ԱՐՏԱՔԻՆԸ ԵՒ ՆԵՐՔԻՆԸ
Ի՜նչ փոյթ, թէ բաժակը կամ պնակը դուրսէն մաքուր եւ փայլուն կ՚երեւին, երբ մէջինը անմաքուր է եւ անհամ։ Նոյնն է անմաքուր սրտով կատարուած աղօթք մը, քանի որ լուացուած մարմին մը ընդունելի չ՚ըներ արատաւոր հոգի մը։ Արդարեւ, կեանքին օրէնքն է՝ «աճիլ ներսէն դէպի դո՛ւրս». հիւթը բունին մէջէն վեր կը բարձրանայ եւ կը ճիւղաւորուի, «նախ մաքրէ՛ բաժակին ներսը եւ ահա դուրսէն կը փայլի ան գեղեցիկ եւ շողշողուն»։
Հետեւաբար, սրբէ՛ նախ սրտիդ ներքին զգացումները եւ ահա անդիմադրելի ուժով մը սիրտիդ խորերէն երեւան կու գայ, ի՛նչ որ Քրիստոսէ հասած է իր մէջ, այսինքն՝ գութ, ողորմութիւն, քաղցրութիւն, խոնարհութիւն, որոնք ըստ առաքեալին՝ «հասուն պտուղներն են նորոգուած մարդուն»։
Ամենէն աւելի կենդանի հաւատքը ա՛յն է, որ կ՚ոգեւորէ սէրը. «Հաւատքը սիրով կ՚ապրի»։ Ուստի, նոր կեանքի մը ամբողջ պատկերը սիրոյ մէջ է։ Սէրը ոգին եւ իմաստն է մեր հաւատքին, փրկագործութիւնը սիրոյ մեծ խորհուրդը կը պարզէ մեզի։ Սէրը իր մէջ կ՚ընդգրկէ ամբողջ տիեզերքը։ Մէկ խօսքով. «Աստուած սէ՛ր է»։ Այս խօսքը՝ այս ճշմարտութիւնը կ՚իշխէ դարերու, կրօններու, կեանքերու վրայ։ Քրիստոնէական գիտակցութեան էական զգացումը, որ անոր յաւիտենական կողմը կը բացատրէ՝ սէ՛րն է, քրիստոնէական կեանքին ներքին էութիւնը եւ տեւական հիմը՝ սէ՛րն է։ Սէրը նոյնիսկ Աստուծոյ կեանքն է։ Աստուած ինքզինք մեզի տուած է, որ մենք ալ ազատօրէն ինքզինքնիս տանք Իրեն։
Աստուծոյ սէրը մարդուն համար՝ քրիստոնէական փրկագործութեան սկիզբն է եւ կեդրոնը կը կազմէ, մարդուն փոխադարձ սէրը Աստուծոյ համար՝ քրիստոնէական բարոյականի հիմը եւ աղբիւրն է։ Եւ այս իմաստով, ամբողջ Աւետարանը սիրոյ դիւցազներգութիւնն է, որուն ամենէն վսեմ տեսարանը Գողգոթայի գագաթը կը պարզուի՝ ուր մարդկութեան մեծ զոհը -Փրկիչ Սէրը- ինքնանուէր կ՚արիւնի խաչին վրայ, իր յաղթութեան գահոյքին վրայ։
Սիրոյ բոցերուն փայլակները կը լուսաւորեն տիեզերական խաւարը։ Այդ արիւնազանգ խաչը, այդ խողխողուած սէ՛րն է՝ կեդրոնը մեր հաւատքին, հոգիներու աշխարհը դէպի Գողգոթա կը բարձրանայ, խաչին տեսքը ձիւնի պէս կը հալեցնէ ամենէն կարծր սիրտերը։ Ճշմարտութեան համար մեռնողները, անձնուէրները խաչին ստորոտը մխիթարութիւն կը գտնեն. անմեղներու՝ անժառանգներու կարօտակէզ աչքերը կը նային Խաչեալին՝ որ կանգնումի եւ գլորումի, յաղթութեան եւ կեանքի յաւիտենական նշանակը պիտի ըլլայ, մարդկութեան անկիւնաքարը, առանց որուն աշխարհը իր հիմերուն մէջ պիտի սասանի։
Գողգոթայի զոհաբերութեան խորանին վրայ մեր հաւատքը եւ սէրը իրարու կը միանան եւ կը նոյնանան։ Մորէա լեռը «հին ուխտ»ն է, Գողգոթան՝ «նոր ուխտ»ը. այդ նուիրական գագաթները դարե՜րու մէջէն զիրար կ՚ողջունեն։ Արդարեւ, Մորէայի վրայ Աբրահամ իր հաւատոյ զոհը կ՚ընծայէ Աստուծոյ. իսկ Գողգոթայի վրայ Աստուծոյ Որդին՝ իբրեւ փրկութեան ողջակէզ՝ Հօր բազուկներուն մէջ կը դնէ Ինքզինք։
Աստուա՜ծ իմ. խաչին կեանքը, Խաչեալին պատկերը, ի՜նչ վեհ ներշնչումներով կը խօսին հաւատքի տէր մարդուն. «հաւատքի նայուածք» մը միա՛յն ուշադիր, լուրջ եւ երկարաձիգ. հոգիի պարզ՝ զուարթ նայուածք մը՝ որ առանց տարբաղադրելու իր առարկան՝ ամբողջովին կ՚ընդունի զայն իր մէջ։
Սիրոյ կեանքը հաւատքին փթթո՛ւմն է։
Հաւատքը սիրով կը գործէ եւ կեանքին մէջ կը ծաւալի, կը տարածուի, ինչպէս եւ արիւնը՝ մարմնոյ մէջ։
Ամուլ է հաւատքը, եթէ զուգընթաց չէ իրեն սէրը՝ կեանքի երջանկութիւնը։ Ամէն ոք պէտք է իր անձէն, իր տաղանդէն, իր հարստութենէն, իր գիտութենէն բան մը զոհէ, նուիրէ իր ընկերին։ Ո՜րքան լուսաւոր պիտի ըլլար աշխարհը եւ կեանքը, եթէ իւրաքանչիւր ոք իր ունեցած բարոյական եւ կամ նիւթական ճոխութենէն բաժին մը հանէր իր եղբօր եւ համայն մարդկութեան՝ նկատի ունենալով իր սկզբնական կոչումին՝ իրեօգնութեա՛ն։
Անասնական նայուածք մըն է կեանքին վրայ, երբ մէկը կը նկատէ զայն իբրեւ հաճոյքի անուշ ժամանց մը, ծաղիկի մը բոյրովը՝ ստուերի մը թեթեւ սահումովը ըմբռնուած։ Ապրելու արուեստը եւ գիտութիւնը մեր կարծածէն շա՜տ աւելի լուրջ եւ դժուարին գործ մըն է, հաւատքի եւ սիրոյ գործ մը։
Երկրաւոր զօրութիւնները կը վրդովին զմեզ, կ՚արգիլեն մեր հոգեկան ամբարձումները դէպի բարութեան Արարիչը։ Պէտք է տկարացնել մեր անձնասիրութիւնը եւ ինքնամոլութիւնը գգուող այդ ուժերը՝ որոնք երկրաւորին տենչանքը կը շեշտեն եւ կ՚ուժաւորուին մեր մէջ։ Չէ՞ որ որթատունկին կամ ծառին աւելորդ ճիւղերը կտրած ատենը, հիւթը դուրս կը ծորի եւ ծառը կ՚արցունքոտի, բայց աւելի զօրանալով գեղեցիկ եւ համեղ պտուղներ կու տայ։
Զոհողութիւնը գերազանցապէս սիրոյ օրէնքն է։ Ի՜նչ զոհեր կը ճենճերին սիրոյ աստուածային տաճարին մէջ, երբ սիրտերու խորաններու վրայ սուրբ զգացումներ կը բարձրանան խունկի բոյրերով դէպի Փրկիչը. երբ Մարիամներ, Սանդուխտներ, Հռիփսիմէներ իրենց «կուսական սէր»ը՝ արցունքներով՝ համբոյրներով Յիսուսի ոտքը կը դնեն, երբ ըստ աշխարհի տգէտ ապիկար համարուածները Փրկչին սիրովը կը դիւցազնանան, երբ անմեղ մաքուր արիւնները մարդոց ատելութեան բոցերը կը մալեն, երբ ծնողները իրենց սիրոյն գարնանային ծաղիկները մահուան աւար կու տան, երբ անբուժելի հիւանդութեան մը մատնուողներ Փրկչին սիրովը կը սնանին, եւ երբ բարձր եւ ազնիւ նպատակներու իրենց կեանքը նուիրողները՝ խաւար ժամերու մէջ Տիրոջ սիրոյն ճառագայթներով կը լուսաւորուին։
Քրիստոնէական սէրը անձին նուիրուած է հատնող մոմին պէս, որ լոյս տալու համար կը սպառէ ինքզինք։
Ո՛չ մէկ սէր առանց զոհի…
Հաւատքին աչքը սրտին վրայ է. բաւականութիւնը մասնական վայրկենական նուիրում մը ունի։ Առանց սիրոյ կեանքը դատարկ է, ապարդիւն եւ ապերջանիկ, մարդկային բոլոր կապերը թեթեւ երջանկութեամբ մը հիւսուած՝ անզօր եւ անստոյգ են, կեանքին փոթորկալից ալիքներու վրայ տարուբեր. մինչ անշահախնդիր սէրը՝ անկեղծ եւ ճշմարիտ սէրը յաւիտենական խարիսխի մը վրայ կը հանգչի։
Սէրը բարեացակամութիւն եւ ներողամտութիւն կը պահանջէ։
Ինչո՞ւ կը դատես եղբայրդ, երբ չես կրնար թափանցել անոր ուղեղի եւ սրտի բոլոր գաղտնիքներուն։ Որքա՜ն դիւրին է արտաքինով դատել եւ դատապարտել. դժուարը՝ ներքինով դատել եւ ըստ այնմ դատապարտե՛լն է, եւ ան է արդարը եւ ճշմարիտը։ Աստուծոյ մաքուր եւ պայծառ լոյսին առջեւ կրնայ սպի մը դարձած ըլլալ որեւէ իրողութիւն, ինչ որ ճշմարտութիւն համարիլ կարելի չէ՛, պէտք է սպիի պատճառ եղած վէրքը ուսումնասիրել եւ ըստ այնմ արդար որոշում տալ։
Հաւատքով եւ սիրով կը զարգանայ եւ կը կոչուի քրիստոնեայ «նոր մարդկութիւն» մը՝ ուր կը ճառագայթէ հաւատքին փառքը, եւ ուր կը ծաղկի սիրով յաջողած երանութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 14, 2026, Իսթանպուլ