ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ՍՈՐՎԻԼ
Շաբաթավերջին յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցայ Հայաստանի բողոքական եկեղեցիներէն մէկուն պաշտամունքին։ Իրականութեան մէջ, աղօթքը կը շարունակէ մնալ աղօթք՝ թէ՛ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, թէ՛ Կաթողիկէ եւ թէ բողոքական եկեղեցիներէն ներս։ Այդտեղ լոկ Աստուածաբանական խոր տարբերութիւններ են՝ ինչ որ կը թողունք աստուածաբաններուն: Բողոքական պաշտամունքը առիթ տուաւ մտածելու Հայ Առաքելական Եկեղեցին յուզող որոշ հարցերու շուրջ. զԱստուած պաշտող երկու հաւատացեալներու խմբաւորման մէջ նկատեցի հետեւեալ տարբերութիւնները.-
ա. Բողոքական համայնքի ներկայացուցիչները ուրախ են.- Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ քիչ մը խառնուած է «խորհրդաւորութիւն», «երկիւղ» ու «յարգանք» բառերուն իմաստը, որովհետեւ ի տարբերութիւն այդ ուրախութեան, մեր Առաքելական եկեղեցիներէն ներս կը տիրէ լուրջ, խորհրդաւոր եւ քիչ մը «ջղային» եւ «վախ»ի մթնոլորտ մը։ Առաքելական եկեղեցիներէն ներս հաւատացեալը չի կրնար իր հարցումները բարձրաձայնել, չի կրնար իր սեփական աղօթքը բաժնեկցիլ ուրիշներու հետ։ Առաքելական եկեղեցւոյ եկեղեցականները եկեղեցիէն դուր գալու ժամանակ ընդհանրապէս կ՚ունենան խոժոռ ու լուրջ դէմք. հազիւ աչքի տակով կը բարեւեն ու կ՚անցնին։ Բողոքական եկեղեցին իր հաւատացեալները կը յաջողի գրաւել իր պարզութեամբ։ Պատուելին մէկ առ մէկ կը բարեւէ բոլորը՝ մեծ թէ փոքր, ժպիտով կը հարցնէ անոր որպիսութիւնը։ Բողոքական համայնքի ներկայացուցիչները «վախ» կամ «ամչնալ» չունին հոգեւոր հովիւէն, որ այդտեղ անձ մըն է եւ իրենց նման եկած է զԱստուած փառաբանելու: Առաքելական եկեղեցիներէն ներս խորհրդաւոր թուացող այդ վախի մթնոլորտը հեռու կը վանէ երիտասարդները, որովհետեւ մեր եկեղեցիներէն ներս կայ այնպիսի տպաւորութիւն, որ կարծես եկեղեցականը աւելի բարձր աստիճանի վրայ գտնուի՝ քան հաւատացեալը: Բողոքական եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր հովիւը բեմ կը հրաւիրէ երիտասարդը, որ իր կարգին իր աղօթքը կը բարձրացնէ, եթէ երաժշտական գործիքի մէջ ունի շնորհք եւ մասնագիտութիւն՝ զայն կը ծառայեցնէ զԱստուած փառաբանելու։ Այդ ուղղութեամբ պէտք է անոնցմէ ժառանգենք պարզութիւնը:
բ. Հասկնալի ըլլալ.- Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր աղօթքները կեդրոնացած են ժամագիրքին ու պատարագամատոյցին վրայ։ Աղօթքները գրուած են մեր թուականէն աւելի քան մի քանի դարեր առաջ՝ գրաբար լեզուով։ Անշուշտ, պէտք է ընդունիլ, որ այդտեղ ժամանակակից աշխարհը յուզող հարցերու շուրջ աղօթքներ գոյութիւն չունին. աւելի Աստուածաբանական ու դաւանական բնոյթ ունեցող աղօթքներ են։ Բողոքական եկեղեցին գրուածէն անդին կը հաւատայ տեղւոյն վրայ ստեղծուած եւ սրտաբուխ աղօթքներու, ինչ որ հաւատացեալներուն համար շատ աւելի անմիջական կը թուայ՝ քան գրաբարով գրուած հին աղօթքները, որոնք իրենց բնոյթով վստահաբար աւելի հարուստ ու կարեւոր են, սակայն, ոչ-սիրելի հաւատացեալներուն: Բողոքական եկեղեցւոյ մէջ ոեւէ հաւատացեալ ոտքի կենալով կրնայ իր սրտաբուխ աղօթքը բարձրացնել եւ այդ աղօթքը շատ աւելի գրաւիչ կը թուի հաւատացեալին, որովհետեւ իր առօրեային հետ անմիջական ձեւով կապ ունի։ Օրինակի համար, եթէ Հայաստան դժուարութեան մէջ է, մարդ կ՚աղօթէ Հայաստանի համար, Արցախի Հանրապետութեան համար, իր հարազատին հիւանդութեան համար, իր զաւակներուն համար եւ գրեթէ այն բոլորին համար որոնք իր կեանքին անբաժան մասը կը կազմեն։ Այդ անհատական աղօթքը մեծ հայրապետներու կողմէ խմբագրուած աղօթքներէն շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ, որովհետեւ անհատական է եւ սրտաբուխ։ Այդ աղօթքներուն մէջ ո՛չ հաւատացեալները եւ ո՛չ հովիւը մեծամեծ բառեր կը գործածեն։ Բարձրաձայնուած աղօթքը պարզ ու յստակ է՝ հասանելի թէ՛ մեծին եւ թէ փոքրին եւ կարիք չունի խոր Աստուածաբանական վերլուծութիւններու։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ժամագիրքը բանալով իւրաքանչիւր տողի տակ կարելի է գտնել դաւանաբանական եւ Աստուածաբանական խոր իմաստութիւն՝ որ կը կարօտի վերլուծութեան եւ բացատրութեան, ինչ որ շատ աւելի բարդ կը դարձնէ Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը։ Անգամ մը եւս կը շեշտենք, այդ աղօթքները իրենց բովանդակութեամբ ու Աստուածաբանական յատկութիւններով շատ աւելի հարուստ են, սակայն, ո՛չ բոլորին հասկնալի, իսկ մերօրեայ մարդը կ՚ուզէ պարզ ու հասկնալի բառեր լսել:
Անշուշտ, այս հանգստութեան մաս կը կազմէ նիստ ու կացը։ Մեր եկեղեցւոյ մէջ նիստ ու կացը ունի քիչ մը խառն վիճակ. եկեղեցականները երբ նստին՝ ժողովուրդը կը նստի, երբ ոտքի ելլեն՝ բոլորը ոտքի կ՚ելլեն։. Այդտեղ հոգեւոր մթնոլորտէն աւելի նստած մնալ չմնալու, ճիշդ ատենին ոտքի ելլել չելլելու պայքար մը կը ստեղծուի։ Վերջապէս երբ բոլորը ոտքի են եւ դուն նստած՝ ամօթ է շրջապատին համար. նոյնը հակառակ ձեւով. երբ բոլորը նստած են եւ մէկ հոգի ոտքի կ՚աղօթէ՝ աղանդաւորական կամ դերասան ըլլալով կրնայ մեղադրուիլ: Պէտք է պարզութիւն մտցնել մեր եկեղեցիներէն ներս. պարզութիւնը անկրթութիւն կամ հասարակ պահուածք չի բերեր. պարզութիւն՝ որ իր մէջ ունի սէր ու խոնարհութիւն։ Մենք կը քարոզենք, թէ Աստուած սէր է, սակայն, եկեղեցւոյ մէջ այդ սիրոյ մթնոլորտը, սիրոյ զգացումը չենք փոխանցեր։ Պէտք է եկեղեցականները խոնարհ ըլլան։ Շատ մը եկեղեցիներու մէջ կը տեսնենք, թէ եկեղեցականներ դասուն մէջ նստելու փոխարէն ժողովուրդին մէջ կը նստին։ Հաւատացեալը շատ աւելի հանգստութիւն կը զգայ տեսնելով եկեղեցականը իր քովը, որովհետեւ այդ մէկը մէկ ընտանիք ըլլալու զգացումը կը փոխանցէ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ամէն
ժողովուրդ ունի իր Տորք Անգեղը կամ Սասունցի Դաւիթը, որոնց մէջ կը մարմնանան՝ մկանային ուժին հետ բայց անկէ վեր՝ իրենց ժողովուրդին առաքինութիւնները:
ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան