ՄԱՇՏՈՑԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԽԻԶԱՆԻ ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԳՏՆՈՒԱԾ ԱՇԽԱՐՀԸ
Այս օրերուն իսկական ներշնչում է տեսնել հայագիտութեան այնպիսի նուիրեալներ, որոնք գրեթէ մէկ դար ապրած են եւ անփոխարինելի ներդրում ունեցած իրենց բնագաւառին մէջ։
Առաւել գնահատելի է, որ հարիւրամեակի շեմին անոնք տակաւին կը գրեն, կ՚աշխատին, արժէքաւոր գիրքեր լոյս աշխարհ կը բեըեն եւ մեծ ոգեւորութեան աղբիւր կը դառնան իրենցմէ աւելի երիտասարդներուն համար։ Այդպիսի բացառիկ մարդիկ կը քաջալերեն մեզ այս դժուարին օրերուն եւ կը համոզեն, որ ի զուր չէ նուիրումը, ջանքը եւ ատոնք անպայման իրենց արդիւնքը կու տան։
Այդպիսի լուսաւոր ու քաջալերող առիթ մըն էր «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր ձեռնարկը, որու ընթացքին նշուեցաւ արուեստաբան, հայագէտ, մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Հրավարդ Յակոբեանի ծննդեան 95-ամեակը։ Սակայն, ձեռնարկը միայն մէկ գիտնականի կեանքը մեծարելու առիթ չէր. զայն դարձաւ նաեւ հայ միջնադարեան արուեստի շարունակականութեան, գիտութեան նկատմամբ նուիրումի եւ ազգային մշակոյթի պահպանման յաղթանակի եւս մէկ տօնական օր։
Յոբելենական հանդիսութեան առանցքը Հրավարդ Յակոբեանի նորագոյն աշխատութեան՝ «Խիզանի մանրանկարչութեան արուեստանոցը. 16-րդ դարու վերջ-17-րդ դար (Մատենադարանի հաւաքածու)» պատկերագիրք-ուսումնասիրութեան շնորհանդէսն էր։
Գիրքը մատենադարանի հրատարակչութեան հերթական արժէքաւոր նուէրն է հայագիտութեան։ Միաժամանակ, առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ «Կեանքը մատենադարանին մէջ» վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը պատմէ Յակոբեան գիտնականի անցած ուղիին մասին, որ ձեւով մը ամբողջ սերունդի մը գիտական նուիրումին մասին է նաեւ։
ՄԱՐԴ ՄԸ, ՈՐ ԴԱՐՁԱՒ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԸ
Հրավարդ Յակոբեանը յաճախ կը կոչեն «Մատենադարանի առասպել», իսկ այդ բնորոշումը չափազանցութիւն չէ։
Արդէն վաթսունեօթ տարիէ ի վեր ան իր առօրեան, իր մտածումը եւ իր ստեղծագործ կեանքը կապած է հայկական ձեռագրերու այս սրբավայրին։
1959 թուականին երիտասարդ հետազօտող մը առաջին անգամ մուտք գործեց մատենադարանի դռնէն ներս եւ տարիներու ընթացքին դարձաւ հայ միջնադարեան արուեստի պատմութեան ամենէն հեղինակաւոր ուսումնասիրողներէն մէկը։ Տասնամեակներ շարունակ ուսումնասիրեց հազարաւոր ձեռագրեր, 1986-2008 թուականներուն ղեկավարեց Միջնադարեան արուեստի բաժինը, դաստիարակեց երիտասարդ գիտնականներ եւ իր բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններով նոր լոյս սփռեց հայ մանրանկարչութեան պատմութեան վրայ։
Հրավարդ Յակոբեանի կենսագրութիւնը ինքնին կը բացատրէ գիտական ձեռագրին առանձնայատկութիւնը։ 1952 թուականին Երեւանի գեղարուեստի ուսումնարանին մէջ ստացած նկարչական կրթութիւնը միաձուլուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանի պատմութեան բաժնի պատրաստութեան հետ, զոր աւարտեց 1958 թուականին։ Այս երկու աշխարհներու համադրումը ստեղծեց եզակի հետազօտող մը, որ ձեռագիրը չէր դիտեր միայն որպէս պատմական փաստաթուղթ կա՛մ միայն որպէս գեղարուեստական ստեղծագործութիւն։ Ան կը տեսնէր ամբողջական մշակութային երեւոյթ մը՝ օժտուած արուեստաբանի գեղագիտական աչքով եւ աղբիւրագէտի պրպտող միտքով։
Իր անունը նոյնպէս եզակի է․ կազմուած է հօր՝ Հրաչեայի եւ մօր՝ Վարդուհիի անուններու առաջին վանկերէն։ Տարիներ շարունակ այս անսովոր անունը հետաքրքրական պատմութիւններու պատճառ դարձած է։ Գիտնականը կը յիշէ, թէ արտասահմանէն երբեմն նամակներ կը հասնէին մատենադարան, մակագրուած «Տիկին Հրավարդ Յակոբեանին», իսկ հայագէտներ, մատենադարան այցելելով երբեմն հարցուցած են՝ «Ո՞ւր կարելի է գտնել տիկին Յակոբեանը»։ Կը կարդային յօդուածները եւ անունը տեսնելով՝ կին կը կարծէին զայն եւ միայն հանդիպումէն ետք կը պարզէին, որ յօդուածներու հեղինակը իրականութեան մէջ տղամարդ գիտնական մըն է։ Այս փոքրիկ դէպքերը կարծես կը մարդկայնացնեն այն գիտնականը, որուն անունը այսօր կապուած է հայկական մանրանկարչութեան ուսումնասիրութեան ամենահեղինակաւոր էջերուն հետ։ Տպաւորիչը ո՛չ միայն Հրավարդ Յակոբեանի վաստակն է, այլեւ՝ առօրեան։ Իր 95-ամեակին իսկ Հրավարդ Յակոբեան գրեթէ ամէն օր կը ներկայանայ աշխատանքի։ Թէեւ վաղուց ունի իրաւունք մատենադարան չայցելելու, սակայն, պարզ պատասխան մը ունի․ «Տանը չեմ կրնար նստիլ , նստիմ ի՞նչ ընեմ»։ Օփերայէն մատենադարան է իր ճանապարհը, զոր կը հատէ ոտքով։ Դիւրին չէ 95 տարեկանին համար մատենադարանի բարձունքը յաղթահարել, բայց, եթէ նոյն ճամբան անցած ես 67 տարի՝ գրեթէ ամէն օր, դժուարութիւնը սովորական կը դառնայ։
Մատենադարանին մէջ կը նստի ընթերցասրահի իր մշտական սեղանին մօտ եւ առանց ակնոցի կը թերթէ ձեռագրերը, կը կատարէ գրառումներ եւ կը մշակէ նոր ուսումնասիրութիւններ։ Իր երկարակեցութեան գաղտնիքը նոյնքան պարզ է, որքան իր խօսքը՝ սիրած գործ, կանոնաւոր կեանք, կանուխ արթննալ, լոյսը չբացուած։ Կարեւոր է նաեւ լաւ ու բարի մարդոցմով շրջապատուած ըլլալը։ Ընտանիքը՝ զաւակները, թոռները նոյնպէս երջանկութիւն բերած են իրեն։ Գիտնականին համար աշխատասիրութիւնը երբեք պարտականութիւն չէ եղած, այլ՝ բնական կենսակերպ, զոր մասամբ կը պարտի նաեւ երկարակեաց ծիներուն։
ԻՆՉՈ՞Ւ ԽԻԶԱՆ
Իր գիտական ուղիին սկզբնաւորութեան Յակոբեանին առաջարկուած էր զբաղիլ Կիլիկեան բարձր արուեստով՝ հայ մանրանկարչութեան ամենէն փայլուն դպրոցներէն մէկով։ Սակայն, ան ընտրեց ուրիշ ճանապարհ. իր ուշադրութիւնը ուղղեց դէպի Վասպուրական, դէպի Խիզան, դէպի այն արուեստը, որ համեստ էր, ժողովրդական, քիչ ուսումնասիրուած, սակայն, ոչ-պակաս արժէքաւոր։ Այս ընտրութիւնը պիտի դառնար ամբողջ գիտական ուղեգիծ մը։
Խորհրդային տարիներուն, երբ հոգեւոր մշակոյթի ուսումնասիրութիւնը դիւրին չէր, Յակոբեան եղաւ այն քիչ գիտնականներէն, որոնք հետեւողականօրէն զբաղեցան հոգեւոր թեմաներով, եկեղեցական պատկերագրութեամբ, տէրունական սրբապատկերներով եւ ձեռագրերու գեղարուեստական ժառանգութեամբ։
1980-ական թուականներուն, Արցախի ազատագրական գաղափարներու եւ պայքարի բռնկման զուգընթաց, Հրավարդ Յակոբեանին վստահուեցաւ Արցախի միջնադարեան արուեստի յուշարձաններու քննութիւնը։ Հմուտ արուեստաբանի տքնաջան աշխատանքին արժէքաւոր արդիւնքը եղաւ 1989 թուականին հրատարակուած «Արցախ-Ուտիքի մանրանկարչութիւնը XIII-XIV դարերուն» գիրքը, որով հայկական մատենական նկարչութեան պատմութեան մէջ վերջնականապէս հաստատուեցաւ ինքնատիպ ու չափազանց հետաքրքրական դպրոցի մը գոյութիւնը։ Մինչ այդ, այդ շրջանի ձեռագրերուն մասին ամբողջական պատկերացում գոյութիւն չունէր. գիտնականին շնորհիւ արուեստագիտական շրջանառութեան մէջ դրուեցան շարք մը հազուագիւտ ձեռագրեր։ Յաջորդիւ՝ 1991 թուականին, լոյս տեսաւ «Արցախի միջնադարեան արուեստը» կոթողային աշխատութիւնը. սա, ինչպէս եւ նախորդ գիրքերը, եռալեզու հրատարակութիւն էր։
Բեղուն է Հրավարդ Յակոբեանի հասարակական ու գիտական գործունէութիւնը։ Ան անդամ է շարք մը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու եւ գիտահետազօտական հիմնարկներու գիտական խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ գիտական աստիճաններ շնորհող մասնագիտական ատեաններուն։ Երկար տարիներ նախագահած է Հայաստանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի «Արուեստի պատմութիւն եւ տեսութիւն» առարկայի պետական քննութիւններու յանձնախումբը։
Ծանրակշիռ է գիտնական-մանկավարժի վաստակը՝ երիտասարդ մասնագէտներու պատրաստման գործին մէջ։ Անոր գիտական ղեկավարութեամբ պաշտպանուած են թեկնածուական բազմաթիւ ատենախօսութիւններ՝ արուեստաբանութեան եւ մանկավարժութեան գիծով։ Յակոբեանի սաները այսօր կը շարունակեն իրենց հայագիտական գործունէութիւնը ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ արտասահմանի մէջ, յատկապէս՝ Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա (Սորպոնի համալսարան)։
Յոբելենական հանդիսութիւնը վերածուեցաւ գիտնականի հասցէին ուղղուած երախտագիտութեան հանդիսաւոր արտայայտութեան։ Միջոցառումը վարեց մատենադարանի հրատարակչութեան ղեկավար Հայկ Համբարձումեան։ Շնորհաւորանքի եւ գնահատանքի խօսքերով հանդէս եկան՝ մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան, Արուեստի կաճառի տնօրէն Աննա Ասատրեան, Հայաստանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի ղեկավար Վարդան Ազատեան, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեան, մատենադարանի Միջնադարեան արուեստի բաժնի ղեկավար Նազենի Ղարիբեան, Թէքէեան մշակութային միութեան կեդրոնի ղեկավար Ռուբէն Միրզախանեան եւ հայագէտ Աելիտա Տոլուխանեան։
Նոր ստեղծագործութիւնը մասնագիտական հանգամանքով ներկայացուց գրքին խմբագիրը՝ Լուսինէ Սարգսեան, որ բարձր գնահատեց Հրավարդ Յակոբեանի բազմամեայ ներդրումը հայ միջնադարագիտութեան մէջ։ Ան երախտագիտութեամբ յիշատակեց նաեւ այս բնագաւառի նախորդ ուսումնասիրողները՝ Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանը, Յարութիւն Քիւրտեանը, Աննա Լէյլոյեան-Եկմալեանը, Աւետ Աւետիսեանը եւ Միքայէլ Առաքելեանը, որոնց աշխատանքները ամուր հիմք ստեղծած են յետագայ քննութիւններուն համար։
Հրավարդ Յակոբեանի կեանքը կը վկայէ, որ գիտութիւնը միայն մասնագիտութիւն չէ, այլեւ կոչում։ Իր 95-ամեակին հրատարակուած այս նոր ուսումնասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է «ՋԵՅ ԹԻ ԱՅ ԱՐՄԵՆԻԱ» ՓԲԸ-ի աջակցութեամբ եւ ձեւաւորուած Մարտիրոս Տոլմաճեանի կողմէ, ո՛չ միայն ամփոփում մըն է բազմամեայ պրպտումներու, այլ նաեւ նոր մեկնակէտ՝ հայ մանրանկարչութեան պատմութիւնը աւելի խորքով հասկնալու համար։ Գիրքը կը հարստացնէ մատենադարանի հրատարակչական ժառանգութիւնը եւ ամբողջ հայագիտութեան ոլորտը, իսկ Հրավարդ Յակոբեանի նման գիտնականներու ներկայութիւնը կը յիշեցնէ, որ մշակոյթը կը պահպանուի առաջին հերթին նուիրումով։
ԽԻԶԱՆԻ ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ԱՇԽԱՐՀԸ
«Խիզանի մանրանկարչութեան արուեստանոցը. 16-րդ դարու վերջ-17-րդ դար» պատկերագիրք-ուսումնասիրութիւնը նուիրուած է հայ գրքարուեստի ուշ միջնադարեան եւ վաղ արդի շրջանի ամենէն հետաքրքրական ստեղծագործական կեդրոններէն մէկուն՝ Խիզանի մանրանկարչութեան դպրոցին։
Պատմական Խիզանը (Հիզան) կը գտնուէր Մեծ Հայքի Վասպուրական աշխարհի Մոկք նահանգի Միւս Իշայր գաւառին մէջ։ Վիեննայի մէջ պահպանուող Հայսմաւուրքի մը վկայութեամբ՝ 1021 թուականին, երբ Վասպուրականի թագաւորութիւնը անցաւ Բիւզանդական կայսրութեան իշխանութեան տակ, Խիզանն ալ ներառուեցաւ այդ անցումին մէջ։ 13-րդ դարու արաբ աշխարհագիր եւ մատենագիր Եաքուտ քաղաքը կը յիշատակէ «Հայզան» անունով՝ զայն բնորոշելով որպէս «Արմինայի քաղաքներէն մէկը»։ Խիզանը ունէր բերդ եւ եկեղեցի, իսկ 14-րդ եւ 15-րդ դարերու բազմաթիւ ձեռագրերու յիշատակարաններուն մէջ յաճախ կը յիշատակուի որպէս հայկական գրչութեան եւ ձեռագրարուեստի նշանակալի կեդրոն։
Հիմնուելով «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի հարուստ ձեռագրական հաւաքածոյին վրայ՝ վաստակաշատ գիտնականը գիրքին մէջ կը ներկայացնէ բացայայտումներ։
Այստեղ ստեղծուած գործերը իւրայատուկ ձեւով կը միացնեն ժողովրդական պատկերային մտածողութիւնը, հոգեւոր խորութիւնը եւ տեղական գեղագիտական աւանդութիւնները։ Գիրքին մէջ կը պարզաբանուի, թէ ինչպէս 16-րդ դարու երկրորդ կէսին բնիկ խիզանցի Սարգիս վարպետի որդիները՝ Մարտիրոսն ու Սարգիս Կրտսերը, Խիզանի մէջ կազմակերպեցին ստեղծագործական կայացած արուեստանոց մը, ուր գործեցին երկու տասնեակէ աւելի վարպետ-մանրանկարիչներ։ Աշխատութիւնը վեր կը հանէ ձեռագրերու յիշատակարանները, որոնք մինչեւ այսօր պահպանած են արուեստագէտներու անունները (Խաչատուր Խիզանցի, Գրիգորիս, Յովհաննէս, Կիրակոս Աւնդանցի, Յովհաննէս Ղարվեցի, Մեսրոպ Խիզանցի, Սարգիս Մոկացի, Վարդան Բաղիշեցի եւ այլք), ինչպէս նաեւ անոնց համատեղ աշխատանքի ու կազմակերպական կեանքի բացառիկ վկայութիւնները։
Յակոբեան կը վիճարկէ տարածուած այն տեսակէտը, թէ հայ մշակոյթի 17-րդ դարու վերափոխումները բացառապէս իտալական Վերածնունդի ազդեցութեան հետեւանք էին։ Ան կը փաստարկէ, որ թէեւ այդ ազդեցութիւնը անժխտելի է, սակայն, հայ միջնադարեան պոէզիան, ճարտարապետութիւնը, փիլիսոփայական միտքն ու պատմագրութիւնը շատ աւելի կանուխ արդէն ինքնուրոյնաբար անցած էին միջնադարեան մտածողութեան սահմանները։ Ինչպէս հեղինակը յառաջաբանին մէջ կը գրէ, 15-րդ եւ 16-րդ դարերուն Եւրոպայի մէջ ծաւալած Վերածնունդի շարժումը արմատապէս փոխեց քրիստոնէական արուեստի ընկալումները՝ մարդը դարձնելով ստեղծագործութեան կեդրոնը, բայց, Հայաստանի մէջ այս տեղաշարժերը բոլորովին այլ ընթացք ունեցան։ Գիրքը ցոյց կու տայ, որ հակառակ Օսմանեան պետութեան եւ Սեֆեան Պարսկաստանի միջեւ բաժնուած ըլլալու իրականութեան եւ պետականութեան բացակայութեան, հայ ստեղծագործ միտքը չդադրեցաւ զարգանալէ։ Հայ Եկեղեցւոյ հովանիին տակ հայ արուեստագէտը շարունակեց որոնել հոգեւորի ու իրական կեանքի ներդաշնակութիւնը, բնութեան գեղեցկութիւնն ու մարդուն ներաշխարհը։
Հեղինակը կը քննէ 15-րդ դարու կէսերէն սկսած նոր փուլը, ուր Մինաս նկարիչի ստեղծագործութիւնը շրջադարձային դեր խաղաց՝ աստիճանաբար մոռացութեան մատնելով աւանդական «արեւելատիպ գունագծային» ձեւերը եւ նախապատուութիւնը տալով կիլիկեան արուեստի պատկերային նոր սկզբունքներուն։
Այսպիսով, գիրքին գլխաւոր նպատակն է Խիզանի 16-րդ դարավերջի եւ 17-րդ դարու մանրանկարչութեան ամբողջական քննութիւնը՝ ներկայացնելով վարպետներու գեղարուեստական ժառանգութիւնը, անոնց պատկերագրական լուծումները եւ ոճական առանձնայատկութիւնները, ինչ որ նորովի մեկնաբանութիւն եւ մեծ ներդրում է հայ միջնադարեան արուեստի պատմութեան մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան