ՆԱՐ-ՊԷՅԻ ԱՆԹԱՌԱՄ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
4 նոյեմբերին, երբ վեր կ՚առնենք յիշատակը Զարթօնքի սերունդի կարկառուն ներկայացուցիչներէն Խորէն արք. Գալֆայեանի (Խորէն Նար-Պէյ, երբեմն ստորագրելով՝ Խորէն Նար-Պէյ Լուսինեան,Պոլիս, 6 սեպտեմբեր 1831 - Պոլիս, թաղուած Շիշլիի գերեզմանատունը, 4 նոյեմբեր 1892-ին), կը նշուի նաեւ անոր ծննդեան 195-ամեակը:
Բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ, խմբագիր, հրապարակագիր, կրթական մշակ, հրապարակախօս, հոգեւոր հովիւ եւ ազգային գործիչ, բազմաթիւ լեզուներու տիրապետած անհատականութիւն մը, դասագիրքերու հեղինակ Խորէն Նար-Պէյի անունն ու վաստակը՝ անկախ գրական ոլորտէն՝ կապուած են Խրիմեանի Հայրիկի Պերլին, Մոսկուա եւ Սեն Փեթերսպուրկ մեկնած պատուիրակութեան կազմին, Մինաս Չերազի եւ Ստեփան Փափազեանի հետ, պաշտպանելու հայոց դատը «խաղաղութեան» եւ «հաշտութեան» եւրոպական վեհաժողովին, որուն բացումը Պերլինի մէջ տեղի ունեցած էր 25 յունիս 1878-ին:
Մեր գրականութեան մէջ երախտաւոր հոգեւորական դէմք մը, եկեղեցական նուիրեալ գործիչ, արկածախնդրական գործերու ձեռնամուխ եղած անվեհեր անձնաւորութիւն մ՚ապաքէն: Ո՛չ միայն Հայոց Հայրիկը մեծապէս գնահատած է Նար-Պէյը, այլեւ Պոլսոյ ամիրայական հեղինակաւոր գերդաստանները՝ Պալեաններն ու Տատեանները, ֆրանսացի Ալֆոնս տը Լամարթինը (1790-1869), «Քարմէն Սիլվա» գրական ծածկանունով հանդէս եկած անուանի բանաստեղծ, Ռումանիոյ թագուհի Ելիզավեթա Նոյվիտացին (1843-1916), ինչպէս նաեւ աշխարհահռչակ հայազգի ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքին (1817-1900), որ ստեղծագործած է Նար-Պէյի մէկուկէս մեթր բարձրութեամբ եւ 0,80 լայնքով դիմանկարը, իւղաներկ կտաւը, զոր մեծ հիացումով կը դիտէր Նար-Պէյ իր սալոնի պատէն կախած:
Հայ արդի գրականութեան մէջ Խրիմեան Հայրիկի, հայր Ղեւոնդ Ալիշանի, Գարեգին եպսկ. Սրուանձտեանցի, Եղիշէ արք. Դուրեանի, Թորգոմ արք. Գուշակեանի կողքին, եկեղեցական ու գրական այն պայծառ դէմքերէն է Խորէն Նար-Պէյ, որ շեշտուածօրէն կարեւոր դերակատարութիւն է ունեցած մեր ազգային ու եկեղեցական կեանքէն ներս, սակայն իր ոճը՝ գրքունակ, անձնատուր՝ գրաբար լեզուի քաղցրութիւններուն, զուրկ է աշխարհաբարի վերածուելու եւ այսօր մեզի ներկայացուելու վայելքէ:
Նար-Պէյէն լոյս տեսած բանաստեղծական երեք դիւանները՝ «Վարդենիք» (1863), «Ստուերք հայկականք» (1874), «Քնար պանդխտին» (1868), տիրական «տիքթաթին» տակ Զարթօնքի սերունդին յատուկ յատկանիշերուն, կ՚երգեն լուսնի լոյսերն ու բնութեան փափկաթռիչ սիւքերը, վարդաբուրեան առաւօտներն ու գարունները: Անոնք երազակոծ՝ մեզի չեն տար ջիղ ու հզօր ապրումներ, այլեւ կը հոսին վշտաթուրմ զգայնութիւններով: Իր ժամանակակիցներէն Եղիշէ արք. Դուրեան՝ որ ապրեցաւ աւելի երկար ու մտաւ 20-րդ դար, նաեւ Ռեթէոս Պէրպէրեան եւ ուրիշներ, աւելի ուշ թօթափեցին գրաբարի հետքերը իրենց գործերէն, ստեղծագործելով աշխարհաբար լեզուով:
«Հիւանդին մրմունջը» խորագրեալ չափածոյ կտորը, օրինակի համար, կը խօսի գրաբարէն անձերբազատ Նար-Պէյի տաղանդին մասին, որ երբեք վար չի դներ իր խոր հիացմունքը գրաբարին հանդէպ: Բանաստեղծին վախճանումէն քիչ օրեր առաջ գրուած եւ անոր կարապի երգը համարուող յիշեալ քերթուածին մէջ, Նար-Պէյ կարծէք կը նախազգար իր մօտալուտ մահը: Կու տանք այդ քերթուածէն երկու տուն, որ մեզի կը բերէ բանաստեղծին աշնանամերձ ապրումներուն մէջ անոր խոր թախիծին զովութիւնը.-
Գարնանային սիւք ցօղաթեւ
Ահա տուաւ վերջին բարեւ
Ջեռոտ աւուրց հասաւ խորշակ,
Թառամեցոյց զխեղճ մանիշակ.
Վարդ եւ շուշանըն գեղաթոյր
Ահա զանոյշ կորուսին բոյր,
Եւ իմ աչքեր արտասուագին
Հետզհետէ կը նըւաղի՜ն…
Թռչնիկ իմ սիրուն,
Մօտեցաւ աշուն,
Երբ հասնի ձըմեռ,
Ողջ զիս գըտնե՞ս դեռ:
Սիրուն թռչնիկ, քիչ օրէն, ա՜հ,
Յիմ սիրելեաց կը բաժնէ մահ…
Վերջի՜ն անգամ քո դայլայլիկ
Ես կը լըսեմ մելամաղձիկ…
Գուցէ քընած հողոյս վերեւ
Ուրուր՚ւ ագռաւ սաւառնեն թեւ.
Լըսուին բուին գուցէ եղերք,
Այլ սրտառուչ, ա՜հ, ո՛չ քո երգ…
Թռչնիկ իմ սիրուն,
Երբ գաս ի գարուն,
Մարդիկ զիս մոռնա՜ն…
Յիշէ՜ զիմ տապան:
Հայ կաթոլիկներու ընտանիքի զաւակ, Խորէն՝ իր եղբօր Ամբրոսիոսի հետ 1843-ին կ՚ուղարկուի Վենետիկ, Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար վանք, ուր կ՚ամբարէ հարուստ գիտելիքներ: 24 տարեկանին կը ձեռնադրուի վարդապետ, կը նշանակուի աբբահայր Գէորգ Հիւրմիւզեանի (Գէորգ Հիւրմիւզ, 1797-1876) քարտուղարը, կը մասնակցի «Բազմավէպ» ամսագրի հրատարակութեան, այնուհետեւ կը պաշտօնավարէ Մխիթարեաններու Փարիզի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջ: Յաջորդ տարի՝ 1856-ին, գժտուելով միաբանութենէն, կը հրաժարի կաթոլիկ դաւանանքէն ու կը վերադառնայ Առաքելական եկեղեցւոյ գիրկը: Յաջորդ քանի մը տարիներուն Փարիզի մէջ կը հիմնէ Հայկազեան վարժարանը, ուր կը ստանձնէ տնօրէնի պաշտօնը՝ դասաւանդելով այնտեղ:
Փարիզեան ժամանակաշրջանը Նար-Պէյի եւ անոր եղբօր կեանքին վրայ կ՚ունենայ արտասովոր ազդեցութիւն: Այնտեղ անոնք ո՛չ միայն կը ծանօթանան ժամանակի Ֆրանսայի մտաւորական սերուցքի հռչակաւոր գրողներուն՝ Վիքթոր Հիւկոյին, Շարլ Պոտլէրին, Ալֆոնս Լամարթինին եւ շատ ուրիշներու, այլ կը թրծուին ֆրանսական մշակութային կեանքի քաղաքակրթիչ մթնոլորտին մէջ: Այդպէս ալ, Նար-Պէյ մինչեւ իր կեանքին վերջը իր կապը չի խզեր ֆրանսացի մեծերուն հետ: Այդ շրջանի ստեղծագործական ու հրապարակագրական աշխատանքներու արդիւնք են Ալֆոնս Լամարթինի «Դաշնակք Լամարթինեան» խորագիրով բանաստեղծութիւններու գրաբարեան լեզուով Նար-Պէյի թարգմանական գործը (1859) եւ 1855-1858 տարիներուն Յովհաննէս Այվազովսքիի եղբօր՝ Գաբրիէլ Այվազովսքիին հետ «Մասեաց Աղաւնի» ամսագրի հրատարակութիւնը: Շրջան մը՝ 1861-1863, զինք կը տեսնենք Թէոդոսիայի Խալիպեան վարժարանի ուսուցիչ: Նոյն շրջանին կը հրատարակուին իր «Արշակ Բ.» ողբերգութիւնը (1861), «Ալաֆրանկա» կատակերգութիւնը (1862), Հոմերոսի «Իլիական»էն որոշ հատուածներ եւ ֆրանսերէնէ թարգմանական էջեր:
1864-ին Նար-Պէյ կը վերադառնայ Պոլիս. երեք տարի ետք կ՚ուղեւորուի Սուրբ Էջմիածին, ուր Ամենայն Հայոց Գէորգ Դ. կաթողիկոսին ձեռամբ կը ստանայ եպիսկոպոսական աստիճան: Կը շարունակէ մնալ արեւմտահայ ու արեւելահայ գրական շրջանակներու ուշադրութեանց կիզակէտին՝ ըլլալով կրողը արեւմտեան քաղաքակրթութեան եւ անոր հայեացքներուն: Իր եկեղեցական երկերէն յայտնի է «Հայոց եկեղեցին եւ անդրալեռնականք» աշխատութիւնը: Հեղինակ է հրապարակագրական բազմաթիւ յօդուածներու, որոնց մէջ անդրադարձած է հայ ժողովուրդի տառապանքներուն, գերութեան տակ հեծող Հայաստանի իրավիճակին, բարօր ու ազատ հայրենիք ունենալու հայ ժողովուրդի տենչերուն։
Միւս կողմէ, Նար-Պէյի գործն ու կեանքը ենթարկուած են սուր քննադատութեանց իրեն ժամանակակից գրողներու՝ անզուգական երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի, «Ազատութիւն» նշանաւոր քերթուածի երգիչ Միքայէլ Նալպանտեանի («Աղցմիք» պատասխան պոէմին մէջ»), Մատթէոս Մամուրեանի, յետագային ալ մեծանուն գրաքննադատ Յակոբ Օշականի եւ ուրիշերու կողմէ:
Պարոնեան, իր «Ազգային ջոջեր» երկի դիմաքանդակներէն մէկուն մէջ՝ նուիրուած Նար-Պէյին, զայն փետրաթափ ընելով տուած է խայթիչ հարուածներ՝ լուսաձակի տակ բերելով բանաստեղծ-եկեղեցականին բարոյական նկարագիրը, սակայն առանց ստուերելու գրողին արժանիքները. «… Նար-Պէյ նախազգացմամբ գուշակեց կարծես, թէ ձեռք պիտի քաշէր օր մը այս աշխարհիս վաղանցուկ հաճոյքներէն, թէ իւր կեանքն Աստուծոյ ծառայութեան նուիրելով մեծ քաղցրութիւն պիտի զգար: Ուստի, օր մը աչերն վեր առնելով կնկան մը երես չէր նայեր… մէկէ մը տեսնուելու կասկած կամ երկիւղ չունեցած ատենն ալ չէր նայեր կիներու… եթէ ծեր ըլլային, եւ հետեւապէս, կուսակրօն ըլլալու համար ամէն տրամադրութին ունէր: Աթոռի մը վրայ բազմելով քարոզ խօսելու համար մեծ փափաք ունէր, իսկ երբ այդ աթոռը պատրիարքական ըլլար՝ հոգին կու տար: Խորէն եպիսկոպոս միջին հասակով բարեձեւ կազմով գեղեցիկ մարդ մ՚է: Երբ փողոցն ելլէ՝ ընդհանրապէս այն դէմքը կ՚ունենայ, երբ բազմութեան մէջ մէկն իւր սիրուհիին գաղտնի նշան ընելէն ետքը ուրիշ մը զայն տեսնէ եւ իրեն ըսէ. «Ըրածիդ հաւնեցա՞ր»:
Յակոբ Օշական՝ որ հազիւ ինն տարեկան երեխայ էր երբ Նար-Պէյ վախճանեցաւ, յետագային քննադատական իր էջերուն մէջ տեղ մը արդարութեան նժարին մէջ դնելով Նար-Պէյ աստուածաբանն ու կատակերգակը, սիրերգակն ու եկեղեցականը՝ գրեց. «…Նար-Պէյ քալած է բոլոր ճամբաներէն՝ Աստուծոյ, դժոխքի, պալատի, կնիկի, բանաստեղծի, գործիչի իրար քով չեկող պողոտաներէն: Քալած՝ երբեմն տարօրէն գեղեցիկ, երբեմն անպատմելի կերպով սողոսկուն: Քալած՝ երբեմն իրաւ, երբեմն սուտ արցունքներով: Անդադար փառաբանուած՝ ինչպէս չարաբանուած: Լոյսի եւ ստուերի խառնուրդ մը…»:
Արդարեւ, յուզումով կը լեցուի սիրտը մարդուն՝ լսելով 1891-ի մայիսին Յակոբ Պարոնեանի մահուան առթիւ նո՛յն մեծ երգիծաբանէն անողոքաբար քննադատուած Նար-Պէյի արտասանած դամբանական խօսքերը. «…Իւր (կ՚ակնարկէ Յակոբ Պարոնեանին. «Ծ.»-«Ա.») գործեր անմահ կը մնան եւ պէտք է գիտնալ օգտուիլ իւր թողած արդար քննադատութիւններէն, որպէսզի ան կարենայ հանդարտ հանգչիլ իւր գերեզմանին մէջ»:
Այս բոլորէն ետք, այսօր, հայ մարդը կամայ-ակամայ կը մտածէ, թէ ո՞ւր է մերօրեայ առողջ եւ ազգադարման քննադատութիւնը, որ կար անցեալին՝ Նար-Պէյերու եւ Պարոնեաններու օրերուն, որպէսզի արդար քննադատութիւնը տարածուի ու կրկին բոցավառի՛ այսօրուան հայ մամուլին մէջ, որ իր էջերուն վրայ միշտ ի զո՜ւր պիտի փնտռէ Պարոնեաներու եւ Օտեաններու, Արփիարեաններու եւ միւս մեծերուն երգիծական սլաքները, օգտուելո՛ւ անոնցմէ, ինքնասրբագրուելո՛ւ մանաւանդ, ուռճանալու անոնց հուրհրան հիւմըրով…:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ