ՀԱՐՈՒՍՏ ՈՒ ԴԺԲԱԽՏ
Նուպար Կիւլպէնկեանի գիրքը կարդալով՝ շատ յստակ ձեւով կը նկատենք, որ ձանձրացած հօրը հսկողութենէն, կ՚ուզէ ինքնուրոյն ապրիլ, ինքնուրոյն որոշել, անոր բառերով. «Կան բաներ, որոնք մարդ կը նախընտրէ ինքնուրոյն կազմակերպել»։ Հայրը չափազանց միջամտութիւն ցոյց կու տար։ Քսանչորս տարեկան Նուպար կ՚ուզէր աւելի ազատ ու անկախ ըլլալ իր որոշումներուն ու գաղափարներուն մէջ։ Նուպար ունէր որոշ անհանգստութիւն, այդ իսկ պատճառով հայրը խիստ մօտէն կը հետեւէր անոր սննդակարգին, ճանապարհորդութիւններուն եւ զբաղմուներուն։ Անշուշտ, այս մէկը կրնար շատերու համար դիտուիլ որպէս դրական երեւոյթ, սակայն, այս մէկը կը նեղացնէր Նուպարը։ Անոր համար այս բոլորը դրական չէին։ Ան իր գիրքին մէջ կը գրէ. «Միշտ չէ, որ հաճոյք կը ստանայ անոր դրսեւորումներէն»։ Գալուստ Կիւլպէնկեան կը փորձէր կատարեալ հայր ըլլալ ու այդ կատարելութեան ձգտումը կը վնասէր հօր եւ զաւկին յարաբերութիւնը։ Կիւլպէնկեան որդիին փոքր ձեռքբերումները գնահատելու փոխարէն՝ «մի՛շտ աւելի լաւ պիտի ըլլաս», կ՚ըսէր ու երբեք դրական արտայայտութիւն չէր ունենար։ Գալուստ Կիւլպէնկեան կը հաւատար, որ զաւակը ինքնուրոյն չի կրնար առաջնորդուիլ եւ յաճախ անոր կ՚ըսէր. «Նուպար, դուն հզօր ես. եթէ ճիշդ ուղղորդուիս, կրնաս ամէն տեղ հասնիլ եւ ամէն ինչ ընել. բայց որդիկ, երբեմն քեզի ուղղորդող ձեռք պէտք է ու արգելակներ»:
Սակայն, հիմնական հարցը Նուպարի եւ իր ընտանիքին մէջ սկիզբ կ՚առնէ 1918 թուականին։ Նուպար պարահանդէսի ժամանակ կը ծանօթանայ Հերմինիա Էլէնա անունով աղջկան մը եւ կը սիրահարի եւ կ՚ուզէ ամուսնանալ օրիորդին հետ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան եւ կինը դէմ կը կենան այս որոշումին։ Անոնց համոզումով՝ իրենց որդին պէտք էր ամուսնանար այն ընտրեալին հետ՝ որ իրենք յարմար պիտի նկատէին։ Անդին լուրջ խնդիր էր Հերմինիանի կաթոլիկ ըլլալը։ Ի դէպ, ըսենք, որ այս ամուսնութեան դէմ էր նաեւ աղջկան մայրը։ Նուպար չամուսնացաւ իր սիրեցեալ օրիորդին հետ եւ անոր մէջ դարձեալ իր հայրը մեղադրեց. իր գիրքին մէջ Նուպար կը գրէ. «Հերմինիան եւ ես փորձեցինք ամուսնանալ, բայց այդ փորձը հօրս կողմէ խափանուեցաւ»:
Նուպար կը նշէ, որ այդ ժամանակաշրջանին երեուն տարեկանէն վար անձեր պսակուելու համար պարտէին ունենալ հօր համաձայնութիւնը եւ Գալուստ մերժած էր իր համաձայնութիւնը տալ։ Այս մերժումն էր պատճառը, որ 1922 թուականին հօր եւ զաւկի միջեւ տեղի ունեցած էր բուռն հակառակութիւն:
Գալուստ իր որդին ամուսնութեան մտայնութենէն պահելու համար կատարեց ամենէն վտանգաւորը. որդուն դիմաց դրաւ երկու ընտրութիւն. պէտք էր ընտրէր կա՛մ սիրեցեալը կամ ծնողքը։ Եթէ ընտրէր սիրեցեալը, ապա հօրը աշխատանքին մէջ իր ունեցած դիրքը կը կորսնցնէր։ Այս մէկը բացէ ի բաց սպառնալիք էր. եթէ պսակուիս՝ ժառանգութենէն ու մեր ունեցուածքէն օգտուիլ կարելի չէ: Նուպար, սակայն, հակառակ հօրը սպառնալիքին, ընտրեց իր սիրեցեալը եւ աշխատանքի համար դիմեց որոշ մեծաւորներու ու այսպէս 1922 թուականին պսակուեցան Նուպարն ու Հերմինիան: Անշուշտ, նոյնիսկ պսակադրութենէն ետք Գալուստ Կիւլպէնկեան փորձեց վերջ տալ ու խզել այդ ամուսնութիւնը: Սակայն, միւս կողմէ, պէտք է խոստովանիլ, որ Գալուստ Կիւլպէնկեան իր որդիին թշնամին չէր. անուղղակի ձեւերով ու կապերով անոր գործ կ՚ապահովէր, որպէսզի որդին լաւ ու բարօր վիճակի մէջ գտնուի:
Որոշ ծնողներ դրականը ընել կարծելով՝ իրենց զաւկին մեծագոյն ցաւն ու վնասը կը պատճառեն, նոյնիսկ որոշ ծնողներ կը փորձեն իրենց իրականութիւն չդարձած երազները իրականութեան կոչել իրեց զաւակներուն միջոցաւ եւ առ այդ կը միջամտեն անոնց բոլոր որոշումներուն: Իսկական ծնողքը այն չէ, որ զաւկին տեղ որոշումներ կը կայացնէ։ Յաջողակ ծնողքը այն է, որ զաւկին հրամայելու, իր կարծիքը պարտադրելու փոխարէն՝ դաստիարակութեամբ կը սորվեցնէ անոր որոշումներ կայացնել եւ ինքնուրոյն ապրիլ: Այս բոլորը նկատի ունենալով կը հաւատանք, որ ծնողք դառնալը դիւրին առաքելութիւն մը չէ։ Աշխարհի ամենէն հարուստ մարդը եւս հակառակ իր կարողութեան անսահման ըլլալուն՝ ծնողք ըլլալու մէջ կրնայ սխալիլ. Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ մարդուն ուրախ պահողը ո՛չ թէ դրամը, այլ հոգեկան հանգստութիւնն է։ Նուպար նոյնիսկ չափահաս ըլլալէ ետք չէր կրցած ներել հօր իրենց հանդէպ ըրածները եւ այդ բոլորին մեծագոյն փաստը իր հեղինակութիւնը եղող գիրքն է:
Կը հաւատանք, որ ծնողք դառնալը բոլորին տրուած չէ։ Շատ մը եկեղեցիներ նախքան պսակադրութիւնը՝ կարճ դասախօսութիւն մը կու տան պսակուիլ ուզող զոյգերուն։ Այդ մէկը պէտք է մաս կազմէ մեր կրթական համակարգին, որովհետեւ այսօրուան պատանին վաղուան ղեկավարն է եւ ճիշդ ծնողք դառնալով է, որ առողջ ապագայ սերունդ պիտի ստեղծուի:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Հոգիներու մէջ խտացած տառապանքը աւելի աւերիչ է, քան ամենազօրաւոր ուժանակը: Արբունքի հասած որբը կեանքի ահաւոր ու արդար դատախազն է:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան