ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎԱԽԸ՝ ՍՈՒՐԲ ՎԱԽԸ

«Բոլոր ժամանակներուն մէջ ողորմութեամբ ան կը նայի աստուածավախ մարդոց վրայ». (ՂՈՒԿ. Ա 50)։

Նկատի առնենք Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Սուրբ Վախը. (ՂՈՒԿ. Ա 50)։ Մարիամ «կոյս» էր ամբողջական առումով՝ խորհուրդները մաքուր, մաքուր սիրտ՝ մաքուր մարմնի մէջ։ Այս ուղղութեամբ՝ Պօղոս առաքեալի նամակին մէջ գրածէն առաջ՝ Սուրբ Հոգին Մարիամի սրտին վրայ արդէն դրած էր սա պատուէրը. «Մեր անձերը հոգիի եւ մարմինի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք, եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը». (Բ ԿՈՐՆ. Է 1)։ Եւ Մարիամ, ահաւասիկ, այս պատուէրին լոյսովը քալեց իր կեանքի ամբողջ ընթացքին։ Եւ բնական է, որ վարքով եւ բարքով սրբակենցաղ այս աղջիկը շուշանագեղ ամբծութեամբ ալ կը փայլէր. ո՛չ որովհետեւ իր երակներուն մէջ շրջագայող արիւնը մաքուր էր եւ զերծ՝ ադամական սկզբնական մեղքէ, ինչպէս կարգ մը աստուածաբան-մեկնիչներ կ՚ուսուցանեն, այլ որովհետեւ «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍՈՒՐԲ ՎԱԽ»ը կը կրէր իր սրտին մէջ։ Ան մանկութենէն արդէն սորված էր. «ամէն օր Աստուծոյ Սուրբ Վախին մէջ քալել եւ ապրիլ»։

Նախնի բոլոր սուրբերուն եւ սրբուհիներուն պէս՝ կարելի էր այս կուսապահ աղջկան համար ալ վկայել, թէ երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ, մաքրամաքուր եւ արդար, ԱՍՏՈՒԱԾԱՎԱԽ եւ չարութենէ ետ քաշուող ոեւէ մարդ չկա՛ր»։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ան Աստուծոյ վախը կը պահէր իր ներսիդին՝ որպէս սրբարար զօրութիւն, եւ իր բոլորտիքը՝ որպէս «հրեղէն պարիսպ»։

Ափսո՛ս սակայն, ներկայ ժամանակներուն տղաք սանձարձակօրէն կ՚ապականին ընդհանրապէս եւ կը շեղին ուղիղ ճամբայէն եւ կ՚արհամարհեն Աստուծոյ վախը կամ անտարբեր կը մնան ամէն հոգեւոր արժէքի նկատմամբ։

Բայց այս բոլորը կը պատահին ո՛չ թէ աւելի վատ օրերու եւ աւելի աղտոտ միջավայրերու մէջ կ՚ապրին, այլ որովհետեւ «Աստուծոյ սուրբ վախ»ը կորսնցուցած են թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքաբար։

Սա յստա՛կ է. ո՛վ որ Աստուծմէ չի վախնար, մարդոցմէ ալ չ՚ամչնար։ Ուստի, պէտք է «Աստուծոյ սուրբ վախ»ին գիտակցութիւնը ներշնչել զաւակներուն եւ ինքնաբերաբար անոնք իրենք զիրենք հեռու եւ զերծ պիտի պահեն ապակնիչ ամէն շրջանակներէ, ընկերակցութիւններէ, յայտնի կամ ծածուկ ամէն ծուռ ճամբաներէ, կասկածելի ամէն վայրերէ, վտանգաւոր ամէն զուարճութիւններէ, ամէն զեխութենէ։

«Աստուծոյ սուրբ վախ»ը. ա՛յս է ճամբան Աստուծմէ շնորհք գտնելու։

Սուրբ Ամբրոսիոս, «Խորհուրդներու մասին»ին մէջ կը գրէ. «Յիշէ՛ ուրեմն, թէ ընդունած ես հոգեւոր կնիքը. Հոգին իմաստութեան եւ հանճարի, Հոգին խրատի եւ ուժի, Հոգին գիտութեան եւ աստուածապաշտութեան, Հոգին սուրբ երկիւղին։ Պահպանէ՛ այս ընդունածներդ։ Հայր Աստուած կնքեց քեզ Իր նշանով, Քրիստոս Տէրը քեզ դրոշմեց եւ Հոգիին գրաւականը սրտիդ մէջ դրաւ»։

Աստուծոյ անունին հանդէպ ակնածանքը արտայայտութիւնն է այն ակնածանքին կամ երկիւղին, վախին՝ զոր կը պարտինք Աստուծոյ իսկ խորհուրդին եւ ամէն նուիրական իրականութեան՝ որուն յիշեցումն է Ի՛նք։ Նուիրականին զգացողութիւնը կախեալ է կրօնի առաքինութենէն. «Արդեօք երկիւղին եւ նուիրականին զգացումները քրիստոնեա՞յ զգացումներ են։ Ո՛չ ոք կարող է տրամաբանօրէն տարակուսիլ այս մասին։ Այս զգացումները, մենք բարձրագոյն չափով պիտի զգայինք, եթէ Աստուծոյ վսեմութեան տեսութիւնը ունենայինք… Մենք զանոնք զգալու ենք ո՛ր չափով որ կը հաւատանք, թէ Աստուած ներկա՛յ է…», կ՚ըսէ Ճոն Հենրի Նիուման…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 10, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2026