ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԿԱՅԷ…

Բնութեան մէջ կարելի է տեսնել Աստուծոյ մեծութիւնը։ Զոր օրինակ, բուսական աշխարհին մէջ Աստուծոյ ճաշակը եւ վայելչութիւնը։ Կանանչ խոտերուն տեսակներէն սկսեալ, պտղատու եւ ոչ-պտղատու հազարաւոր ծառերու հասակներուն մէջ կարելի է նկատել Աստուծոյ վեհութիւնը, գոյնզգոյն ծաղիկներուն, անբաղդատելիօրէն գեղեցիկ բոյսերու վայելչութիւնը՝ որ Սողոմոն իսկ չունեցաւ իր հագուստներու պահարաններուն մէջ։ Պէտք է խոնարհիլ Աստուծոյ վեհութեան եւ գերիշխան մեծութեան առջեւ…

Հապա ջուրերը՝ ծովերը եւ ովկիանոսները, գետերը, լիճերը եւ ջրվէժները որմէ՞ հրահանգ կ՚առնեն, երբ ամէն մէկը իր բնատուր պաշտօնը եւ ընթացքը կը կատարէ ամենայն ճշգրտութեամբ՝ առանց շեղելու ծրագրէն։ Որովհետեւ անոնց վրայ Աստուծոյ հոգին կը շարժի եւ զանոնք կը կառավարէ եւ կը կանոնաւորէ՝ երբեմն կը բարձրացնէ, երբեմն կը ցածցնէ զանոնք։ Անդունդին շտեմարանները կրնայ բանալ եւ գոցել։

Վէմը կը պատռէ եւ մաքուր ջուր կը հոսեցնէ, ապառաժը ջուրի աղբիւրի կը վերածէ եւ մեծ ջուրերու մէջ գործողները, Անոր հրաշքները կը տեսնեն եւ գինով մարդու պէս կը դողդղան եւ կ՚երերան եւ այն ատեն Տիրոջ կ՚աղաղակեն եւ կ՚ըսեն. «Ո՛վ Տէր, ի՜նչ մեծ ես Դուն»։

Աստուած Իր գերիշխանութեամբ եւ ամենակարողութեամբ երբ հրաման կ՚արձակէ ջուրերուն եւ հողին, անոնք մեծամեծ կէտերը եւ սողունները կ՚արտադրեն, ամէն մէկը իր տեսակին եւ նպատակին համեմատ վայելչութեամբ եւ գեղեցկութեա՛մբ։

Անասնաբաններ, կենդանաբաններ եւ գիտնականներ հասարակ մարդոցմէ շա՜տ աւելի կ՚ըմբռնեն եւ խորը կը թափանցեն այս հրաշալիքներու ներքին ծալքերուն եւ կը մրմռան՝ ի՜նչ Մեծ Աստուած մըն է՝ ճշմարիտ եւ բացարձակ, իսկ ոմանք իրենց մտքերուն կուրութեան պատճառաւ կ՚ուրանան զԱյն՝ անհիմն պատճառաբանութիւններ հնարելով…

Աստուծոյ ստեղծագործութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ «մարդ» արարածին՝ որ Աստուած Ինք ստեղծեց Իր իսկ մատներով, մինչ բոլոր միւս ստեղծագործութիւնները ջուրէն եւ հողէն ստեղծուեցան Իր հրամանով։ Աստուած «ձեռային աշխատանք» ունեցաւ մարդուն վրայ, արու եւ էգ ստեղծելով, երեք բաղկացուցիչ տարրերով՝ Հոգի, Շունչ եւ Մարմին. եւ մարդը կը գոյատեւէ հազարաւոր տարիներէ ի վեր, քանի որ Գերիշխան Աստուած պատուիրեց. «Աճեցէք, շատցէք եւ երկիրը լեցուցէ՛ք»։ Եւ Աստուած նայեցաւ իր կատարած բոլոր գործերուն եւ ըսաւ. «Ամէն ինչ բարի՛ է»։ Ուստի, անքննելի են Աստուծոյ արարածները՝ որոնք իմաստութեան, գիտութեան եւ մեծութեան խորունկութիւնը ունին։

Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ խորհրդակից ըլլալ եւ թափանցել Աստուծոյ խորհուրդներուն։ Աստուծոյ գերիշխանութիւնը եւ խորհուրդները բացայայտուած են բնութեան մէջ. ամբողջ բնութիւնը կը վկայէ Աստուծոյ իմաստութեան ամենակարողութեան եւ գերիշխանութեան. այն որ կարողութիւնը ունի բնութեան խորհուրդներուն՝ անպայման կը ճանչնայ եւ կը հաւատա՛յ Աստուծոյ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 17 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2026