըն է հասկնալու, թէ ինչո՞ւ այսօրուան տաղաւարները շատերու համար կը թուին պակաս ջերմ, պակաս «համով»։ «Հին տաղաւարները ուրիշ էին» արտայայտութիւնը գրեթէ ամէն սերունդի շրթներուն վրայ կը կրկնուի, բայց անոր ետին կայ ո՛չ միայն անցեալի իտէալականացում, այլ իրական փոփոխութիւններ՝ մարդկային կեանքի, արժէքներու եւ փոխյարաբերութիւններու մէջ։
Առաջին հերթին, անցեալի տաղաւարերը աւելի պարզ էին, բայց նոյնքան ալ աւելի իմաստալից։ Ընտանիքները կը հաւաքուէին նոյն սեղանին շուրջ, մեծերն ու փոքրերը կը բաժնէին ո՛չ միայն ուտելիքը, այլեւ՝ ժամանակը, ուշադրութիւնը եւ սէրը։ Տաղաւարները կը դառնային այդ մեծ ընտանիքի վերամիաւորման առիթը։ Տուները կը լեցուէին ձայներով, ծիծաղով, երեխաներու խաղերով։ Այսօր, թէեւ պայմանները շատ աւելի բարելաւուած են, բայց մարդիկ յաճախ բաժնուած են իրենց առօրեայ հոգերով, աշխատանքով եւ անհատական զբաղումներով։ Այսօր ընտանիքները աւելի փոքրացած են, երբեմն ալ աշխարհագրօրէն բաժնուած։ Շատեր կ՚ապրին տարբեր քաղաքներու կամ երկիրներու մէջ եւ այդ ֆիզիքական հեռաւորութիւնը անխուսափելիօրէն կը նուազեցնէ տաղաւարներու միասնականութիւնը։ Նոյն սեղանը կայ, բայց երբեմն կը պակսի միասին ըլլալու հոգեւոր ջերմութիւնը։
Երկրորդ, արդիական աշխարհը փոխած է տաղաւարներու ընկալումը։ Նախապէս տաղաւարները սպասման շրջան մըն էր․ մարդիկ օրեր առաջ կը պատրաստուէին, տուները կը մաքրուէին, քաղցրաւենիքներ կը պատրաստուէին եւ այդ պատրաստութիւնը ինքնին տաղաւարի մէկ մասն էր։ Այսօր շատ բաներ դիւրացած են․ կարելի է ամէն ինչ պատրաստ գնել, արագ կազմակերպել, բայց այդ ընթացքին կորսուած է սպասման հաճոյքը։ Երբ ամէն ինչ դիւրաւ հասանելի է, անոր արժէքն ալ անգիտակցաբար կը նուազի։
Երրորդ կարեւոր պատճառ մըն է մանկութեան զգացումը։ Մարդիկ յաճախ կը կարօտին ոչ միայն անցեալի տաղաւարերը, այլ իրենց մանկութիւնը։ Երեխայի աչքով ամէն բան աւելի մեծ, աւելի հրաշալի ու աւելի կախարդական կը թուի։ Նուէր մը, նոր հագուստ մը կամ ընտանիքի ժպիտը կրնայ դառնալ անմոռանալի։ Մեծահասակ դառնալով՝ նոյն բաները այլեւս նոյն ազդեցութիւնը չեն ունենար, որովհետեւ մարդը կորսնցուցած է այդ անմեղ ընկալումը։ Այս պատճառով ամենէն խորքային պատճառը թերեւս մարդու ներաշխարհին մէջ է։ Մանկութիւնը ունի իր յատուկ կախարդանքը։ Երեխայի համար տաղաւարը հրաշք մըն է՝ լի անակնկալներով, լոյսերով եւ սիրով։ Երեխան չի մտածեր հոգերու, պարտականութիւններու կամ վաղուան մասին․ ան ամբողջովին ներկայ է այդ պահուն մէջ։ Մեծահասակ դառնալով՝ մարդը կը կորսնցնէ այդ անմիջականութիւնը։ Տաղաւարը կը դառնայ պարտաւորութիւններու շարք մը՝ այցելութիւններ, կազմակերպութիւններ, ծախսեր։ Այդ պատճառով ալ նոյն օրը այլեւս չի զգացուիր նոյն կերպով։
Արդարեւ, արդիական աշխարհը բերած է սպառողականութեան ուժեղ ազդեցութիւն։ Տաղաւարները որոշ չափով վերածուած են գնումներու, նուէրներու եւ արտաքին ցուցադրութեան միջոցի։ Մինչդեռ անցեալին նուէր մը կրնար շատ համեստ ըլլալ, բայց լի՝ զգացմունքով եւ իմաստով։ Այսօր նուէրներու արժէքը երբեմն կը չափուի անոնց նիւթական գինով եւ այդ մէկը կը փոխէ տաղաւարի հոգեւոր բնոյթը։ Երբ ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ արտաքինին վրայ, ներքին զգացումը կը նուազի։
Բաց աստի, ընկերային կապերու բնոյթն ալ փոխուած է։ Նախապէս հարեւանները, ազգականները աւելի սերտ կապեր ունէին։ Տաղաւարներուն այցելութիւնները պարտադիր չէին միայն աւանդոյթի համար, այլ անկեղծ ցանկութիւն մըն էին զիրար տեսնելու։ Այսօր, թուային աշխարհը որոշ չափով փոխարինած է այդ շփումները․ մարդիկ կրնան հաղորդակցիլ առանց հանդիպելու, բայց այդ հաղորդակցութիւնը երբեք չի փոխարիներ կենդանի շփումի ջերմութիւնը։
Կեանքի արագ ընթացքն ալ իր դերը ունի, անշուշտ։ Ժամանակակից մարդը մշտապէս զբաղած է՝ աշխատանք, պարտականութիւններ, անձնական խնդիրներ… Ան հազիւ ժամանակ կը գտնէ հանգստանալու, ուր մնաց՝ խորապէս ապրելու տաղաւարի զգացումը։ Տաղաւարը կը դառնայ օրացոյցի նշում մը, որ արագ կու գայ եւ կ՚անցնի, առանց խոր հետք ձգելու։
Սակայն, արդեօք այս բոլորը կը նշանակէ՞, թէ տաղաւարներու իսկական «համը» ընդմիշտ կորսուած է։ Ո՛չ պարտադիր։ Իրականութեան մէջ, այդ համը միշտ ալ գոյութիւն ունի, բայց ան կախեալ է մեր ընտրութիւններէն։ Երբ մարդը գիտակցաբար կը փորձէ վերադառնալ պարզութեան, երբ կը նախընտրէ ժամանակ անցընել սիրելիներուն հետ՝ առանց շտապելու, երբ կը վերակենդանացնէ ընտանեկան աւանդութիւնները՝ գոնէ փոքր ձեւերով, տաղաւարը կրկին կը լեցուի իմաստով։
Գուցէ պէտք չէ ամբողջովին վերադառնալ անցեալին, որովհետեւ ամէն ժամանակ ունի իր գեղեցկութիւնը։ Բայց կարելի է անցեալէն քաղել այն, ինչ որ արժէքաւոր է՝ միասնականութիւնը, անկեղծութիւնը, սպասման ուրախութիւնը եւ զանոնք միացնել ներկայ կեանքին հետ։
Ի վերջոյ, տաղաւարներու համը ժամանակի մէջ չէ կորսուած, այլ մարդոց զգացողութեան մէջ փոփոխուած է։ Եթէ մարդը կրկին սորվի դանդաղիլ, գնահատել փոքր պահերը եւ կարեւորել մարդկային կապերը, նոյն այդ «հին տաղաւարներու համը» կրնայ կրկին վերածնիլ նոյնիսկ այսօրուայ աշխարհին մէջ։
Եւ այսպէս, Սուրբ Զատկի Յարութեան խորհուրդին լոյսին տակ, երբ կը վերարժեւորենք մեր յուշերը, մեր ներկան եւ մեր մարդկային կապերը, կը հասկնանք, թէ տաղաւարներու իսկական ջերմութիւնն ու «համը» ոչ թէ անցեալի մէջ կորսուած իրականութիւն մըն է, այլ մեր սրտերուն մէջ ապրող ու վերածնիլ սպասող զգացում մը, որ կրնայ կրկին ծաղկիլ, երբ ընտրենք սիրել, միաւորուիլ եւ լիովին ապրիլ ամէն մէկ պահը։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ