ԱՆ-ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Հայ մտաւորական ու թարգմանիչ Լարենց 1909 թուականին գրած իր հրապարակախօսութիւններէն մէկուն մէջ խօսելով կուսակցութիւններու գործունէութեան մասին՝ կ՚ըսէ. «Այսօրուան հայ կուսակցութիւնները, գոնէ անոնցմէ երեքը, այսպիսի նուիրական աւանդութիւններով օծուած անցեալ մը ունին». («Ձայն հայրենեաց», 1909, Երկրորդ շրջան, 27 նոյեմբեր-10 դեկտեմբեր, թիւ 7 (57), էջ 66)։ Անշուշտ, այս հաստատումը կասկածի տակ դնել կարելի չէ, որովհետեւ բոլոր կուսակցութիւններէն ալ՝ իրենց առաւելութիւններով ու թերութիւններով հիմնականին մէջ փորձած են նո՛յն նպատակին՝ հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին ծառայել. պարզապէս տարբեր եղած է անոնց մօտեցումը, համոզումն ու պայքարի ոճը: Լարենցի այս խօսքերը գրուած է 117 տարիներ առաջ եւ աւելի քան դար մը ետք մերօրեայ հասարակութիւնը նոյն համոզումը չունի, որովհետեւ գրեթէ բոլոր կուսակցութիւններն ալ շեղելով իրենց հիմնական նպատակէն, իրենց հիմնական համոզումէն ո՛չ թէ նպատակի ու գաղափարի համար կը պայքարին՝ այլ իրենց գոյութիւնը ապահովելու պայքարն է, որ կը մղեն։ Մեր օրերուն մարդ կուսակցական չի՛ դառնար գաղափարախօսութեան համաձայն ըլլալու պատճառով, որովհետեւ այդ գաղափարախօսութիւնը այսօր ո՛չ ոքի ծանօթ է. վկայ Լիբանանը։ Եթէ հայրը կը պատկանի այս կամ այն կուսակցութեան՝ ինքնաբերաբար զաւակները այդ կուսակցութեան անդամ կը դառնան. այդտեղ գաղափարախօսութեան ո՛չ մէկ գործօն գոյութիւն ունի։ Այնպէս, ինչպէս մահմետականին զաւակը բնականաբար մահմետական կը ծնի՝ տարբեր չէ նաեւ մեր կուսակցականներու պարագան:
Հին կուսակցութիւններու կողքին նոր կուսակցութիւններու վիճակը եւս տարբեր չէ. օրինակի համար, Հայաստանի մէջ օրական դրութեամբ կարելի է նոր կուսակցութիւն մը հիմնել՝ գրաւիչ անունով մը օծել զայն եւ այս կամ այն անձի շնորհիւ «կուսակցական»ներ հաուաքել. օրինակի համար, այսօր Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի «Քաղաքացիական պայմանագիր», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Հանրապետական», «Ժաոռանգութիւն» եւ բազմաթի՜ւ այլ անուններով կուսակցութիւններ. մէկը կը պատկանի նիւթապէս ապահով Գագիկ Ծառուկեանին, միւսը կը պատկանի նախկին նախագահներուն։ Ի՞նչ գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուած են այդ կուսակցութիւնները. անոր անդամները իրապէս կուսակցակա՞ն են, որովհետեւ կը հաւատա՞ն գաղափարախօսութեան, թէ ոչ՝ որովհետեւ յատուկ սէր եւ տեղ մը սէրէն ալ անդին սեփական շահեր ունին այդ բոլորին մէջ. ինչպէս օրինակ, նիւթական ապահովութիւն, պաշտօններ եւ այլն: Կուսակցութիւններ, որոնք հիմնուած են անձերու վրայ եւ ո՛չ գաղափարներու, ի վերջոյ դատապարտուած են անհետանալու, որովհետեւ գաղափարը շատ աւելի հետեւորդներ կրնայ ունենալ՝ քան անձը:
Այս բոլորը ցաւով կը գրենք, որովհետեւ կը տեսնենք երիտասարդներ, տեղ մը նոյնիսկ պատանիներ՝ որոնք հպարտութեամբ այս կամ այն կուսակցութեան կողմնակից ըլլալնին կը բարձրաձայնեն, սակայն, «կողմնակից ըլլալ»ը ինքնին ո՛չ մէկ իմաստ ունի. հարց տուէք անոնց, թէ ինչո՞ւ կը հետեւին այս կամ այն կուսակցութեան. ի՞նչ է կուսակցութեան հիմնական նպատակը. օրինակի համար, այդ նպատակներուն եւ գաղափարախօսութեան իրագործման համար ինք որպէս «կուսակցական» ինչպիսի՞ զոհողութիւններ կատարելու պատրաստակամութիւնը ունի. կուսակցութեան հանդէպ այդ սէրը ինչքանո՞վ պայմանաւորուած է գաղափարախօսութեան եւ ինչքանո՞վ անձնական յարաբերութիւններու վրայ:
Այս բոլորը շատ աւելի յստակ ձեւով բացատրելու համար խօսինք օրինակներով. Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի Յովիկ Աղազարեան անունով քաղաքական գործիչ մը՝ որ թունդ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ էր. թունդ կ՚ըսենք՝ որովհետեւ իր կարծիքով՝ հայ ազգն ու անոր ճակատագիրը փրկելու միակ միջոցը այդ կուսակցութիւնն էր։ Օրերը այնպէս բերին, որ Յովիկ Աղազարեան դուրս դրուեցաւ կուսակցութենէն։ Նոյն այդ անձը՝ որ թունդ պաշտպան էր, այսօր կուսակցութեան մեծագոյն թշնամիներէն մէկն է։ Ի՞նչ եղաւ գաղափարախօսութեան։ Վերջապէս կուսակցութիւնը եթէ ունի գաղափարախօսութիւն մը եւ անձ մը համոզուած է այդ գաղափարախօսութեան ճշմարտութեամբ, դուրս դրուի թէ ոչ, կը շարունակէ պաշտպան մնալ այդ գաղափարախօսութեան։ Տրամաբանութիւնը այդպէս չ՚ըսե՞ր… Ըսենք, թէ ինք խնդիր ունեցաւ կուսակցութեան մեծաւորին՝ պատասխանատուին հետ, թող ատէ ղեկավարներն ու այդ կուսակցութիւնը գլխաւորողները, ինչո՞ւ համար դուրս գալ ամբողջ կուսակցութեան դէմ…. Պատասխանն ու պատճառը յստակ է. գաղափարախօսութիւն գոյութիւն չունի։ Մարդ, որ շահ ունի, ուր հանգիստ է՝ հոն ալ կը տեսնէ փրկութիւնը։ Տակաւին երէկ փրկութիւն թուացող նոյն կուսակցութիւնը՝ առանց փոփոխութիւններ ապրելու այսօր մեծագոյն վտանգ կը հանդիսանայ։ Հարցականի տակ պէտք է դնել կուսակցութեա՞ն գաղափարախօսութիւնը, թէ անձին՝ դժուար է որոշել:
Վերջին նորութիւնն ալ, որ մեր ազգին մէջ աճ կ՚արձանագրէ, կուսակցութենէ կուսակցութիւն պտտելու հիւանդութիւնն է. օրինակի համար, վերցնենք Սարգիս անունով անձ մը. Սարգիսը այսօր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, իսկ միւս օրը «Հանրապետական» կուսակցութեան պաշտպան կը տեսնենք. ժամանակ մը Հանրապետականն ալ ձգելով ուրիշ «ական» վերջածանցը ունեցող կուսակցութիւն մը կը գտնէ եւ անոր պաշտպան կը դառնայ. կամ ա՛յն է, որ Սարգիսի գաղափարախօսութեան հանդէպ ունեցած ըմբռնումներն ու համոզումները օրական դրութեամբ փոփոխութիւն կ՚ապրին՝ կամ ալ այն՝ որ «ուր հաց հոն կաց»ի տրամաբանութիւնը կը գործէ: Մեր կուսակցութիւններուն մօտ մէկին եթէ մէկ գումարէք՝ երկու չ՚ըներ. ցանկացած պահու չորս, ցանկացած պահու քսան կրնայ ըլլալ:
Չենք զարմանար, եթէ օր մը գիտնանք, թէ «ուր հաց հո՛ն կաց» արտայայտութիւնը ծնունդ առած ըլլայ կուսակցականէ մը…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ցեղին հոգին սերտելու համար անոր գրականութիւնը պէտք է քրքել: Հայ ազգը լեզու մը, մեղրամոմի պէս լեզու մը ունի, որ ընդունակ կ՚ընէ զինք մտքի ամէն ձեւերը արտայատելու:
Մ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան