ՄԵՐ ՄԱՔՈՒՐ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Իսկ ի՞նչ կը հասկնանք մարդկայնութիւն ըսելով։ Կը սիրենք խօսիլ բարութեան, կարեկցանքի, փոխադարձ յարգանքի եւ համերաշխութեան մասին։ Մարդկայնութիւնը կը ներկայացնենք իբրեւ բարձրագոյն արժէք, բայց մեր առօրեայ կեանքին մէջ այնքան դիւրութեամբ կը մոռնանք զայն։ Կը դատենք ուրիշները՝ առանց զանոնք հասկնալ փորձելու, կը վիրաւորենք՝ առանց մտածելու մեր խօսքերու հետեւանքներուն մասին, կը հեռանանք օտարի ցաւէն, երբ ան մեր կեանքը չի խանգարեր։ Երբեմն նոյնիսկ բարութիւնը կը վերածենք ցուցադրութեան մը, որուն նպատակը ուրիշներու գնահատանքին արժանանալն է, այլ ո՛չ թէ իսկապէս օգտակար ըլլալը։
Թերեւս մարդկայնութիւնը մեծ արարքներու մէջ փնտռելու փոխարէն պէտք է զայն փնտռենք մանրուքներու մէջ։ Մարդկայնութիւն է՝ ուրիշին խօսքը լսել առանց զինք ընդհատելու, չօգտուիլ մէկու մը տկարութենէն, ներողամիտ ըլլալ՝ երբ կրնանք դատապարտել, եւ չվիրաւորել՝ երբ կրնանք լռել։ Մարդկայնութիւն է նաեւ ընդունիլ, որ դիմացինը նոյնպէս իր վախերը, յուսախաբութիւնները եւ անտեսանելի պայքարները ունի։ Մենք յաճախ չենք գիտեր, թէ մեր հանդիպած մարդը ի՛նչ ծանրութիւն կը կրէ իր ներսիդին։ Այդ պատճառով երբեմն ամենամեծ բարութիւնը պարզապէս չդատելն է։
Ազատութեան գաղափարը եւս մեր ամենէն մեծ հակասութիւններէն մէկն է։ Մենք կ՚ուզենք ազատ ըլլալ, բայց, միեւնոյն ժամանակ, կը վախնանք ազատութեան պատասխանատուութենէն։ Կը փափաքինք ինքնուրոյն որոշումներ առնել, սակայն, յաճախ կը սպասենք ուրիշներու հաստատումին։ Կ՚ուզենք ապրիլ մեր ուզած ձեւով, բայց կը մտահոգուինք, թէ մարդիկ ի՛նչ պիտի մտածեն մեր մասին։ Կը խօսինք անհատականութեան մասին, մինչդեռ մեր ընտրութիւնները յաճախ կը կատարենք հասարակութեան սպասումներուն համաձայն։
Ազատութիւնը միայն այն չէ, որ կրնանք ընել ինչ որ կ՚ուզենք։ Ան նաեւ այն կարողութիւնն է, որ կրնանք մերժել այն, ինչ որ մեզի պարտադրուած է։ Ազատ ըլլալ կը նշանակէ չապրիլ որպէս ուրիշներու գնահատանքի գերին, չկառչիլ այն պատկերին, որ հասարակութիւնը կը պահանջէ մեզմէ եւ չվախնալ սեփական ճամբան ընտրելէ։ Սակայն, իսկական ազատութիւնը նաեւ պատասխանատուութիւն կը պահանջէ։ Որովհետեւ ազատ մարդը չի կրնար իր սխալները միշտ ուրիշներուն վերագրել։ Ան պէտք է ընդունի իր ընտրութիւններուն հետեւանքները եւ քաջութիւնը ունենայ ապրելու իր որոշումներուն հետ։
Մեր ակնկալութիւնները, սակայն, միայն երջանկութեան, գիտութեան, մարդկայնութեան եւ ազատութեան շուրջ չեն սահմանափակուիր։ Մենք նաեւ սէրէն չափազանց շատ բան կը սպասենք։ Կ՚ուզենք, որ ուրիշը մեզ հասկնայ առանց բացատրութեան, սիրոյ մէջ գտնենք մեր բոլոր պակասներուն պատասխանը եւ դիմացինը դառնայ մեր ներքին դատարկութեան լրացումը։ Երբեմն մարդոցմէ կը պահանջենք այն, ինչ որ նոյնիսկ մենք չենք կրնար տալ մենք մեզի։ Կը մոռնանք, որ ո՛չ ոք պարտաւոր է ամբողջացնելու մեր գոյութիւնը։ Սէրը պէտք չէ դառնայ պահանջներու եւ սպասումներու անվերջ ցանկ մը, այլ երկու անկատար մարդոց միջեւ փոխադարձ հասկնալու եւ ընդունելու փորձ մը։
Այս բոլորի մէջ ամենէն հետաքրքրականը այն է, որ մենք անընդհատ կը փորձենք կեանքը սահմանել, մինչդեռ կեանքը միշտ կը գերազանցէ մեր սահմանումները։ Կը փորձենք չափել երջանկութիւնը, դասակարգել գիտութիւնը, սահմանել մարդկայնութիւնը, բացատրել ազատութիւնը եւ իմաստ մը տալ ամէն ինչի։ Բայց որքան աւելի կը փորձենք ամէն երեւոյթ տեղաւորել մեր ստեղծած հասկացողութեան սահմաններուն մէջ, այնքան աւելի կը հեռանանք անոր իրական բարդութենէն։ Գուցէ պէտք չէ ամէն ինչի համար վերջնական պատասխան մը փնտռել։ Կան հարցումներ, որոնց արժէքը ո՛չ թէ անոնց պատասխանին, այլ մեզ մտածելու մղելու կարողութեան մէջ է։
Իսկ ի՞նչ կ՚ուզէ մեր մաքուր բանականութիւնը։ Թերեւս ան կը փափաքի, որ դադրինք մենք մեզ ուրիշներու հետ համեմատելէ, դադրինք մեր կեանքը ապացուցելու փորձերէն եւ չշփոթենք արտաքին յաջողութիւնը ներքին բաւարարութեան հետ։ Կ՚ուզէ, որ մեր մտածումները ըլլան մերինը, մեր ընտրութիւնները՝ գիտակցուած, իսկ մեր արժէքները՝ ո՛չ թէ ժառանգուած կարգախօսներ, այլ սեփական փորձառութեամբ եւ անկեղծ մտածումով ձեռք բերուած համոզումներ։ Ան կրնայ ուզել, որ մենք քիչ մը աւելի ազնիւ ըլլանք մենք մեզի հանդէպ, ընդունինք մեր տկարութիւնները եւ չամչնանք մեր անգիտութենէն։
Որովհետեւ գուցէ կեանքի ամենամեծ խաբկանքը այն է, որ մենք միշտ կը կարծենք, թէ բան մը կը պակսի։ Մէկը կը կարծէ, թէ դրամ կը պակսի, միւսը՝ սէր, երրորդը՝ ճանաչումը, իսկ ուրիշ մը՝ ազատութիւնը։ Եւ այդ պակասին զգացումը կը դառնայ մեր շարժիչ ուժը։ Մենք կը վազենք նպատակի մը ետեւէն, ապա կը հասնինք անոր եւ անմիջապէս նոր պակաս մը կը յայտնաբերենք։ Այսպէս, կեանքը կը վերածենք անվերջ հետապնդումի մը, որուն վերջնակէտը շարունակ կը փոխուի։
Մինչդեռ երբեմն պէտք է կանգ առնել եւ ինքզինքին հարցնել՝ արդեօք իսկապէս կ՚ուզեմ այն, ինչ որ կը հետապնդեմ, թէ պարզապէս սորված եմ զայն ուզել։ Արդեօք երջանիկ պիտի ըլլա՞մ, եթէ ունենամ այն, ինչ որ այսօր կը կարծեմ, թէ ինծի անհրաժեշտ է։ Արդեօք գիտելիքս զիս աւելի իմաստո՞ւն կը դարձնէ, ազատութիւնս՝ աւելի անկա՞խ, իսկ յաջողութիւնս՝ աւելի բաւարարուա՞ծ։ Թէ այս բոլորին ետեւէն վազելով՝ կը կորսնցնե՞մ այն պարզ բաները, որոնք կեանքը կ՚արժեւորեն…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շար. երկուշաբթիի թիւէն եւ վերջ