ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾ

Անորոշութեան հանդէպ մարդոց հետաքրքրութիւնը ունի դարաւոր անցեալ՝ որ կրնայ հասնիմ մինչեւ նախամարդը. նոյնիսկ Ադամ եւ Եւայի գիտութեան ծառէն ուտելն անգամ հետաքրքրութեան մը արդիւնքն էր: Անորոշութիւնն է, որ մարդը դէպի բախտախաղ կ՚առաջնորդէ, որովհետեւ մարդ ինքզինք «իմաստուն» կարծելով անորոշը «կանխատեսել» ու անիմանալին գիտնալ կը ցանկայ։ Օձը նոյն այդ մօտեցումով, «կը գիտնաս», «կը շահիս» ըսելով է, որ Եւան համոզեց, իսկ Եւան, իր կարգին, ուզեց անորոշութիւնը պարզել եւ գիտնալ այն՝ ինչ Աստուած արգիլած էր: Մարդ միշտ ալ անորոշութեան դիմաց ունի որոշ հետեւողութիւններ, որոնք կրնան ճիշդ եւ նոյն հաւասարութեամբ սխալ ըլլալ։ Օրինակի համար, հիմա պատերազմական վիճակ է Միջին Արեւելքի մէջ. մին համոզուած է, որ մի քանի օրէն վերջ կը գտնէ պատերազմը, իսկ ուրիշ մը համոզուած՝ որ այս մէկը կրնայ մինչեւ իսկ համաշխարհային երրորդ պատերազմի սկիզբ դառնալ։ Նոյն դէպքերն ու երեւոյթները, սակայն, տարբեր ըմբռնումներ ու հասկացողութիւններ անյայտ ապագայի նկատմամբ: Նոյն այդ հակասութիւնը ամէ՛ն տեղ է՝ նոյնիսկ խաղատան մէջ, ուր մին կը հաւատայ, որ յաջորդ արդիւնքը կարմիր է՝ իսկ ուրիշը սեւ եւ այդ «հաւատալ»ը հիմնուած է անորոշութեան վրայ, որովհետեւ արդիւնքը միայն ու միայն ժամանակը կրնայ փաստել եւ ո՛չ համոզումը: 

Մարդ արարած մի՛շտ կ՚ուզէ աւելի իմաստուն դառնալ եւ ապագան կանխատեսելով կ՚ուզէ իր «ուժ»ը փաստել՝ այդպիսով անիմանալին իմանալի դարձուցած ըլլալով՝ անխորտակելին խորտակելու «հպարտութեամբ» լեցուելու համար, որովհետեւ մարդիկ միշտ ալ վախցած են անորոշութենէն, իսկ ուրիշներ վախնալու փոխարէն փորձած են, կը շարունակեն փորձել կանխատեսել՝ յաղթահարելու համար այն երեւոյթը, որմէ կը վախնայ մարդկութիւնը: Դարեր շարունակ այս պէտքը լրացնելու համար ի յայտ եկած են բախտագուշակներ, որոնք տարբեր խաբէութիւններով փորձած են մարդոց որոշ «ապահովութիւն» մը տալ իրենց ապագային մասին, ըսելով այն բոլորը, որ մարդկային միտքը կ՚ուզէ լսել։ Նոյն այդ ակնկալիքով է, որ մեր մէջ տարածուած է սուրճի գաւաթի նայելու սովորութիւնը, ուր մեծաւ մասամբ լաւ լուր, բախտ ու հարստութիւն կը տեսնեն մեր մեծահասակները: 

Ժամանակը՝ իր գիտութեամբ վերջ դնելով այս բոլորին, աւելիով զարգացուց եւ մարդոց մէջ նոր-նոր սովորութիւններ «ստեղծեց»։ Մարդ արարածը, որ ամբողջ կեանքը ճիշդ որոշումներ առնելով առաջնորդուելու պարտաւոր է՝ յաջողութեան հասնելու համար, սկսաւ բախտախաղի դնել իր յաջողութիւնը, որովհետեւ ներկայ ժամանակները մարդը համոզեց, որ ո՛չ թէ ճիշդ որոշումները, այլ ճիշդ բախտն է, որ մարդը յաջողութեան կ՚առաջնորդէ: Այսօր մարդկութիւնը ունի զանազան բաժանումներ եւ անոնցմէ երկուքը շատ խոցելի կը թուի մարդոց. անձ մը ամբողջ իր կեանքը արդար քրտինքով կ՚աշխատի, ամէ՛ն ճիշդ որոշումները կը կայացնէ, սակայն, քայլ մը առջեւ չի կրնար երթալ, իսկ ուրիշ մը հակառակ բազմաթիւ սխալ որոշումներու՝ որոշ հարստութեան եւ «բախտ»ի տէր կը դառնայ։ Այս մէկը շատ կարեւոր է, որովհետեւ արդի երիտասարդութիւնը այս երեւոյթը որպէս օրինակ վերցնելով՝ ճակտի քրտինքով առջեւ երթալու փոխարէն կը փորձէ այդ «բախտ»ը ստեղծել։ Անցեալին կեանքի մէջ յառաջ երթալու համար արհեստն էր կարեւորը, այսօրուան երիտասարդը հեռու է արհեստէն եւ առանց յոգնելու կ՚ուզէ «բախտաւոր» ըլլալ՝ որովհետեւ կեանքը այդ անարդար առիթը տուած է ուրիշներուն:

Ժամանակին կը կարծուէր, որ բախտախաղը մեծահարուստ մարդոց համար ստեղծուած «հաճոյք» մըն է, այսօր պատկերը հակառակն է. այո, մեծահարուստներ որպէս հաճոյք խաղադրոյք կը կատարեն, սակայն, շատ մեծ տարբերութեամբ նիւթապէս անապահովներն են, որ բախտախաղով կը զբաղին՝ որովհետեւ ունին արագ ձեւով «բախտաւոր» դառնալու երազը, որ կրնայ զիրենք փրկել այն նեղ կացութենէն՝ որուն մէջ են, առանց նկատելովւ, որ այդ բոլորը նեղ կացութիւնը շատ աւելի նեղ կը դարձնեն՝ քան հակառակը: 

Այս բոլորին վերջ տալու փոխարէն մարդկութիւնը շատ աւելի տարօրինակ տեղ կ՚առաջնորդուի։ Այսօր կեանքի մէջ ամէ՛ն բան բախտախաղ է. ստեղծուած է տարօրինակ շուկաներ, ուր մարդիկ խաղադրոյք կ՚ընեն տարօրինակ երեւոյթներու վրայ. օրինակի համար, յայտնի PolyMarket շուկան մարդոց առիթ կու տայ, որպէսզի մարդիկ գուշակեն, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր շաբաթական ելոյթի ընթացքին ո՞ր բառը պիտի արտասանէ եւ ո՞ր բառը ոչ։ Աշխարհի մէջ տակաւին կան մարդիկ, որոնք սովէն հոգի կու տան, սակայն, աշխարհի մէկ այլ անկիւնին մէջ մէկը «ջուր» բառին համար մեծ հարստութիւն մը կը դնէ՝ սպասելով, որ նախագահը իր շաբաթական ասուլիսին ընթացքին «ջուր» բառը արտասանէ: Աշխարհի մէջ կան բազմաթի՜ւ մարդիկ, որոնք նիւթական պակասի պատճառով այս կամ այն բժշկական միջամտութիւնը չեն ստանար. անդին կան մարդիկ, որոնք այդ բժշկութեան անհրաժեշտ գումարը աննպատակ աջ ու ձախ կը ցրուեն։ Այս աշխարհի մէջ լուրջ ձեւով անհաւասար վիճակ մը գոյութիւն ունի. նոյն վիճակն է նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր մէկը անօթութեամբ կը տառապի՝ իսկ ուրիշ մը հարստութեան մէջ կը խեղդուի: 

Այս բոլոր երեւոյթներուն դիմաց կարելի է ըսել միայն ու միայն Մուշեղ Իշխանի յայտնի բառերը. «Տարօրինա՜կ, տարօրինակ մարդ արարած»։ Եւ օրէ օր այդ տարօրինակութիւնը շա՛տ աւելի տարօրինակ կը դառնայ: 

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Կեանքեր կան, որոնք իրենց լրումին կը հասնին վաղաժամ, բայց իւրաքանչիւր վայրկեանը կ՚իմաստաւորուի ա՛յդ լրումով իսկ, որովհետեւ տուեալ կեանքերու վախճանն ու այդպիսի վախճանը անխուսափելի դարձնող շարժառիթները կ՚ըլլան հերոսական, անձնական:

ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026